Որոնել

«Ան որ Քրիստոսին կը հետեւի կ՜ընտրէ միշտ խաղաղութիւնը». Ֆրանչիսկոս Պապ

«Աղօթենք, գործենք ու քալենք միասին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը Համամիութենական աղօթքին ընթացքին որղէս բանալի բառեր առաջարկեց «յիշողութիւնն ու յանձնառումը» հուսկ խրախուսեց զիրար սիրել սուրբ սրտով

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Այս սիրեցեալ եւ մարտիրոս երկրէն քիչ առաջ Երկինք բարձրացան բազմաթիւ աղօթքներ. Տարբեր ձայներ իրարու միացան կազմելով մէկ ձայն մը։ Միասին` որպէս Աստուծոյ սուրբ Ժողովուրդ աղօթեցինք այս վիրաւոր ժողովուրդին համար։ Որպէս քրիստոնեաներ աղօթքը առաջին եւ ամենակարեւոր բանն է, որ կոչուած ենք կատարելու, որպէսզի կարենանք լաւապէս գործել եւ քալելու ուժ ունենալ։ Քալել, գործել եւ քալել` խորհրդածենք այս երեք բառերու մասին»։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկսաւ իր քարոզը «John Garang» յուշահամալիրին մէջ կայացած համամիութենական աղօթքի ընթացքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին եւ իրենց կարգին խօսք առին Քանթըրպուրրի Առաջնորդ Արքեպիսկոպոս Ժասթին Ուելպին եւ Սքովտիայի Եկեղեցւոյ Վարիչը` Եայն Կրինշիլտսը։

Աղօթել

Աղօթքի մասին խօսելով Քահանայապետը նշեց, թէ «քրիստոնեայ հասարակութեան մեծ յանձնառումը մարդկային զարգացումի, զօրակցութեան եւ խաղաղութեան ի նպաստ ապարդիւն է առանց աղօթքի»։ Արդարեւ, ըսաւ Ան, կարելի չէ խթանել խաղաղութիւնը եթէ նախապէս դիմած չ՛ըլլանք Յիսուսին` Խաղաղութեան Իշխանին (Եսայի 9,5)։

Մի Վախնաք` սպասեցէք Տիրոջ փրկութիւնը

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ Մովսէս մարգարէին ու Իսրայէլացիներու ապրած փորձառութեան, երբ անոնք իրենց ետին ունէին թշնամիին բանակը եւ իրենց առջեւ ծովուն ջուրերը, այս մէկը նմանեցնելով Հարաւային Սուտանի ապրած ճակատագրին, երբ ան կը կատարէր առաջին քայլերը եւ յարձակման ենթարկուեցաւ մահուան ջուրերով, որ վրայ հասան աղէտալի ջրհեղեղներու պատճառաւ, ու նաեւ դաժան պատերազմական բռնութեամբ։ Այդ պահուն Մովսէս իր ժողովուրդին ըսաւ «Մի՛ վախնա՛ք, սպասեցէ՛ք ու տեսէք Տիրոջը փրկութիւնը» (Ելք 14,13)։

Աղօթքը ուժ կու տայ յառաջ ընթանալու համար

«Այս Վստահութիւնը կու գար Տիրոջ հետ միութենէն, զոր Մովսէս մշակած էր աղօթքի մէջ» յարեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով` որ աղօթելը ուժ կու տայ յառաջ ընթանալու, յաղթահարելու վախերը, եւ նոյնիսկ խաւարին մէջ տեսնելու փրկութիւնը, զոր Աստուած կը պատրաստէ մեզի համար։ Եւ Բարեխօսութեան աղօթքը, զոր յատկանշեց Մովսէսին կեանքը (տես Ելք 32,11-14), նոյնն է որուն կոչուած ենք նաեւ մենք, հովիւներ եւ Աստուծոյ Սուրբ Ժողովուրդ» , աւելցուց Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ այս մէկը անհրաժեշտ է, որպէսզի Տէրը միջամտէ այնտեղ ուր մարդիկը չեն կարող խաղաղութիւնը կառուցել» ապա հրաւէր ուղղեց որ տարբեր դաւանանքներու քրիստոնեաները իրենք զիրենք զգան միացած, որպէս միակ ընտանիք եւ պարտաւոր աղօթելու բոլորին համար։

Գործել` ի սպաս խաղաղութեան

«Աղօթենք որպէսզի Հարաւային Սուտանը, սուրբ գիրքի Աստուծոյ ժողովուրդին նման հասնի խոստացեալ երկիր» հրաւէր ուղղեց Նորին Սրբութիւնը, եւ անդրադարձաւ երկրորդ բային` «գործել» բայը, հաստատելով` որ Յիսուս մեզ կ՛ուզէ որպէս խաղաղութեան գործիչներ (Մատթ, 5,9), կ՛ուզէ, որ իր եկեղեցին ըլլայ միացած։

