Որոնել

TOPSHOT-UKRAINE-RUSSIA-CONFLICT-WAR

«Ազգերու միջեւ խաղաղութիւն` «Pacem in terris»ի վաթսուն ամեակին առիթով» համաժողովին Քահանայապետին պատգամը

Անհրաժեշտ է «բազմակողմ կառոյցներու խոր բարեփոխումը, որոնք ստեղծուեցան պետութիւններուն կողմէ, կառավարելու համար անվտանգութիւնը և երաշխաւորելու խաղաղութիւնը, բայց որոնք այժմ զուրկ են ազատութիւնէ և գործելու հնարաւորութիւնէ։ Բաւարար չէ, որ անոնք խաղաղութիւն հռչակեն, եթէ օժտուած չեն ինքնավար կարողութեամբ` խթանելու եւ իրականացնելու շօշափելի գործողութիւններ, քանի որ վտանգը կայ, որ անոնք այլեւս չդրուին հասարակաց բարիքի ծառայութեան տակ այլ դառնան լոկ կողմերու գործիքներ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 11 եւ ուրբաթ 12 Մայիսին, Հռոմի Լատերանի Քահանայապետական համալսարանին մէջ կազմակերպուած է «Ազգերու միջեւ խաղաղութիւն` «Pacem in terris»ի վաթսուն ամեակին առիթով» խորագիրով համաժողով մը, Լատերանի Քահանայապետական համալսարանի եւ Մարդկային համապարփակ զարգացումի ի սպաս ծառայութեան Վերատեսչութեան նախաձեռնութեամբ եւ յատկացուած է Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետին «Խաղաղութիւն երկրի վրայ» շրջաբերական նամակին ու այդ նամակի հրատարակութեան վաթսուն ամեակին։

Պատերազմը երբեք հարցեր չէ լուծած

Համաժողովին առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ժողովականներուն ուղղեց պատգամ մը, որուն մէջ ընդգծեց` թէ «պատերազմը երբեք սփոփանք չէ եղած մարդ արարածներու կեանքին մէջ, երբեք չէ կարողացած առաջնորդել անոնց քայլերը`  պատմութիւնը եւ ոչ ալ կարողացած է լուծել հակամարտութիւնները եւ հակառակութիւնները»։

«Պատերազմին հետեւանքները` զոհերն են, աւերները, մարդկայնութեան կորուստը, անհանդուրժողականութիւնը, մինչեւ իսկ յոյսով վաղուան նայելու կարելիութեան ժխտումը» կը հաստատէ Նորին Սրբութիւնը, դիտել տալով, թէ ընդհակառակը «խաղաղութիւնը կը մնայ համայն մարդկային ընտանիքի, իւրաքանչիւր ազգի ու անհատի հոգիին մէջ, որպէս գործնական նպատակ»։

Խաղաղութիւն կառուցելը յանձնառում կը պահանջէ

«Ահա այս է ուսուցումը, որ այսօր եւս կարող ենք քաղել Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ-ի պատգամէն։ Դրական եւ կառուցողական պատգամ մը, որ կը յիշեցնէ թէ խաղաղութիւն կառուցելը կը պահանջէ յանձնառում, քաղաքականութեան մը ստեղծումը, որ ներշնչուած ըլլայ մարդկային արժէքներէն, զոր երջանկայիշատակ Քահանայապետին շրջաբերական գիրը կ՛ամփոփէ «ճշմարտութեան, արդարութեան, սիրոյ եւ ազատութեան մէջ», կը գրէ ապա Քահանայապետը մատնանշելով որ հակառակ որ անցած են վաթսուն տարիներ բայց «մարդկութիւնը կարծես չի կրցաւ գնահատել թէ որքան կարեւոր է խաղաղութիւնը եւ որքան բարիք կը բերէ»։

Սպառազինութեան մրցավազգը վախ ու սարսափ կը յառաջացնէ

«Իշխանութեան ձգտումը, ցաւօք, տակաւին կը մնայ դատողութեան չափանիշ և է պետութիւններու յարաբերութիւններուն միջեւ գործունէութեան տարր» դիտել կու տայ Ֆրանչիսկոս Պապը, նշելով, թէ այս մէկը կը դրսեւորուի տարբեր շրջաններուն մէջ՝ կործանարար ազդեցութիւն ունենալով մարդկանց և անոնց սիրելիներուն վրայ՝ չխնայելով ենթակառուցուածքներն ու բնական կենսոլորտը։

Նորին Սրբութիւնը կը դատապարտէ ապա սպառազինութեան մրցավազքի երեւոյթը ու այդ սպառազինութեան յատկացուած մեծ գումարները նշելով, որ այդ մրցավազքը կը յառաջացնէ վախ ու սարսափ եւ կը սպառնայ անվտանգութեան, ուստի անհրաժեշտ կը դառնայ «բազմակողմ կառոյցներու խոր բարեփոխումը, որոնք ստեղծուեցան պետութիւններուն կողմէ, կառավարելու համար անվտանգութիւնը և երաշխաւորելու խաղաղութիւնը, բայց որոնք այժմ զուրկ են ազատութիւնէ և գործելու հնարաւորութիւնէ»։

Բազմակողմ կառոյցներու խոր բարեփոխումի անհրաժեշտութիւնը

«Բաւարար չէ, որ անոնք խաղաղութիւն հռչակեն, եթէ օժտուած չեն ինքնավար կարողութեամբ` խթանելու եւ իրականացնելու շօշափելի գործողութիւններ, քանի որ վտանգը կայ, որ անոնք այլեւս չդրուին հասարակաց բարիքի ծառայութեան տակ այլ դառնան լոկ կողմերու գործիքներ» կը հաստատէ Նորին Սրբութիւնը։

«Ինչպէս պարզաբանուած է շրջաբերական Նամակին մէջ պետութիւնները, որոնք իրենց բնոյթով կանչուած են ծառայելու իրենց համապատասխան համայնքներուն, պարտաւոր են գործել ազատութեան մեթոտով և արձագանքել արդարութեան պահանջներուն, սակայն գիտնալով, որ «արդարութեան կարիքներուն ընկերային իրականութեան պատշաճեցումը կարելի չէ երբեք համարել վերջնական լուծում (Pacem in Terris, 81), կը գրէ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ու պատգամը կ՛աւարտէ «համալսարանին յանձնելով պարտականութիւնը «խորացնելու խաղաղութեան ի սպաս կրթութեան մեթոտը», որ ըլլայ «գիտական կազմաւորում», որպէսզի կարելի ըլլայ բանալ նոր հորիզոններ։

Խթանել հանդիպումի մշակոյթ եւ եղբայրութիւն

«Ես վստահ եմ որ Լատերանի համալսարանին Խաղաղութեան Գիտութեան յատկացուած դասընթացքները պիտի սատարեն կազմաւորելու նոր սերունդները, որպէսզի խթանուի հանդիպումի մշակոյթը, որ հիմքն է մարդկային հասարակութեան որ ձեւաւորուած է եղբայրութեան համաձայն, որ կանոնն է` խաղաղութիւն կառուցելու գործելակերպին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2023, 11:59