Ֆրանչիսկոս Պապը աւարտեց Քահանայապետութեան 40րդ առաքելական ճամբորդութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 5 փետրուար 2023ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Ճուպայի «John Garang» յուշահամալիրի տարածքին մատուցած սուրբ պատարագով եզրափակեց իր Քահանայապետութեան 40րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը որ սկիզբ առած էր անցեալ 31 Յունուարին, խաղաղութեան, հաշտութեան, համերաշխութեան եւ միութեան նշանաբանով, ու զինք առաջնորդած նախ Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութիւն ապա Հարաւային Սուտան, ուր Ֆրանչիսկոս եղաւ առաջին Քահանայապետը որ կ՛այցելէր Ափրիկէի այս երիտասարդ Երկիրը եւ որտեղէն Ան մեկնեցաւ վերադարձ կատարելու համար Հռոմ` ապա Վատիկան։
Ճուպայի եզրափակիչ պատարագէն ետքը, Նորին Սրբութիւնը ընկերակցութեամբ Քանթըրպուրիի Առաջնորդին եւ Սքովտիայի Եկեղեցւոյ Վարիչին, որ իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Հարաւային Սուտանի համամիութենական ուխտագնացութեան, ուղղուեցաւ Ճուպայի միջազգային օդակայան, ուր Հարաւային Սուտանի նախագահի ներկայութեամբ տեղի ունեցած փրոթոքոլային հրաժեշտի արարողութեան աւարտին Քահանայապետը բարձրացաւ օդանաւ եւ վերջին ողջոյնն ու օրհնութիւնը շնորհելէ ետք երկրին ու օդակայանին մէջ ներկաներուն իր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան ու լրագրողներուն հետ միասին վերադարձ կատարեց Հռոմ ուր կը ժամանէ գրեթէ վեց ժամ 45 վայրկեան տեւող ճանապարհորդութենէ մը ետք, սաւառնելէ ետք Հարաւային Սուտանի, Սուտանի, Եգիպտոսի, Յունաստանի եւ Իտալիոյ օդային տարածքներուն վրայէն այս երկիրներու Ղեկավարներուն ուղղելով քաղաքավարական հեռագիրեր։
Ճանապարհորդութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը սովորութեան համաձայն կը հանդիպի եւ կը զրուցէ իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ պատասխանելով անոնց հարցումներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