«Աստուծոյ խաղաղութիւնը միայն հակամարտութիւններու միջեւ զինադադար չէ այլ եղբայրական հաղորդութիւնն է, որ յառաջ կու գայ, ներումէն, հաշտութենէն» շարունակեց Ֆրանչիսկոս Պապը, խրախուսելով անխոնջ գործելու խաղաղութեան համար, զոր Յիսուսի եւ Հօր հոգին մեզ կը կոչէ կառուցել. «Խաղաղութիւնը, որ կ՛ընդելուզէ տարբերութիւնները, որ կը խթանէ միութիւնը բազմազանութեան մէջ»։

Քրիստոսին հետեւորդը կ՛ընտրէ խաղաղութիւնը

Ան որ քրիստոնեայ կը համարէ ինքզինք պէտք է ընտրէ որ կողմին կը պատկանի։ Քրիստոսին հետեւորդը կ՛ընտրէ միշտ խաղաղութիւնը, ան որ պատերազմ եւ բռնութիւն կը հրահրէ կը դաւաճանէ Տէրը եւ կ՛ուրանայ Աւետարանը։ Յիսուսին ոճը սէրն է, սիրել բոլորը։

«Սիրեցէք զիրար ինչպէս ես ձեզ սիրեցի» (Յովհ 15,12), այս է Յիսուսին պատուիրանը», հաստատեց Քահանայապետը ու հրաւիրեց ներկաները գործելու իր նպաստ եղբայրական միութեան եւ իրար օգնելու, որպէսզի խաղաղութեան պատգամը հասնի ընկերութեան, տարածելով Յիսուսին բռնութեան դէմ ոճը։

Քալել` միութեան մէջ

Նորին Սրբութիւնը հուսկ մատնանշեց երրորդ բային` քալել, ակնարկելով Հարաւային Սուտանի մէջ քրիստոնեայ հասարակութեան հաշտութեան խթանումին ի նպաստ երկար ուղեւորութեան ու շնորհակալութիւն յայտնեց այս «հաւատքի լուսաւոր վկայութեան համար»։

«Հարաւային Սուտանի համամիութենական ժառանգութիւնը թանկարժէք գանձ մըն է, Յիսուսին անունին փառաբանութիւն մը, Անոր Եկեղեցւոյ նկատմամբ սիրոյ արարք, տիեզերական օրինակ քրիստոնեաներու միութեան ուղեւորութեան համար։ Ասիկա ժառանգութիւն մըն է, որ պէտք է պաշտպանել» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը զգուշացնելով բաժանումներէն ու հրաւիրելով որ հաւատացեալներու միջեւ միութիւնը ըլլայ տիպար համայն ժողովուրդին համար։

Յիշողութիւն եւ յանձնառում

Ան ապա շեշտը դրաւ երկու բանալի բառերու վրայ` Յիշողութիւն եւ յանձնառում։ Յիշել անցեալը, քալել նախնիքներու հետքերուն վրայ անվախ, ընկալել անոնց կտակը ու յանձնառու ըլլալ քալելու դէպի միութիւնը, գործնական սիրոյ մէջ։

«Դէպի միութիւն կ՛ընթանանք երբ միասնաբար օգնութեան կը հասնինք անոր, որ ճամբուն եզերքն է, վիրաւոր եւ անտեսուած» յարեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով Հարաւային Սուտանի մէջ այս ուղղութեամբ տարուած համամիութենական աշխատանքին, ըլլայ առողջապահական մարզէն ներս, ըլլայ կրթական եւ ըլլայ բարեսիրական ասպարէզներէն ներս, շնորհակալութիւն յայտներով այդ գործին համար ու քաջալերելով, որ այդ մէկ շարունակուի, «ոչ որպէս մրցակիցներ այլ որպէս հարազատներ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Աղօթենք գործենք ու քալենք միասին

«Սիրելիներ, եղբայրներս ու ես այստեղ եկանք որպէս ուխտաւորներ։ Նոյնիսկ եթէ հեռու ենք ֆիզիկապէս միշտ ձեզի մօտիկ պիտի ըլլանք։ Աղօթենք մէկը միւսին համար ու միւսներուն հետ միասին, գործենք միասին որպէս վկաներ եւ Յիսուսի խաղաղութեան միջնորդներ, քալենք միասին նոյն ճանապարհին վրայ սիրոյ եւ միութեան գործնական քայլերով։ Եւ ամէն բանի մէջ իրար սիրենք սուրբ սրտով» (տես Ա թուղթ Պետրոսի 1,22)», եղաւ Սրբազան Պապին վերջին յորդորը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/02/2023, 18:24