Որոնել

2023.05.13 Presentazione delle Lettere Credenziali degli Ambasciatori di Islanda, Bangladesh, Siria, Gambia, Kazakhstan

«Դեսպանը կամուրջներ կառուցող եւ յոյսի տիպար է» Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Աթոռի մօտ նորանշանակ դեսպաններու մէկ խումբին

«Շարունակելով հաւատարմօրէն ծառայել իր ծագման երկրին, դեսպանը կը փորձէ մէկ կողմ թնել աւելորդ յոյզերը և յաղթահարել արմատացած դիրքերը՝ գտնելու ընդունելի լուծումներ», ըսաւ ապա Սրբազան Պապը դժուար համարելով այս պարտականութիւնը բայց եւ այնպէս անհրաժեշտ նկատելով Դեսպաններուն երկխօսութիւն խթանող դերը` նա մանաւանդ այսօրուայ համաշխարհային իրավիճակին ի տես։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 13 մայիսին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպումներու պաշտօնական օրակարգը սկսաւ առաքելական Պալատէն ներս ընդունելով նախ Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Գերապ. Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեվոսթը ապա Իսլանդայի, Պանկլատէշի, Սուրիոյ, Կամպիայի եւ Ղազախստանի Սուրբ Աթոռի մօտ նորանշանակ դեսպանները, անոնց հաւատարմագիրերու ներկայացումին առիթով։

Քահանայապետը յատուկէն յիշեց Սուրիացի ժողովուրդը

Դիւանագէտներուն ուղղած իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը նախ բարի գալուստ մաղթեց անոնց խնդրելով` որ իր ողջոյնները փոխանցեն իրենց Պետութիւններու Ղեկավարներուն, ապա յատուկէն յիշեց Սուրիացի ժողովուրդը, որ «տակաւին վերականգնումի ճանապարհին վրայ է, վերջերս տեղի ունեցած ահեղ երկրաշարժի հետեւանքներէն, շարունակական տառապանքներուն մէջ, որոնք պատճառուած են զինեալ հակամարտութենէն», ըսաւ Ան։

Մտածել աշխարհի ներկայ իրականութեան մասին

Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց ապա նայիլ աշխարհի ներկայ կացութեան, մտածել Սուտանի, Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութեան, Միանմարին, Լիբանանին, Երուսաղէմին, որոնք դիմագրաւեցին անկարգութիւններ եւ բախումներ, Հայիթիին` որ կը շարունակէ ապրիլ ընկերային, տնտեսական ու մարդասիրական տագնապ մը, ապա Ուքրանիոյ պատերազմին, որ անասելի տառապանք ու մահ յառաջացուց, հուսկ մտածել հարկադիր գաղթականութեան ու կլիմայական փոփոխութիւններու հետեւանքներու մասին, ինչպէս նաեւ աղքատութեան` որուն թիրախ են բազմաթիւ եղբայրներ եւ քոյրեր, ըմպելի ջուրին, հիմնական առողջապահական խնամքի, դաստիարակութեան ու աշխատանքի պակասը…

Ե՞րբ դաս պիտի գաղենք պատմութենէն

«Այս բոլորը մեզի ցոյց կու տան ընդհանուր տնտեսական համակարգի մէջ աճող անհաւասարութիւնը» ըսաւ Քահանայապետը, հարց տալով, թէ «ե՞րբ մենք պիտի սորվինք պատմութենէն...Ե՞րբ պիտի սորվինք, որ մարդոց բարօրութեան վրայ ներդրում կատարելը միշտ աւելի լաւ է քան մահացու զէնքերու արտադրութեան վրայ ներդրումները։ Ե՞րբ պիտի սորվինք, որ տնտեսական, սոցիալական ու անվտանգութեան հարցերը միշտ իրարու փոխկապուած են։ Ե՞րբ պիտի սորվինք, թէ մենք միակ մարդկային ընտանիք մըն ենք, որ կարող է բարգաւաճիլ միայն երբ կայ յարգանք անոր անդամներուն միջեւ…»։

Մաս մաս համաշխարհային երրորդ պատերազմը

«Մինչեւ այն պահը, որ մենք չհասնինք այս գիտակցութեան, պիտի շարունակենք ապրիլ այն ինչ որ ես սահմանեցի մաս մաս կատարուած երրորդ համաշխարհային պատերազմ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով նաեւ աշխարհի մէջ մարդկութեան արձանագրած գնահատելի զարգացումներուն յատկապէս արհեստագիտական ու գիտութեան մարզէն ներս, որոնք սակայն պէտք է հասանելի ըլլան եւ անոնցմէ օգտուին բոլոր մարդիկը։

Մնալ լաւատես ու վճռակամ

«Միեւնոյն ժամանակ պէտք է մնանք լաւատես ու վճռակամ, հաւատալով որ մարդկային ընտանիքը կարող է դիմագրաւել ժամանակակից մարտահրաւէրները» յարեց ապա Սրբազան Պապը, նշելով` որ «դեսպանին դերն ու ծառայութիւնը հին ու ազնիւ ծառայութիւն մըն է»։

Դեսպանը յոյսի տիպար` երկխօսութեան մարդ

«Դեսպանը կամուրջներ կառուցող է։ Ան կարող է ըլլալ յոյսի տիպար մը։ Յոյս` որ հիմնուած է մարդկութեան բարութեան վրայ։ Յոյս` որ կարելի է միասնական տարածք մը ունենալ, տրուած ըլլալով որ մաս կը կազմենք միեւնոյն մարդկային ընտանիքին։ Յոյս` որ հակամարտութիւն մը կանխելու ու զայն խաղաղօրէն լուծելու համար կան կարելիութիւններ։ Յոյս` որ խաղաղութիւնը անիրականալի երազ մը չէ»։

«Շարունակելով հաւատարմօրէն ծառայել իր ծագման երկրին, դեսպանը կը փորձէ մէկ կողմ թնել աւելորդ յոյզերը և յաղթահարել արմատացած դիրքերը՝ գտնելու ընդունելի լուծումներ», ըսաւ ապա Սրբազան Պապը դժուար համարելով այս պարտականութիւնը բայց եւ այնպէս անհրաժեշտ նկատելով Դեսպաններուն երկխօսութիւն խթանող դերը` նա մանաւանդ այսօրուայ համաշխարհային իրավիճակին ի տես։

Սուրբ Աթոռին առաքելութիւնը

Նորին Սրբութիւնը ճառին վերջին մասը յատկացուց Սուրբ Աթոռի դերակատարութեան ու անոր առաքելութեան ու յանձնառումին` «պաշտպանելու իւրաքանչիւր մարդու անձեռնմխելի արժանապատուութիւնը, նպաստելու ընդհանուրի բարիքին և խթանելու մարդկային եղբայրութիւնը բոլոր ժողովուրդներուն միջև»:

«Այս նպատակները իրականացուած են ոչ թէ քաղաքական, տնտեսական կամ զինուորական նպատակներ հետապնդելով, այլ` դրական չէզոքութեան կիրառումով», հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը ներկաներուն ապահովեցնելով Պետական Քարտուղարութեան ու Սուրբ Աթոռի այլ Վերատեսչութիւններուն համագործակցութեան պատրաստակամութիւնը` «բաց եւ ազնիւ երկխօսութիւն հաստատելու ու միասնաբար համագործակցելու` ի սպաս մարդկային ընտանիքի բարելաւման»։

Ան ապա խօսքը աւարտեց ներկաներուն, անոնց ընտանիքներուն, համագործակիցներուն ու աշխատակիցներուն վրայ հայցելով աստուածային առատ օրհնութիւններ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2023, 09:56