Որոնել

2023.02.03 Viaggio Apostolico nella Repubblica Democratica del Congo e in Sud Sudan - Visita di cortesia al Presidente della Repubblica

Ֆրանչիսկոս Պապը հարաւային Սուտանի մէջ երկրորդ օր։

Օրակարգը կը նախատեսէ հանդիպում կղերական դասին ու տեղահաններուն հետ, ապա համամիութենական աղօթքի արարողութիւն
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 4 Փետրուարին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հարաւային Սուտանի մայրաքաղաք Ճուպայի մէջ երկրորդ օրուայ յայտագիրը սկիզբ կ՜առնէ առաւօտեան ժամը ութի ժամանակները, Նորին Սրբութեան տեղական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներուն, Քահանաներուն, սարկաւագներուն, կրօնաւորական կեանքի նուիրուածներուն ու նորընծաներուն հետ ունեցած հանդիպումով, Ճուպայի Սրբուհի Թերեզա աթոռանիստս Եկեղեցւոյ մէջ, որ է նաեւ Ճուպայի Աւագ Թեմին կեդրոնատեղին` Թեմ, որ ստեղծուած է Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետի օրով, 12 դեկտեմբեր 1974ին։

Կղերական դասին հետ հանդիպում

Հանդիպման վայր ժամանելուն Սրբազան Պապը կը դիմաւորուի Ճուպայի Արքեպիսկոպոս Սթեֆըն Ամեյու Մարթին Մուլլայի եւ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետին կողմէ, որոնց հետ միասին մուտք կը գործէ Եկեղեցի եւ կը բազմի կեդրոնական խորանին առջեւ իրեն համար զետեղուած աթոռին վրայ։

Հանդիպումին սկիզբը Սրբազան Պապին բարի գալուստի ողջոյնի խօսք կ՛արտասանէ Սուտանի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` Գերապայծառ Եունան Թոմպ Թրիլ Քուքու Անտալին, ապա քահանայ մը ու մայրապետ մը կը ներկայացնեն իրենց կեանքի վկայութիւնը, որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն կ՜ուղղէ իր սրտին խօսքը։

Կղերական դասին հետ հանդիպումը կ՛աւարտի Նորին Սրբութեան շնորհած առաքելական օրհնութեամբ ապա Ան կը տեղափոխուի Առաքելական Նուիրակութիւն ուր առանձնական հանդիպում կ՛ունենայ Յիսուսեան Միաբանութեան անդամ իր եղբայրակիցներուն հետ։

Տեղահաններու հետ հանդիպում

Կէսօրէն ետքը տեղական ժամով 16,15ին (Հռոմի ժամով 15,15ին), Քահանայապետը կը փոխադրուի Ճուպայի «Freddom Hall» կեդրոն, ուր անոր կը միանան այս համամիութենական ճամբորդութեան մասնակցող` Քանթրպուրրի առաջնորդը` Ժասթին Ուելպի եւ Սքովտիայի Եկեղեցւոյ Վարիչ Եայն Կրինշիլտսը եւ ուր տեղի կ՛ունենայ Հարաւային Սուտանի ներքին տեղահաններու հետ հանդիպումը, որ սկիզբ առաւ Սքովտիոյ Եկեղեցւոյ Վարիչին աղօթքով, որուն կը յաջորդէ` տեղահաններու հարցը ներկայացնող տեսերիզ մը, մեկնաբանութեամբ Հարաւային Սուտանի մօտ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչի տեղակալ` Սարա Պեյսոլու Նիանթիին, ապա գաղթականներու տարբեր ճամբարներու մէջ ապրող երեք մանուկներ Քահանայապետին ու միւս հիւրերուն կը ներկայացնեն իրենց վկայութիւնները, որոնց կը յաջորդէ Արքեպիսկոպոս Ժասթըն Ուելպիին աղօթքը եւ Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը։

Հանդիպումը կ՛աւարտի աւանդական պարի մը ներկայացումով որմէ առաջ Երեք Հոգեւոր առաջնորդները միասին իրենց օրհնութիւնը կը շնորհեն բոլոր ներկաներուն։

Համամիութենական աղօթք

Տեղահաններուն հետ ունեցած հանդիպումէն ետքը Ֆրանչիսկոս Պապը, իր եղբայրակից Հոգեւոր Պետերուն հետ միասին կը փոխադրուի «John Garang» յուշահամալիր։

Ժոն Կարանկը եղած է Հարաւային Սուտանի ազատագրման շարժումի Ղեկավարը` 1983էն մինչեւ 2005 թուական, տարին երբ ստորագրուեցաւ «Ընդհանուր Խաղաղութեան պայմանագիրը», որ ապա հիմքը դարձաւ Հարաւային Սուտանի անկախութեան` 2011 թուականին։ Ժոն Կարակնը սակայն չկարողացաւ մասնակցիլ անկախութեան արարողութեան, տրուած ըլլալով, որ ան մահացաւ ինքնաթիռի արկածի մը պատճառաւ, որպէս Սուտանի Փոխ Նախագահ ու Վարչապետ երդումը կատարելէն քիչ ժամանակ ետքը։

9 Յուլիս 2011ին Հարաւային Սուտանի անկախութիւնը արդարեւ յայտարարուեցաւ Ժոն Կարանկի շիրիմին վրայ, ուր կառուցուած է անոր անունը կրող յուշահամալիրը։

Տեղական ժամով 18ին (Հռոմի ժամով 17ին) Ժոն Կարանկ անուան յուշահամալիրին մօտ տեղի կ՛ունենայ համամիութենական աղօթքը, որուն ընթացքին նախատեսուած է ապաշխարութեան աղօթքը, Աւետարանական ընթերցում, Քանթերպուրրի առաջնորդի եւ Սքովտիօ Եկեղեցւոյ Վարիչի ելոյթները, հուսկ համամիութենական աղօթք եւ աղերսանք` ողորմութիւն հայցելու Հրաւային Սուտանի համար, ապա Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը, որուն կը յաջորդէ «Հայր մեր» աղօթքը եւ երեք Հոգեւոր Պետերու օրհնութիւնը։

Այս համամիութենական աղօթքով վերջ կը գտնէ Նորին Սրբութեան վերջընթեր օրուան յայտագիրը Հարաւային Սուտանի մայրաքաղաք Ճուպայի մէջ։ Վաղը` Կիրակի 5 Փետրուարի առաւօտեան Սրբազան Պապը կը մատուցէ ճամբորդութեան եզրափակիչ պատարագը ապա հրաժեշտ կ՛առնէ Հարաւային Սուտանէն վերադարձ կատարելու Վատիկան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/02/2023, 07:21