Որոնել

«Եկած եմ` որպէս հաշտութեան ուխտաւոր». «Ժամն է «կը բաւէ» ըսելու». Ֆրանչիսկոս Պապ

«Մենք անկեղծօրէն կը ցանկանանք մեր աղօթքներն ու աջակցութիւնը մատուցել, որպէսզի Հարաւային Սուտանը հաշտուի և փոխէ իր ընթացքը, որպէսզի անոր կենսական ուղին այլևս չխոչընդոտուի բռնութեան հեղեղով, խոչընդոտուած կաշառակերութեան ճահիճներով և խափանուած աղքատութեան հեղեղումով:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Եկած եմ որպէս հաշտութեան ուխտաւոր, ձեր խաղաղութեան ճանապարհորդութեան ընկերանալու երազանքով, ոլորապտոյտ ճանապարհորդութիւն մը, որ այլեւս կարելի չէ յետաձգել» այս խօսքերով է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը սկսաւ Հարաւային Սուտանի իր առաքելական այցելութեան արտասանած առաջին ճառը, ուղղուած Հարաւային Սուտանի քաղաքական, քաղաքացիական ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն` Ճուպայի նախագահական պարտէզին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Նորին Սրբութեան ի պատիւ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը։

Եկած եմ երկու եղբայրներու հետ միասին

«Առանձին չհասայ այստեղ, որովհետեւ խաղաղութեան մէջ, ինչպէս կեանքին մէջ, կը քալենք միասին», ըսաւ Սրբազան Պապը, դիտել տալով` թէ ինք եկած է երկու եղբայրներու հետ միասին` Քանթըրպուրրիի Արքեպիսկոպոսին եւ Սքովտիայի Եկեղեցւոյ ընդհանուր Ժողովի Վարիչին….«Միասին ձեր ձեռքը բռնելով ձեզի եւ ժողովուրդին կը ներկայանանք յանուն Յիսուսի Քրիստոսի` խաղաղութեան Իշխանին», ընդգծեց Քահանայապետը։

Խաղաղութեան համամիութենական ուխտագնացութիւն

«Մենք յանձն առինք խաղաղութեան համամիութենական ուխտագնացութիւն մը լսելէ ետք համայն ժողովուրդի մը աղաղակը, որ մեծ արժանապատւութեամբ, ողբի մէջ է ցաւալի բռնութիւններուն համար, անվտանգութեան պակասի համար, աղքատութեան համար եւ բնական աղէտներուն համար»։ «Տարիներու պատերազմներ եւ հակամարտութիւններ կարծես վերջ չունին» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով նաեւ երէք տեղի ունեցած մարդասպանական արարքին ապա մաղթելով, որ Հարաւային Սուտանի տառապանքն ու զոհողութիւնները ի զուր կատարուած չըլլան։

Միասին ապրելու ակունքի փնտռտուքը

Ակնարկելով ապա երկրի բնական հարստութիւններուն Քահանայապետը մասնաւորապէս շեշտը դրաւ Երկիրը հատող մեծ գետին` Սպիտակ Նեղոսին վրայ, ու որպէս խորհրդանիշ օգտագործելով զայն նշեց թէ «դարերու ընթացքին հետախոյզները ջանացին որոնել աշխարհի ամենաերկար գետին ակնաղբիւրները եւ հաստատեց, թէ «ճիշտ միասին ապրելու ակնաղբիւրներու փնտռտուքէն է, որ կ՛ուզէ սկսիլ իր ճանապարհորդութիւնը»։

Հարաւային Սուտանը պէտք ունի հայրերու եւ մայրերու` ոչ թէ տէրերու

«Յարգելի իշխանութիւններ, դուք էք այդ ակնաղբիւրները, որ կ՛ոռոգեն միասնական համակեցութիւնը, դուք այս մանուկ Երկրին հայրերն ու մայրերն էք։ Դուք կոչուած էք վերակենդանացնելու ընկերային կեանքը, որպէս բարգաւաճման և խաղաղութեան ջինջ աղբիւրներ, որովհետեւ ասոր է, որ պէտք ունին Հարաւային Սուտանի զաւակները` հայրերու, եւ ոչ թէ տէրերու» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը ընդգծելով, որ «ապագայի սերունդները պիտի յարգեն եւ կամ պիտի ջնջեն ձեր անուններուն յիշողութիւնը ձեր այսօր ըրածին հիման վրայ» եւ «այնպէս ինչպէս գէտը ակունքը կը լքէ սկիզբ տալու իր ուղեւորութեան, նոյնպէս պատմութեան ընթացքը իր ետին պիտի թողու խաղաղութեան թշնամիները եւ պիտի մեծարէ ան` որ խաղաղութեան համար կը գործէ։»

