Որոնել

«Մի կորսնցնէք յոյսը եւ խաղաղութիւնը կառուցելու առիթը» պատգամեց Ֆրանչիսկոս Պապը Հարաւային Սուտանի բնակիչներուն

«Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ Հռոմ կը վերադառնամ ձեզ իմ սիրտիս մէջ կրելով։ Կը կրկնեմ, դուք իմ սիրտիս, մեր սիրտերուն մէջ էք, բոլոր աշխարհի քրիստոնեաներուն սիրտին մէջն էք։ Երբե՛ք մի կորսնցնէք յոյսը։ Եւ մի կորսնցնէք խաղաղութիւնը կառուցելու առիթը։ Թող յոյսն ու խաղաղութիւնը բնակութիւն հաստատեն ձեր մէջ, յոյսն ու խաղաղութիւնը բնակութիւն հաստատեն Հարաւային Սուտանի մէջ»։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, 5 փետրուարին, Հարաւային Սուտանի առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրը, Ֆրանչիսկոս Պապ, «John Garang» յուշահամալիրին մէջ մատուցած սուրբ Պատարագի աւարտին եզրափակիչ խօսք մը ուղղեց որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Ճուպայի Արքեպիսկոպոս` Գերապայծառ Սթէֆէն Ամէյու Մարթին Մուլլայի, Հարաւային Սուտանի հանրապետութեան նախագահին, քաղաքացիական եւ կրօնական անձնաւորութիւններուն, ապա իր երախտագիտութիւնը յայտնեց իրեն վերապահուած ջերմ հիւրընկալութեան համար, ինչպէս նաեւ ճամբորդութիւնը իրականացնելու համար կատարուած աշխատանքներուն համար։

Քահանայապետին շնորհակալութիւնը հաւատացեալներուն

Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց երկրի տարբեր շրջաններէն ժամանած բազմաթիւ հաւատացեալ եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որոնցմէ շատեր յանձն առին երկար ժամերով եւ օրերով ճամբորդութիւն մը։ Սրբազան Պապը շնորհակալ եղաւ անոնց հաւատքին, համբերութեան. Բարիքին զոր կը գործեն եւ անոնց Աստուծոյ նուիրած յոգնութիւններուն համար, առանց յուսալքուելու։

Շնորհակալութիւն Հարաւային Սուտանի կիներուն

Նորին Սրբութիւնը հուսկ ակնարկեց Հարաւային Սուտանի սրբուհի` Սրբուհի Պախիթային,  «մեծ կին մը, որ Աստուծոյ շնորհքով յոյսի վերածեց կրած տառապանքը», յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու նշեց, թէ ինք որպէս բաժնեկցելիք պարգեւ կ՛ուզէ թողուլ «յոյս» բառը, նաեւ որպէս սերմ որ պտուղ կու տայ։

«Այստեղ յոյսը կնոջ նշանաբանով է եւ ասոր համար կ՜ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել եւ օրհնել այս Երկրին բոլոր կիները», ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը, յոյս բառին միացնելով այլ բառ մը` «խաղաղութիւն»։

Ընկերանալ խաղաղութեան քայլերուն

«Իմ եղբայրներուս` Ժասթինի եւ Եայնի հետ , որոնց շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ի սրտէ այստեղ եկանք եւ պիտի շարունակենք ընկերանալ ձեր քայլերուն, ի գործ դնելով ամէն բան որպէսզի անոնք ըլլան խաղաղութեան քայլեր, քայլեր դէպի խաղաղութիւն» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը հաշտութեան եւ խաղաղութեան ուղեւորութիւնը յանձնելով այլ կնոջ մը, Խաղաղութեան Թագուհի Սուրբ Կոյս Մարիամին։

Տիրամօր յանձնել խաղաղութեան դատը

«Անոր յանձնենք Հարաւային Սուտանի եւ համայն ափրիկեան ցամաքամասի խաղաղութեան դատը, ուր բազմաթիւ մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը տառապին հալածանքէ ու վտանգէ, կը տառապին հակամարտութիւններու, չարաշահումներու եւ աղքատութեան պատճառաւ։ Տիրամօր յանձնենք նաեւ աշխարհին խաղաղութիւնը մասնաւորապէս պատերազմի մէջ գտնուող երկիրները ինչպէս նահատակ Ուքրանիան» ըսաւ Սրբազան Պապը ապա խօսքը աւարտեց, ըսելով. 

Մի կորսնցնէք յոյսը եւ խաղաղութիւնը կառուցելու առիթը

«Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ երեքս ալ կը վերադառնանք մեր աթոռները, ձեզ մեր սիրտին մէջ կրելով։ Կը կրկնեմ, դուք  մեր սիրտերուն մէջ էք, բոլոր աշխարհի քրիստոնեաներուն սիրտին մէջն էք։ Երբե՛ք մի կորսնցնէք յոյսը։ Եւ մի կորսնցնէք խաղաղութիւնը կառուցելու առիթը։ Թող յոյսն ու խաղաղութիւնը բնակութիւն հաստատեն ձեր մէջ, յոյսն ու խաղաղութիւնը բնակութիւն հաստատեն Հարաւային Սուտանի մէջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2023, 09:41