Որոնել

Քահանայապետը փոխադրող ITA օդանաւային ընկերութեան օդանաւին մեկունը Քինշասայէն Քահանայապետը փոխադրող ITA օդանաւային ընկերութեան օդանաւին մեկունը Քինշասայէն

Սրբազան Պապը հրաժեշտ առաւ Քոնկոյէն եւ ուղղուեցաւ Հարաւային Սուտան

Քահանայապետը Ճուպայի միջազգային օդակայան կը ժամանէ 3 ժամ 20 վայրկեան տեւած թռիչքէ մը ետք տեղական ժամով 15ին (հռոմի ժամով 14ին)։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 3 Փետրուարի առաւօտեան, Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամներուն հետ ունեցած հանդիպումէն ետքը, Ֆրանչիսկոս Պապը ուղղուեցաւ Քինշասայի Նտժիլի միջազգային օդակայան ուր Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութեան նախագահի ներկայութեամբ տեղի ունեցած հրաժեշտի արարողութեան աւարտին բարձրացաւ օդանաւ եւ վերջին հայեացքն ու ողջոյնը տալէ ետք Քինշասային իր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան եւ լրագրողներուն հետ միասին մեկնեցաւ` ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուան հանդիսացող, Հարաւային Սուտանի մայրաքաղաք Ճուպա։

Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութեան մէջ Սրբազան Պապը առիթը ունեցաւ հանդիպելու Երկրին քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ, Երկրին արեւելեան շրջանի բռնութիւններու զոհ անձերուն հետ, եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, երիտասարդներուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին հետ, խրախուսելով բոլորը յառաջ ընթանալու, համերաշխութեամբ, Աւետարանի ուղիով, եւ կոչ ուղղելով աշխարհին «ձեռքը վար առնելու Ափրիկէէն», որ ըսաւ Ան կողոպտելիք եւ չարաշահելիք ցամաքամաս մը չէ», յորդորելով Քոնկոլացիներուն իրենց ձեռքերուն մէջ առնելու իրենց ճակատագիրը, գործելու ի սպաս խաղաղութեան եւ համակեցութեան։

Քահանայապետը Ճուպայի միջազգային օդակայան կը ժամանէ 3 ժամ 20 վայրկեան տեւած թռիչքէ մը ետք տեղական ժամով 15ին (հռոմի ժամով 14ին)։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2023, 10:46