Ծառայել ժողովուրդին` որպէս Աստուծոյ սիրոյ վկաներ. Ֆրանչիսկոս Պապ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Քինշասայի մէջ վերջընթեր օրը՝ Փետրուար 2ին, կէսօրին ժամը 4ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հերթական հանգրուանը Քոնկոյի Տիրամօր տաճարն էր - Cattedrale Notre Dame du Congo, ուր Ան հանդիպեց քահանաներուն, սարկաւագներուն, նուիրեալ անձանց և նորընծաներուն հետ:
«Ես անապատի մէջ էլ ճամփայ պիտի բանամ և անջուր երկրի մէջ գետեր պիտի բխեցնեմ» (43:19): Եսայի մարգարէի այս խօսքերուն վրայ հիմնուելով Ֆրանչիսկոս Պապը՝ անոնց ուղղուած իր ճառին սկիզբը նշեց, որ. «Կանչուած ենք ըլլալու այս խոստումին դրոշմը և իրականացնելու զայն Աստուծոյ սուրբ Ժողովրդի պատմութեան մէջ», ինչը առարկայական կերպով կը նշանակէ «ծառայել ժողովրդին որպէս Աստուծոյ սիրոյ վկաներ»:
Կարեկցանքի և մխիթարութեան Աստուած
Աստուած՝ Մարգարէի բերանով, կարեկցանքէն դրդուած, կ’ուզէր մխիթարել իր ժողովուրդը ողբերգական պահու մը ընթացքին, «երբ իսրայէլացիները Բաբելոն կը տարագրուէին և կը ստրկացուէին», շարունակեց Ֆրանչիսկոս Պապը միաժամանակ նկատել տալով, որ Աստուած այսօր ալ մխիթարութիւն և յոյս կ’ուզէ ապահովել իր ժողովրդին՝ քահանաներու, սարկաւագներու, կրօնաւոր կրօնաւորուհիներու և նորընծաներու միջոցաւ:
Յաղթահարել մարտահրաւէրներ
Այդ կոչումը ապրելու համար անհրաժեշտ է դիմագրաւել մարտահրաւէրներ և յաղթահարել գայթակղութիւններ, ընդգծեց ապա Նորին Սրբութիւնը և կանգ առաւ անոնցմէ երեքին վրայ. հոգևոր միջակութիւն, աշխարհիկ յարմարաւէտութիւն, մակերեսայնութիւն։
Հոգեւոր միջակութիւն
Հոգևոր միջակութեան յաղթահարման համար պէտք է գիտակցիլ, որ սպասաւորութիւնն ու առաքելութիւնը նախ և առաջ մեր ձեռքի գործը չեն և կախուած չեն միայն մարդկային կարողութիւններէ: «Այս գիտակցութենէ մղուած առաջին հերթին պէտք է աղօթել՝ ամէն օր, կանոնաւոր կերպով՝ երկար և եռանդուն ժամանակ յատկացնելով Տիրոջ հետ սրտանց հաղորդակցութեան», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա շեշտեց թէ՝
Աղօթքը մեզ ոտքի կը հանէ
«Աղօթքը մեզ կը բանայ Աստուծոյ, ոտքի կը հանէ, մեր մէջ կը ստեղծէ Աստուծոյ մօտիկութիւնը զգալու տարածք, որպէսզի Անոր Խօսքը մեր միջոցաւ հասնի բոլոր անոնց որոնց կը հանդիպինք»:
Հոգևոր միջակութիւնը յաղթահարելու միւս միջոցը, ըստ Ֆրանչիսկոսի, Տիրամօրը ուղղուած աղերսներն են, «պէտք է սորուիլ Անորմէ խորհիլ և հետևել Յիսուսին»:
Աշխարհիկ յարմարաւէտութիւն
Երկրորդ մարտահրաւէրն է՝ «յաղթել աշխարհիկ յարմարաւէտութեան գայթակղութիւնը. յարմար կեանքի գայթակղութիւնը, երբ փոքրիշատէ դասաւորուելով առաջ կ’երթանք ծուլութեամբ, մեր «հանգստութիւնը» փնտռելով և քարշ տալով մենք մեզի առանց խանդավառութեան», շեշտեց Նորին Սրբութիւնը։
