Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին 2023ի Զատկական «Ուրպի էթ Օրպի» պատգամը 100 հազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ

«Ներշնչէ Տէր` ազգերու պատասխանատուները, որպէսզի ոչ մէկ այր մարդ կամ կին, ենթարկուի խտրականութեան ու ոտնակոխուի անոր արժանապատւութիւնը. Եւ, որպէսզի մարդկային իրաւունքի եւ ժողովրդավարութեան լիակատար յարգանքով բուժուին ընկերային վէրքերը, միշտ և միայն փնտռուի քաղաքացիներուն ընդհանուր բարիքը, երաշխաւորուի անվտանգութիւնն ու երկխօսութեան ու խաղաղ համակեցութեան համար անհրաժեշտ պայմանները»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր Քրիստոս Յարեաւ։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Պապը սկսաւ 2023ի Ուրպի էթ Օրպի պատգամը, զոր արտասանեց Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի կեդրոնական պատշգամէն, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած սուրբ պատարագէն ետքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 45 հազարէ աւելի հաւատացեալներ, մինչ «Ուրպի էթ Օրպի»  - Հռոմի ու համայն աշխարհաին - արարողութեան ընթացքին, գնահատուած է  հարիւր հազար հաւատացեալներու ներկայութիւնը։ 

Տէրը աշխարհին յարութիւնն ու կեանքն է

«Այսօր մենք կը հռչակենք թէ Ան` մեր կեանքին Տէրը, աշխարհին «յարութիւնն ու կեանքն» է (Յովհ. 11,25)։ Զատիկ կը նշանակէ «անցք». Որովհետեւ Յիսուսին միջոցաւ կատարուեցաւ մարդկութեան վճռական անցքը` մահէն դէպի կեանք, մեղքէն դէպի շնորհք, վախէն դէպի վստահութիւն, ամայութենէն դէպի հաղորդութիւն» ըսաւ ապա Քահանայապետը եւ «ուրախութիւնը սրտին մէջ», բոլորին մաղթեց «Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ» այն յոյսով, որ «Զատիկը ըլլայ անցք տառապանքէ դէպի մխիթարութիւն` իւրաքանչիւրին համար ու մասնաւորապէս հիւանդներուն եւ աղքատներուն, տարեցներուն եւ անոնց` որոնք կ՛ապրին փորձանքի պահեր»։

Տէրը մեզի բացաւ դէպի կեանք տանող կամուրջ մը

«Մենք առանձին չենք։ Յիսուս` Կենդանին, մշտապէս մեր հետն է։ Թող ուրախանան Եկեղեցին ու աշխարհը, որովհետեւ այսօր մեր յոյսերը այլեւս չեն խորտակուիր մահուան պատին վրայ, որովհետեւ Տէրը մեզի բացաւ դէպի կեանք տանող կամուրջ մը» հաստատեց Քահանայապետը։ «Այո սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Զատկուան օրը աշխարհին ճակատագիրը փոխուեցաւ» աւելցուց Ան ապա Արեւելեան Եկեղեցիներուն Զատկական մաղթանքը կրկնելով ըսաւ «Քրիստոս յարեաւ, իրապէս յարեաւ», դիտել տալով, որ «այդ իրապէսը` մեզի կ՜ըսէ, թէ յոյսը պատրանք չէ այլ ճշմարտութիւն։ Եւ թէ յոյսով յատկանշուած մարդկութեան ուղեւորութիւնը Զատիկէն ասդին, կ՛ընթանայ աւելի արագ»։

Զատիկին` երթը կը դառնայ վազք

«Զայն մեզի ցոյց կու տան Յարութեան առաջին վկաները իրենց օրինակով։ Աւետարանները կը պատմեն այն շտապութեան մասին, որով Զատկուան օրը «կիները վազեցին աշակերտներուն տալու աւետիսը» (Մատթ. 28,8)։ Կիներէն ետք Յովհաննէսն ու Պետրոսը եւս շտապեցին դէպի Յիսուսին գերեզմանը։ Ապա գիշերը Էմմաւուսի ճամբուն վրայ երկու աշակերտները հանդիպելով Յարուցեալին «նոյն ժամուն երուսաղէմ դարձան»...Այս նոյն ուրախութիւնն է, որով Պետրոսը Գալիլիոյ լիճին ափին ի տես յարուցեալ Յիսուսին չկրցաւ ինքզինք զսպել նաւուն վրայ եւ նետուեցաւ ջուր արագօրէն լողալով դէպի Յիսուսը»։

