Որոնել

2022.02.18 Patriarchi e Arivescovi Maggiori delle Chiede Orientali Cattoliche

Արեւելեան Եկեղեցիներ. Ֆրանչիսկոս Պապ ջնջեց 80 տարեկանը բոլորած եպիսկոպոսներուն ընտրական Սիւնհոդոսի մասնակցելու իրաւունքը

17 ապրիլին հրապարակուած Քահանայապետական ինքնագիր նամակով մը դադրած կը համարուի 80 տարեկանը բլորած եպիսկոպոսներուն իրաւունքը` մասնակցելու Արեւելեան Եկեղեցիներու պատրիարք ու եպիսկոպոս ընտրող սիւնհոդոսական նիստերուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 17 ապրիլին լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 16 ապրիլ 2023 թուակիր ինքնագիր նամակ մը, հայող Արեւելեան Եկեղեցիներու մէջ ութսուն տարեկանը բոլորած եպիսկոպոսներուն ու անոնց սիւնհոդոսական նիստերու մասնակցութեան իրաւունքին։

Քահանայապետը արդարեւ, խորհրդակցելով Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատսեչութեան հետ եւ ի տես Միջին Արեւելքի Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Պատրիարքներուն ներկայացուցած խնդրանքին, փոփոխութիւններ ներմուծեց Արեւելեան Եկեղեցիներու կանոնադրութեան մէջ հրահանգելով, որ դադրի ութսուն տարեկանը անց եպիսկոպոսներուն սիւնհոդոսի մասնակցութեան իրաւունքը, հետեւաբար, նոր եպիսկոպոսներ եւ պատրիարք ընտրելու իրաւունքը։

Սրբազան Պապը փոփոխութիւններ ներմուծեց Արեւելեան Եկեղեցիներու կանոնագիրքի 66, 102, 149 եւ 183 կանոններուն մէջ, որոնք ուժի մէջ կը մտնեն ինքնագիր նամակին հրատարակութենէն մէկ ամիս ետքը։

Արդարեւ այդ յօդուածներուն մէջ կը կարդանք, թէ Պատրիարքի ընտրութեան համար ձայն ունին միայն այն եպիսկոպոսները, որոնք մաս կը կազմեն Պատրիարքական Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսին հիմնուելով կանոնադրութեան 102րդ կանոնին վրայ, ուր կը կարդանք, թէ «Բացի Պատրիարքներէն եւ տակաւին պաշտօնի վրայ Թեմական եպիսկոպոսներէն, ութսուն տարեկանը թեւակոխած եպիսկոպոսները կը կորսնցնեն իրենց խորհրդակցական քուէարկութեան իրաւունքը, Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսէն ներս, ինչպէս նաև պատրիարքներու, եպիսկոպոսներու ընտրութեան իրաւունքը ու նաեւ 149-րդ կանոնին մէջ նշուած պաշտօններու թեկնածուներուն ընտրութեան իրաւունքը»։

Ինքնագիր նամակին մէջ նշուած է նաեւ, թէ «որոշ հարցերուն քննարկումին համար, Պատրիարքը` ըստ ինքնուրոյն եկեղեցւոյ կանոնին եւ մնայուն սիւնհոդոսի համաձայնութեամբ, կարող է ժողովին հրաւիրել այլ անձինք, մասնաւորապէս ոչ Եպիսկոպոս առաջնորդներ եւ մասնագէտներ, որպէսզի ժողովական եպիսկոպոսներուն փոխանցեն իրենց գաղափարները»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2023, 12:09