Որոնել

VATICAN POPE

Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհակալութիւնը Տիրամօր` Ափրիկէի ճամբորդութեան համար

Այս եղաւ Նորին Սրբութեան Մարիա Մաճճորէ տաճար կատարած 104րդ այցելութիւնը։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին

Ափրիկեան երկու երկիրներ` Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութիւն եւ Հարաւային Սուտան կատարած առաքելական ճամբորդութեան աւարտին, հազիւ Հռոմ ժամանած, Սրբազան Քահանայապետը անմիջապէս ուղղուեցաւ Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար` ուր սովորութեան համաձայն աղօթքի մէջ ամփոփուեցաւ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Աստուածամօր սրբապատկերին առջեւ շնորհակալութիւն յայտնելով Անոր Քահանայապետութեան 40րդ ճամբորդութեան համար։ Այս եղաւ Նորին Սրբութեան Մարիա Մաճճորէ տաճար կատարած 104րդ այցելութիւնը։ Այցելութեան աւարտին Սրբազան Պապը վերադարձաւ Վատիկան:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2023, 19:01