Որոնել

2023.05.28 Regina Caeli

«Տիրամօր յանձնենք աշխարհի մէջ բազմաթիւ ազգերու խաղաղութեան իղձը». Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը յիշեց Ալեսսանտրօ Մանծոնիի մահուան 150 ամեակը, խնդրեց աղօթել «ցիկլոնի» թիրախ Միանմարի եւ Պանկլատէշի սահմանին մօտ ապրող ժողովուրդներուն համար ապա յառաջիկայ եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի ընթացքը յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին ու Անոր յանձնեց նաեւ աշխարհի ժողովուրդներուն խաղաղութեան իղձը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 28 Մայիս 2023ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Պապը առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Ուրախ Լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքի աւարտին, ողջունեց այս առիթով Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորները յիշելով նախ անցեալ 22 Մայիսին յիշատակուած իտալական գրականութեան ամենամեծ անձնաւորութիւններէն` Ալեսսանտրօ Մանծոնիի մահուան 150 ամեակը հաստատելով թէ Ան իր գրական գործերու միջոցաւ եղաւ զոհերուն եւ վերջիններուն երգիչը։ Անոնք միշտ Աստուածային նախախնամութեան պաշտպանող ձեռքի տակ են եւ անոնց կ՛աջակցի նաեւ Եկեղեցւոյ հաւատարիմ հովիւներու մօտիկութիւնը» ըսաւ Քահանայապետը։

Աղօթք ու մօտիկութիւն Միանմարի եւ Պանկլատէշի սահմանին ապրող ժողովուրդներուն

Ան ապա հրաւիրեց աղօթել Միանմարի եւ Պանկլատէշի սահմանին ապրող ժողովուրդներուն համար, որոնք թիրախ են «ցիկլոնի» մը, որ հարուածած է 800 հազար անձ, «բացի Ռոհինճա ցեղախումբին պատկանող անձերէն, որոնք արդեն կ՛ապրին անկայուն պայմաններու մէջ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր մօտիկութիւնը արտայայտելով տուժածներուն եւ կոչ ուղղելով Պատասխանատուներուն` որպէսզի դիւրացնեն մարդասիրական օգնութիւններուն հասանելիութիւնը եւ կոչ ուղղեց նաեւ մարդկային եւ եկեղեցական զօրակցութեան զգացումին օգնութեան հասնելու համար այդ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն։

Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսին համար աղօթք

Քահանայապետը հուսկ ողջունեց զանազան երկիրներէն Վատիկան ժամանած ուխտաւորները ապա յիշեց թէ յառաջիկայ չորեքշաբթի օր, Աստուածամօր նուիրուած Մայիս ամսուայ աւարտին, համայն աշխարհի Մարեմեան սրբավայրերուն մէջ նախատեսուած են աղօթքի պահեր ի պատրաստութիւն Եպիսկոպոսներու Սովորական սիւնհոդոսին։

Խաղաղութեան իղձը

«Սուրբ Կոյս Մարիամէն խնդրենք որ իր մայրական հովանիով ընկերանայ Սինոդի այս կարեւոր հանգրուանին։ Անոր կը յանձնենք նաեւ համայն աշխարհի մէջ բազմաթիւ ազգերու խաղաղութեան իղձը ու յատկապէս մարտիրոս Ուքրանիայինը» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ողջոյնի խօսքը եզրափակեց բոլորին մայթելով բարի կիրակի եւ ինչպէս միշտ խնդրելով, որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2023, 12:24