Ժամն է «կը բաւէ» ըսելու

«Միւս կողմէ բռնութիւնը կը շրջէ պատմութեան ընթացքը» շարունակեց Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «որպէսզի այս հողը չվերածուի գերեզմանի այլ դառնայ ծաղկուն պարտէզ, ամենայն սրտով ձեզմէ կը խնդրեմ ընկալել շատ պարզ բար մը «Կը բաւէ»։

Ժամն է կը բաւէ ըսելու։ Կը բաւէ արեան զեղում, կը բաւէ հակամարտութիւն, կը բաւէ բռնութիւն եւ իրարու դէմ մեղադրանքներ, կը բաւէ ժողովուրդը լքել խաղաղութեան ծարաւով։ Բաւ է կործանում, ժամն է շինարարութեան։ Թող ետին նետուի պատերազմի ժամանակը եւ ծագի խաղաղութեան նոր ժամանակ մը», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

Պետութիւնը բոլորին է` իշխանութիւնը ծառայութիւն է

«Վերադառնանք գետի ակունքին» ըսաւ ապա Ան ու ակնարկեց հանրապետութեան ծնունդին` 9 Յուլիս 2011-ին, այս առնչութեամբ բացատրելով, որ հանրապետութիւն կը նշանակէ թէ Պետութիւնը բոլորին է, ու թէ անոնք` որոնք աւելի մեծ պատասխանատուութիւններ ունին ուրիշ բան պէտք չէ ընեն եթէ ոչ իրենք զիրենք դնեն հասարակաց բարիքին ծառայութեան տակ։ «Իշխանութեան նպատակը հասարակութեան ծառայել է» ըսաւ Քահանայապետը, զգուշացնելով սեփական շահերուն ծառայելու փորձութենէն ու յորդորելով հարստութիւններու եւ բարիքներու հաւասար բաշխումը։

Առանց արդարութեան չկայ խաղաղութիւն, առանց ազատութեան չկայ արդարութիւն

Նորին Սրբութիւնը ապա ընդգծեց ժողովրդավար զարգացումի, արդարութեան խթանումի, մարդկային իրաւունքներն ու ազատութիւնը յարգելու կարեւորութիւնը։ «Առանց արդարութեան չկայ խաղաղութիւն» ըսաւ Քահանայապետը յիշելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի խօսքերը եւ աւելցնելով, որ «առանց ազատութեան չկայ արդարութիւն» ապա շեշտեց, թէ պէտք է իւրաքանչիւր քաղաքացիի երաշխաւորել արժանավայել կեանքի իրաւունք։

Ժամն է էջը դարձնելու եւ միասին նաւարկելու դէպի ապագայ

Շարունակելով խօսիլ Նեղոս գետի մասին ու անոր հոսքի մասին, Սրբազան Պապը մաղթեց, որ խաղաղութեան ընթացքը եւս դառնայ կենսունակ, նման Նեղոս գետին որ Ճուպայի մօտակայքը կը դառնայ նաւարկելի։

«Բարեկամներ ժամն է էջը դարձնելու, ժամն է յանձնառումի։ Խաղաղութեան եւ հաշտութեան գործընթացը կարիքն ունի նոր շունչի, յառաջ տանինք խաղաղութեան Համաձայնագիրը, թող` որ Հարաւային Սուտանը վերսկսի նաւարկութիւնը խաղաղ ջուրերուն մէջ, երկխօսութեան միջոցաւ։ Թող ասիկա առիթ ըլլայ բոլորին համար, վերարծարծելու յոյսը, ժամն է միասին նաւարկելու դէպի ապագայ» նշեց ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Ներգրաւել երիտասարդներն ու կիները

Միշտ որպէս օրինակ գործածելով Նեղոս գէտը, անոր հոսքը, ճիւղաւորումներն ու գետաբերանը եւ տարբեր գէտերու հետ միացումը, Սրբազան Պապը նշեց, թէ «ուղին կը կայանայ իրար յարգելու մէջ, իրար ճանչնալու մէջ, իրարու հետ երկխօսելու մէջ, իրարու հետ հանդիպելու մէջ, միւսները` որպէս եղբայրներ ընկալելու մէջ» .... ապա հրաւիրեց ներգրաւել երիտասարդները «որպէսզի առճակատման անքաղաքակրթութիւնէն անցնինք հանդիպման քաղաքակրթութեան», շեշտելով անոնց կարեւոր դերակատարութիւնը եւ անոնց հնարաւորութիւններ ընծայելու հարկաւորութիւնը,   եւ նոյնը ընելու նաեւ կիներուն հետ, յարգելով զանոնք, «որովհետեւ ան, որ բռնութիւն կը բանեցնէ կնոջ մը դէմ զայն կ՛ընէ Աստուծոյ դէմ, որ իր մարմինը առաւ կինէ մը։