«Ուստի Զատիկին` երթը կը դառնայ վազք» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։ «Որովհետև մարդկութիւնը կը տեսնէ իր ուղեւորութեան նպատակակէտը, իր ճակատագրին իմաստը` Յիսուս Քրիստոս։ Մարդկութիւնը կոչուած է արագացնելու քայլերը Անոր հետ հանդիպելու համար` Ան աշխարհին յոյսը» նշեց Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւէր ուղղելով, որ մենք եւս արագացնենք քայլերը փոխադարձ վստահութեան ուղեւորութեան մը մէջ, վստահութիւնը անհատներուն միջեւ, ազգերու միջեւ, Պետութիւններու միջեւ» յարեց Ան խրախուսելով «թոյլ տալ զարմանալ Զատկուայ ուրախալի աւետիսով, լոյսով` որ «կը լուսաւորէ խաւարն ու մթութիւնը, որոնց մէջ շատ յաճախ պարուրուած է աշխարհը»։

«Շտապենք յաղթահարելու համար հակամարտութիւններն ու պառակտումները և բանալու մեր սրտերը անոնց` որոնք աւելիով կարիքաւոր են: Շտապենք քալելու համար խաղաղութեան և եղբայրութեան ճանապարհներով: Ուրախանանք յոյսի շօշափելի նշաններով, որոնք մեզի կը հասնին շատ մը երկիրներէն՝ սկսեալ անոնցմէ, որոնք օգնութիւն և հիւրընկալութիւն կ՛ առաջարկեն պատերազմներէն և աղքատութիւնէն փախչողներուն» մատնանշեց Նորին Սրբութիւնը:

Տէր օգնէ մեզի, որպէսզի վազենք դէպի Քեզ

«Ճամբուն երկայնքին սակայն տակաւին կան բազմաթիւ խոչընդոտներ, որոնք դժուար կը դարձնեն մեր շտապողականութիւնը դէպի յարութիւն առած Տէրը: Անոր կ՛ուղղենք մեր աղերսը. օգնէ մեզի, որպէսզի վազենք դէպի Քեզ։ Օգնէ` որպէսզի բանանք մեր սրտերը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապա եւ շարունակեց.

Ուքրանիա, Ռուսաստան

«Օգնէ սիրելի ուքրանացի ժողովուրդին, դէպի խաղաղութիւն ուղեւորութեան մէջ, եւ տարածէ Զատկական լոյսը ռուս ժողովուրդին վրայ։ Սփոփէ վիրաւորները եւ անոնք, որոնք կորսնցուցին իրենց սիրելիները, պատերազմի պատճառաւ, եւ այնպէս ըրէ, որ բանտարկեալները ողջ առողջ վերադառնան իրենց ընտանիքներուն մօտ։ Բաց սիրտը միջազգային համայն հասարակութեան, որպէսզի աշխատի վերջ դնելու համար այս պատերազմին եւ բոլոր այն հակամարտութիւններուն, որոնք աշխարհը կ՛արիւնէն, սկսեալ Սուրիայէն, որ տակաւին կը սպասէ խաղաղութիւնը»։

Թուրքիոյ, Սուրիոյ երկրաշարժը` Երուսաղէմ քաղաքը

«Թիկունք կանգնիր Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ ուժգին երկրաշարժէն տուժածներուն։ Աղօթենք անոնց համար, որոնք կորսնցուցին հարազատներ ու բարեկամներ եւ մնացին անտուն, թող անոնք մխիթարութիւն գտնեն Աստուծմէ եւ օգնութիւն` ազգերու ընտանիքէն», յարեց Քահանայապետը եւ «Երուսաղէմ քաղաքը, Տիրոջ Յարութեան առաջին վկան, յանձնեց Անոր»։

«Լուրջ մտահոգութիւն կ՛արտայայտեմ այս օրերու յարձակումներուն համար, որոնք կը սպառնան վստահութեան ու փոխադարձ յարգանքի ցանկալի մթնոլորտին, որ անհրաժեշտ է վերսկսելու համար երկխօսութիւնը ընդմէջ Իսրայէլացիներուն եւ Պաղեստինցիներուն, որպէսզի խաղաղութիւնը իշխէ Սուրբ Երկրին ու համայն տարածաշրջանին մէջ»։

Լիբանան

«Օգնէ Տէր Լիբանանին, որ տակաւին կը փնտռէ կայունութիւնն ու միութիւնը, որպէսզի յաղթահարէ բաժանումները եւ բոլոր քաղաքացիները միասին աշխատին Երկրին միասնական բարիքին համար»։

Թունիզ

«Մի մոռնար Թունիզի սիրելի բնակչութիւնը, յատկապէս երիտասարդները եւ անոնք` որոնք կը տառապին ընկերային եւ տնտեսական հարցերու բերումով, որպէսզի չկորսնցնեն յոյսը եւ համագործակցին կառուցելու համար եղբայրութեան եւ խաղաղութեան ապագայ մը»։

