Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մարզիկներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մարզիկներուն հետ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ.«Մարզանքը կեանքի փոխաբերութիւն է»։

Վատիկանի մարզիկներու խմբային աշխատանքն ու գործակցութիւնը կրնայ օրինակ դառնալ Քուրիայի վերատսեչութիւններու աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Վատիկանի Պետութեան աշխատանքներու մէջ։ Մարզանքը կեանքի փոխաբերութիւն է։

Վատիկան Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 9 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց սիրողական մարզանքի «Մարզանք Վատիկանի մէջ» կոչուած ընկերակցութեան անդամները՝ Վատիկանի ֆութպոլի առաջնութեան հիմնադրութեան 50-րդ ամեակի առթիւ։

Ողջոյնի խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ յիշելով 1972 թուականին՝ 50 տարի առաջ Վատիկանի ֆութպոլի առաջնութեան հիմնադրութիւնը, նշեց թէ այդ փորձառութիւններէն սկսեալ ինչպէս նաեւ անկէ առաջ 1521 թուականին, Լեւոն Ժ Պապին ներկայութեամբ «Պելվետերէ» փակին վրայ խաղցուած ֆութպոլի խաղէն ետք կազմուեցաւ ներկայի ընկերակցութիւնը, որ կը ներառէ այլ մարզական ձեւեր։

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, որ Ֆութպոլի մրցումներու ժամանակ, զօրակցութիւն ցուցաբերելու համար կատարուած ճամբորդութիւններուն ընթացքին, Վատիկանի մարզիկները կանչուած են վկայելու իրենց կապը Սուրբ Աթոռին հետ ու ասոր համար իր խորհրդածութիւնը կը կեդրոնացնէ Սուրբ Պօղոս Առաքեալին Փիլիպեցիներուն յղած նամակի վրայ «Տակաւին չեմ հասած ո՛չ նպատակիս եւ ո՛չ ալ կատարելիութեան, բայց մտադրած եմ հասնիլ, մանաւանդ որ բռնուած եմ Յիսուս Քրիստոսի» (3,12)։ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացուց մարզիկը յատկանշող երեք հիմնական կանոններու վրայ. Մարզուիլ, կարգապահութիւն եւ համոզում։

Մարզուիլ

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ մարզուելու մէջ նախ եւ առաջ մեր միտքը կ՝երթայ յոգնութեան, զոհողութեան եւ քրտինքի, սակայն հիմնականի մէջ կայ մարզանքի նկատմամբ յատուկ սէրը, անշահախնդիր սէր, որ կը կոչուի սիրողական ու կ՝արտայայտէ իր յատուկ սէրը որոշակի գործունէութեան նկատմամբ։ Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց, որ եթէ կայ այդ սիրողական կեցուածքը, հետեւաբար մրցակցութիւնը առողջ է, իսկ եթէ կը գերակայեն տարբեր տեսակի շահերը, մրցակցութիւնը կը փճանայ

Կարգապահութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ կարգապահ մարզիկ միայն ան չէ, որ կը յարգէ օրէնքները, ինչ որ կարեւոր յատկութիւն է։ Կարգապահութիւնը կը կոչուի աշակերտ, այսինքն մէկ մը, որ կ՝ուզէ սորվիլ։ Իսկական մարզիկը միշտ կը փնտռէ սորվիլ, աճիլ, եւ լաւանալ եւ դա կը պահանջէ կարգապահութիւն, այսիքն ինքն իրեն տիրելու կարողութիւն, սրբագրել քիչ թէ շատ բոլորս ունեցած բնազդը։

Համոզումը

Ֆրանչիսոկս Պապ մէջբերելով Սուրբ Պօղոսի Տիմոթէոսի ուղղած նամակէն հատուածը.« Մինչեւ վերջ պայքարեցայ բարի պայքարս, աւարտեցի վազքս, պահեցի հաւատքը» (2Տիմ 4,7) ըսաւ որ «դա՝ կոչին հաւատարիմ մնալու կատարեալ կնիքն է, նոյնիսկ մարզիկին համար» աւելցնելով, որ« մրցումին մէջ այն ինչ որ կը մղէ եւ կը յանգեցնէ լաւ արդիւնքի, համոզումն է, ներքին ուժը։ Ստուգումը չկատարուիր թուային արդիւնքին վրայ, այլ որքան հաւատարիմ ու հետեւողական եղանք մեր կոչումին» ըսաւ Սրբազան Հայրը, Ան ապա պատգամը եզրափակեց ըսելով, որ Վատիկանի մարզիկներու խմբային աշխատանքն ու գործակցութիւնը կրնայ օրինակ դառնալ Քուրիայի վերատսեչութիւններու աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Վատիկանի Պետութեան աշխատանքներու մէջ։ Մարզանքը կեանքի փոխաբերութիւն է։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը աւարտեց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը ու խնդրելով ինչպէս միշտ ամօթել իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/02/2023, 11:43