Որոնել

2023.05.11 Partecipanti all'Assemblea Generale di Caritas Internationalis

Եղէ՛ք միսիոներներ, հետևեցէ՛ք Քրիստոսին․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Caritas Internationalis-ի շուրջ 400 պատուիրակները, որոնք Հռոմ կը գտնուին 22րդ կազմակերպուած Գլխաւոր Ժողովին առթիւ եւ որուն կը մասնակցին նաև Հայաստանեան Քարիթասի ներկայացուցիչները։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Հինգշաբթի 11 Մայիսի առաւօտեան ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Caritas Internationalis-ի շուրջ 400 պատուիրակները, որոնք Հռոմ կը գտնուին 22րդ կազմակերպուած Գլխաւոր Ժողովին առթիւ եւ որուն կը մասնակցին նաև Հայաստանեան Քարիթասի ներկայացուցիչները։

Բարեգործական մարմին, որ կ’արտայայտէ Եկեղեցւոյ հոգածութիւնը անտեսուածներու նկատմամբ

Անոնց ուղղած պատգամին մէջ Պապը նշած է, որ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի սարսափներն ու աւերածութիւնները մղեցին Աստուծոյ ծառայ Պիոս ԺԲ հիմնելու մարմին մը՝ արտայայտելու համար Եկեղեցւոյ հոգածութիւնն ու մտահոգութիւնը՝ աջակցելու, համակարգելու և մեծցնելու համար համագործակցութիւնը գործող բազմաթիւ այլ բարեգործական կազմակերպութիւններու միջև, որոնց միջոցաւ Տիեզերական Եկեղեցին արաքներով և խօսքերով հռչակած և վկայած է Աստուծոյ սէրը և Քրիստոսի նախասիրութիւնը աղքատներու, վերջիններու, անտեսուածներու նկատմամբ:

Հաղորդութիւնը` որպէս մեր հանդէպ Աստուծոյ սէր

«Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ցանկացաւ ընդգծել սերտ կապը, որն ի սկզբանէ կը միաւորէր Caritas Internationalis-ը եկեղեցւոյ հովիւներու և, մասնաւորապէս, Պետրոսի իրաւայաջորդի հետ։ Ան այս մէկը ըրաւ առաջին հերթին՝ վերյիշելով Եկեղեցւոյ հանդէպ սիրոյ աղբիւրը, այն պարգեւը, որով Քրիստոս ինքզինք նուիրեց իր աշակերտներուն, Վերջին ընթրիքի ժամանակ», շարունակած է Սրբազան Պապը եւ շեշտած, որ հաղորդութիւնը այն ուտելիքն ու ըմպելիքն է, որ կ’աջակցէ մեզի մեր ճամբորդութեան ընթացքին եւ Աստուծոյ այդ սէրը մեր հանդէպ վերադարձնելու համար պէտք ենք ցոյց տալ, որ հասկցած ենք Հաղորդութեան իմաստը՝ տալ ուրիշներուն այն, ինչ ստացած ենք:

Բարեսիրութիւնը` «ամենէ վսեմ ճանապարհ»

Պապը կրկնած է Սուրբ Պօղոսի խօսքերը թէ բարեսիրութիւնը «ամենէ վսեմ ճանապարհն է» (Ա Կորնթացիս 12:31) Աստուած ճանչնալու և քրիստոնէական կեանքի հիմնական բաները հասկնալու համար եւ պնդած, որ բարեսիրութիւնը, կը ստիպէ մեզի գոյութիւն ունենալ, իսկ սէրը կը բանայ մեր աչքերը՝ թոյլ տալով մեր ճանապարհին հանդիպած անծանօթի մէջ ճանչնալ եղբօր դէմքը՝ իր պատմութեամբ, որուն հանդէպ անտարբեր չենք կարող մնալ։

Կրկին յղում կատարելով Սուրբ Պօղոսին՝ Ֆրանչիսկոս Պապը նշած է, որ քրիստոնեան իր բարեսիրութիւնը կ’ապրի օգնելու պատրաստակամութեամբ՝ ժպիտը դէմքին, առանց տրտնջելու և բարկանալու, համբերատար, մեծահոգի, բարեհոգի կերպով։

«Քրիստոնեան միշտ կ’ապրի Աստուծոյ սիրոյ մէջ ընկղմուած, ան չէ պարծենար, չի փնտռեր սեփական շահը, այլ կը պարտաւորուի նպաստել դիմացինի բարիքին», շեշտած է Սրբազան Քահանայապետը։

Քարիթասը՝ միջնորդ Տիեզերական Եկեղեցւոյ և առանձին Եկեղեցիներու միջև

Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնած է Քարիթասին կատարած աշխատանքի համար եւ նշած մեր հանդէպ Աստուծոյ սիրուն վերադառնալու կարևորութիւնը, քանի որ ըստ Քահանայապետի, Caritas Internationalis-ի ինքնութիւնն ուղղակիօրէն կախում ունի այդ առաքելութենէն, որ ստացած է:

Caritas Internationalisը մտայղացուեցաւ՝ եկեղեցական հաղորդութեանը արտայայտութիւն տալու, ․․․ Տիեզերական Եկեղեցւոյ և առանձին Եկեղեցիներու միջև միջնորդը դառնալու համար՝ աջակցելով այդպիսով Աստուծոյ ողջ Ժողովուրդի բարեսիրութեան յանձնառութեանը, ընդգծած է Նորին Սրբութիւնը և ասկէ մեկնելով իր յորդորներն ուղղած Կազմակերպութեան պատուիրակներուն՝ երեք առումներով․

Ապրիլ բազմաթիւ ինքնութիւններ ամփոփող համադաշնութեան բազմազանութիւնը որպէս արժէք

«Ձեր առաջադրանքն է համագործակցիլ Տիեզերական Եկեղեցւոյ սերմանումի գործին մէջ, բարի գործերով հռչակելով Աւետարանը» եւ «յիշելով անձնական սրբութեան ճանապարհի և եկեղեցական միսիոներական դարձի միջև առկայ մտերիմ կապի մասին. Անոնք, որ կ’աշխատին Քարիթասին մէջ, կոչուած են վկայելու այս սիրոյ մասին աշխարհի առջեւ: Եղէ՛ք միսիոներներ, հետևեցէ՛ք Քրիստոսին», շեշտած է Նորին Սրբութիւնը։

«Երկրորդ, դուք կանչուած էք ուղեկցելու տեղական եկեղեցիներուն հովուական ծառայութեան բարեգործական աշխատանքի յանձնառութեան մէջ: Հոգ տանիլ գրագէտ մարդիկ պատրաստելու համար, որոնք կարող ըլլան Եկեղեցւոյ պատգամը հասցնել քաղաքական և հասարակական կեանք» շարունակած է Պապը որ վերջոյ, խորհուրդ տուած է միասնական ըլլալ՝ ապրելով բազմաթիւ ինքնութիւններ ամփոփող համադաշնութեան բազմազանութիւնը որպէս արժէք, բազմակարծութիւնը՝ որպէս կենսամիջոց:

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը աւարտած է իր պատգամը՝ Տիրոջ օրհնութիւնը անոնց վրայ բաշխելով եւ ինչպէս միշտ խնդրելով աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2023, 13:12