Ան ապա զգուշացուց աշխարհիկութեան հետ կապուած մեծ վտանգի մը մասին՝ յատկապէս աղքատութեան համատեքստին մէջ, երբ «մեր դերը կ’օգտագործենք բաւարարելու մեր կարիքները և յարմարաւէտութիւնը», Աւետարանին ծառայելու փոխարէն կը մտահոգուինք ֆինանսներ կառավարելու կամ շահաւէտ առևտուրով և կը դառնանք «հոգիին սառը ձեւապաշտ ծառայողներ»: Ըստ Նորին Սրբութեան, խայտառակութիւն է, երբ ատիկա տեղի կ’ունենայ հոգևորականի մը կեանքէն ներս:
Մակերեսայնութիւն
Եւ, ի վերջոյ երրորդ մարտահրաւէրը՝ մակերեսայնութիւնն է, որը յաղթահարելու համար Աւետարանով պատրաստուած և այն սիրող քահանաներու և կրօնականներու կարիքը կայ, յարեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը և ընդգծեց, թէ պէտք է միևնոյն ժամանակ բաց մնալ ժամանակի անհանգստութիւններուն, դարաշրջանի աւելի ու աւելի բարդ հարցերու նկատմամբ՝ Աստուծոյ ժողովուրդին հասնելու և մխիթարելու և անոր ուղեկցելու համար: Հետեւաբար, հոգեւորականներու կազմաւորումն աւելորդութիւն չէ այլեւ ճանապարհորդութիւն է, որ պէտք է շարունակուի ողջ կեանքի ընթացքին:
Ըլլալ եղբայրութեան, խաղաղութեան վկաներ՝ արդիւնաւէտ ծառայութեան համար
Սրբազան Պապը այնուհետև նկատել տուաւ, որ ծառայութիւնը արդիւնաւէտ է, եթէ վկայութեան ընդմէջէն կ՚անցնէ, եւ լաւ քահանաներ ըլլալու համար խօսքերը կամ մտադրութիւնները չէն բաւեր: «Պէտք էք ըլլալ եղբայրութեան, խաղաղութեան վկաները, սորվելով յաղթահարել նոյնիսկ մշակոյթներու և ցեղային ծագման առանձին բնոյթները, քանի որ, ինչպէս Պենետիկտոս ԺԶ Պապը հաստատած է՝ դիմելով ափրիկեցի քահանաներուն, «խաղաղ կեանքի ձեր վկայութիւնը, ցեղային սահմաններէն դուրս, կարող է դպչիլ սրտերուն» (Առաքելական նամակ Africae munus, 108):
Ճկուիլ Աստուծոյ առջև
Ասացուածք մը կ՚ըսէ «Քամին չի կոտրեր զայն, որ ճկուիլ գիտէ», որ ցաւօք այս ցամաքամասի շատ ժողովուրդներու համար նշանակած է ճկուիլ բռնութիւններու վէրքերուն տակ, եւ այդ պատճառաւ կայ ներքին ցանկութիւն «այլևս ստիպուած չըլլալ հնազանդելու ամէնէ ուժեղի ամբարտաւանութեանը, այլևս ստիպուած չըլլալ գլուխն իջեցնել անարդարութեան լուծի տակ», ընդգծեց Ֆրանչիսկոսը և շարունակեց ըսելով, որ առածի մէջ պատմուող ճկումը դրական իմաստով հոմանիշ չէ թուլութեան, այլ ամրութեան. այդ կը նշանակէ զարգացնել հնազանդ մարդկութիւն, որ չի փակուիր ատելութեան և թշնամանքի մէջ. կը նշանակէ պատրաստ ըլլալ փոխուելու՝ առանց կառչելու սեփական գաղափարներուն և դիրքորոշումներուն:
«Եթէ մենք ճկուինք Աստուծոյ առջեւ հեզօրէն, հնազանդութեամբ Ան մեզ ողորմութեան աշխատաւորներ կը դարձնէ, Ան կը ձևաւորէ մեզ և կը դարձնէ հաշտուող մարդիկ, որոնք գիտեն, թէ ինչպէս բացուիլ և երկխօսել, ողջունել և ներել, խաղաղութեան գետեր դառնալ և հոսիլ բռնութեան չոր տափաստաններու մէջ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ճառի աւարտին ապա իր օրհնութիւնը շնորհեց բոլորին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