Հայիթի

«Հայեացքդ ուղղէ Հայիթիի վրայ, որ տարիներէ ի վեր կը տառապի ընկերաքաղաքական եւ մարդասիրական ծանր տագնապէ մը եւ աջակցիր քաղաքական դերակատարներուն ու միջազգային հասարակութեան, որպէսզի վերջնական լուծումներ գտնեն բազմաթիւ հարցերուն համար, որոնցմէ կը տառապի ժողովուրդը»։

Եթովպիա, Հարաւային Սուտան, Քոնկօ

«Ամրապնդէ Եթովպիայի և Հարաւային Սուտանի մէջ ձեռնարկուած խաղաղութեան և հաշտեցման գործընթացները և թող դադրի բռնութիւնը Քոնկոյի Ժողովրդավարական ​​Հանրապետութեան մէջ»։

Նիքարակուա, Էրիթրէա

«Աջակցիր, Տէր, քրիստոնեայ հասարակութիւններուն, որոնք այսօր, յատուկ հանգամանքներու մէջ, կը տօնախմբեն Սուրբ Զատիկը, ինչպէս Նիքարակուան եւ Էրիթրէան, եւ յիշէ բոլոր անոնք` որոնց արգիլուած է ազատօրէն դաւանիլ իրենց հաւատքը։ Մխիթարութիւն շնորհէ միջազգային բռնութիւններու զոհերուն, մասնաւորապէս Պուրքինա Ֆազոյի մէջ, Մալիի, Մոզամպիքի եւ Նիճերիոյ մէջ»։

Միանմար

«Օգնէ Միանմարին, որպէսզի քալէ խաղաղութեան ճանապարհներու վրայ եւ լուսաւորէ պատասխանատուներուն սրտերը, որպէսզի նահատակուած Ռոհինճաները գտնեն արդարութիւնը»։

Մխիթարութիւն խոցելիներուն

«Մխիթարէ փախստականները, տեղահանները, քաղաքական բանտարկեալներն ու գաղթականները, մասնաւորապէս աւելիով խոցելիները ու նաեւ անոնք` որոնք կը տառապին անօթութեան, աղքատութեան, թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութեան, մարդավաճառութեան և ստրկութեան բոլոր ձևերու վնասակար հետևանքներէն»։

«Ներշնչէ Տէր` ազգերու պատասխանատուները, որպէսզի ոչ մէկ այր մարդ կամ կին, ենթարկուի խտրականութեան ու ոտնակոխուի անոր արժանապատւութիւնը. Եւ, որպէսզի մարդկային իրաւունքի եւ ժողովրդավարութեան լիակատար յարգանքով բուժուին ընկերային այս վէրքերը, միշտ և միայն փնտռուի քաղաքացիներուն ընդհանուր բարիքը, երաշխաւորուի անվտանգութիւնն ու երկխօսութեան ու խաղաղ համակեցութեան համար անհրաժեշտ պայմանները»։

Արագացնենք յոյսի եւ սրտի բաբախիւնը

«Եղբայրներ՛ր, քոյրե՛ր, մենք ալ վերագտնենք ուղեւորութեան համը, արագացնենք յոյսի սրտի բաբախիւնը, համտեսենք դրախտի գեղեցկութիւնը» հրաւէր ուղղեց Քահանայապետը:

«Հաւաքենք մեր ուժերը, որպէսզի յառաջ երթանք բարիին մէջ հանդիպելու համար Բարիին, որ երբեք հիասթափ չթողուր։ Եւ այնպէս ինչպէս գրեց Նինվէյի Սուրբ Սահակը` «Ամենամեծ մեղքը այն է` չհաւատալ Յարութեան ուժականութեան»։

Խաղաղութիւն ձեզի

Այսօր կը հաւատանք. Այո վստահ ենք` Քրիստոս իրապէս յարեաւ։ Քեզի կը հաւատանք Տէր Յիսուս, կը հաւատանք, որ քու հետդ յոյսը կը վերածնի, ուղեւորութիւնը կը շարունակուի։ Դուն կեանքի Տէրը, քաջալերէ մեր ուղեւորութիւնները եւ այնպէս ինչպէս ըրիր աշակերտներուն հետ Զատկուան գիշերը մեզի ալ կրկնէ. «Խաղաղութիւն ձեզի, Խաղաղութիւն ձեզի,Խաղաղութիւն ձեզի» (Յովս. 20,19.21)։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/04/2023, 12:19