Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  Խմբագրական

Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետութեան 10-րդ տարեդարձին առիթով խմբագրական

13 մարտ 2013ին, երեկոյեան, Խորխէ Մարիօ Պերկոլիօ առաջին անգամուան համար յայտնուեցաւ Սուրբ Պետրոսի տաճարի պատշգամէն՝ սպիտակ զգեստով

Վատիկան Նիուզ - Հայկական բաժանմունք

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան «Նիուզ»ի խմբագրական կազմի ընդհանուր տնօրէն տիար Անտրէա Թորնիելլի եւ Օսրեվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթի տնօրէն, տիար Անտրէա Մոնտա միասնական խմբագրականով մը շնորհաւորեցին Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետ ընտրուելու տասներորդ տարեդարձը։ Խմբագրականին մէջ նշուած է.

13 մարտ 2013ին, երեկոյեան, Խորխէ Մարիօ Պերկոլիօ առաջին անգամուան համար կը յայտնուի, Սուրբ Պետրոսի տաճարի պատշգամէն՝ սպիտակ զգեստով։

Իր վաստակաւոր նախորդին համար սիրալիր յարգալիր բարեւին հետ միասին, անոր սկզբնական ողջոյնի մէջ արդեն կային հովուապետի որոշ ակնառու յատկանիշներ. Հռոմի եպիսկոպոս ըլլալու ընդգծումը, եկեղեցի «որ եղբայրսիրութեամբ կը նախագահէ բոլոր եկեղեցիները» Աստուծոյ հաւատարիմ ժողովուրդի կեդրոնական դիրքը, որուն համար Նոր Հովիւը Աստուծոյ օրհնութիւնը խնդրեց, նախ քան որ ինք օրհնէ, Աղօթք աշխարհի մէջ մեծ եղբայրութեան համար, որ աւերուած է անարդարութիւններէ, բռնութիւններէն եւ պատերազմներէ։

Յաջորդ օրերուն, Քահանայապետը բացատրեց որդեգրած իր անունին իմաստը, զայն կապելով Աղքատ եկեղեցւոյ եւ աղքատներու համար երազին հետ։ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզզացին կ՝ըսէր« աղքատութեան մարդը, խաղաղութեան մարդը, սիրոյ մարդն է, որ կը պահպանէ ու կը սիրէ արարչագործութիւնը»։

Մի քանի ամիս վերջ միեւնոյն տարուան նոյեմբեր ամիսը, Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց Evangelii gaudium, առաքելական նամակը, քահանայապետութեան իսկական ճանապարհային քարտէսը, խնդրելով քրիստոնեաներէն իրենց կեանքով վկայելու աւետարանի ուրախութիւնը, տարածելու համար ամէն ուրեք յատուկէն անոր, որ կը տառապի Աստուծոյ քնքշութիւնն ու մօտիկութիւնը որ կը ներէ, կ՝ընդունի եւ կ՝ողջագուրէ։

Տասը տարիներ ետք, մենք մեզի հարց տուինք, ինչպէս տօնախմբել այս տարեդարձը Վատիկանի լրատուամիջոցներու ներքեւ ու մեր երկխօսութենէն միտք յառաջացաւ, թէ մենք պէտք չէ այնքան խօսիլ Ֆրանչիսկոս Պապին մասին այլ տեղ տալ այն իրողութիւններուն, որ իր վկայութիւնն ու վարդապետութիւնը յառաջացուցին կամ կ՝օգնեն աճելու։ Հետեւաբար որոշեցինք խօսք տալ վկաներուն՝ աշխարհի ամենատարբեր իրավիճակներուն մէջ։

Ձայն տալ Անոր, որ ամէն օր կը ճանչնայ Նազովրեցիին դէմքը, տառապողներուն, մեկուսացեալներուն եւ հեռաւորներու մէջ։ Անոր որ կը պատմէ պզտիկ եւ մեծ պատմութիւններ, որոնք կը փաստեն սիրոյ անզեն մեծ սէրը եւ ներումի հրաշքը ատելութեան եւ անտարբերութեան միջավայրերուն մէջ։

Իւրաքանչիւրը անոնցմէ նկարագրեց հովուապետութեան գլխաւոր նիւթերու մէկուն արձագանգը ստեղծելով մոզայիք մը, որ կ՝արթնցնէ յոյսը։ Յոյս մը, որ կարելի է՝ հակառակ շատ մը խաւար նշաններուն, որոնց ցաւօք ականատես կ՝ըլլանք, որոնցմէ առաջինը մարդկութեան համար ինքնաոչնչացման անշօշափելիի վտանգը։

Վկաներուն ձայն տալը մեզի թուեցաւ ամենայարմար միջոցը Աստուծոյ ժողովուրդին հետ համահունչ ըլլալու համար, որ ֆրանչիսկոս Պապին կը սիրեն ու կ՝աղօթեն իրեն համար։ Այդ ժողովուրդը կը հետեւի Պապին ու իրեն հետ միասին Յիսուսի կը դիմեն Պետրոսի խօսքերով, ճանչնալով յոյսի եւ վկայութեան աղբիւրը. Դուն Քրիստոսն ես,Կենդանի Աստուծոյ Որդին։ Ad multos annos Santo Padre! »
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/03/2023, 08:00