Չմոռնանք կեանք սերմանող միսիոնարները

Սրբազան Պապը քաջալերեց ապա յաղթահարել բաժանումները ու տարբերութիւնները ու քալել միասին` որպէս միակ ժողովուրդ, նման Նեղոս գէտին, որուն վտակները հարստութիւն կը բերեն եւ որուն միջոցաւ Հարաւային Սուտան հասան նաեւ առաջին առաքեալները, որոնց Սրբազան Պապը խորին շնորհակալութիւն յայտնեց, անոնց «թանկագին գործունէութեան համար» ու նաեւ այն միսիոնարներուն` որոնք «մահը գտան մինչ կեանք կը սերմանէին»։

«Չմոռնանք զանոնք», ըսաւ Սրբազան Պապը ապա դարձեալ ակնարկեց գետին` որ կարող է վարարիլ եւ աղէտներ յառաջացնել, որուն ականատես եղած է նաեւ հարաւային Սուտանը։ «Այս մէկը կը նշանակէ, թէ արարչութիւնը վիրաւոր է ու թէ պէտք է հոգ տանիլ արարչագործութեան» ընդգծեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Ոչ կաշառակերութեան, պայքար աղքատութեան դէմ

Ան ապա խստիւ դատապարտեց կաշառակերութիւնը ու հրաւիրեց պայքարիլ աղքատութեան դէմ, ապա մտաբերեց միլիոնաւոր գաղթականները, բռնի տեղահանումներու եւ հակամարտութիւններու պատճառաւ։ Ան ուստի պնդեց, թէ պէտք է կասեցնել զէնքերու ներդրումը. «Այստեղ կարիքը կայ շատ բաներու բայց ոչ թէ մահուան գործիքներու», հաստատեց Քահանայապետը խօսելով նաեւ առողջապահական պատշաճ քաղաքականութիւններ որդեգրելու հարկաւորութեան մասին, կենսական ենթակառոյցներ կառուցելու ու նաեւ կրթութիւն երաշխաւորելու առաջնահերթութեան մասին։

Կրթութիւնը` ապագայի ճանապարհ

«Կրթութիւնը, դաստիարակութիւնը միակ ճանապարհն է, որով այս Երկրին զաւակները կը կարողանան իրենց ապագան իրենց ձեռքերուն մէջ առնել։ Անոնք նման այս Ցամաքամասի ու համայն աշխարհի մանուկներուն իրաւունք ունին ապրիլ եւ աճիլ իրենց ձեռքերուն մէջ բռնելով տետրակներ եւ խաղալիքներ ու ոչ թէ աշխատանքի գործիքներ ու զէնքեր»։

Գտնել ափրիկեան լուծումներ ափրիկեան հարցերուն համար

«Գէտը սահման չի ճանչնար, այլ կը համախմբէ հողատարածքներ, եւ անոր նման, պատշաճ զարգացում մը ձեռք բերելու համար անհրաժեշտ է մշակել դրական փոխյարաբերութիւններ միւս երկիրներուն հետ, սկսելով սահմանակից երկիներէն» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ գնահատելով նաեւ միջազգային հասարակութեան սատարն ու յանձնառումը` «հաշտութիւն ու զարգացում» խթանելու գործին մէջ։

«Պէտք է գտնենք ափրիկեան լուծումներ ափրիկեան հարցերուն համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը կրկնելով երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին` 10 փետրուար 1993 արտասանած խօսքերը, ապա ճառը աւարտեց անգամ մը եւս ընդգծելով, թէ ինք այստեղ եկած է, իր եղբայրներուն հետ միասին, որպէս խաղաղութեան ուխտաւոր։

Թող Հարաւային Սուտանը փոխէ իր ընթացքը

«Մենք անկեղծօրէն կը ցանկանանք մեր աղօթքներն ու աջակցութիւնը մատուցել, որպէսզի Հարաւային Սուտանը հաշտուի և փոխէ իր ընթացքը, որպէսզի անոր կենսական ուղին այլևս չխոչընդոտուի բռնութեան հեղեղով, կաշառակերութեան ճահիճներով և խափանուած աղքատութեան հեղեղումով: Թող Երկնքի Տէրը, որ կը սիրէ այս երկիրը, անոր շնորհէ խաղաղութեան և բարգաւաճման նոր ժամանակ։ Աստուած օրհնէ Հարաւային Սուտանի Հանրապետութիւնը», մաղթեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով իր ճառը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2023, 16:45