Որոնել

2023.02.05 Viaggio Apostolico nella Repubblica Democratica del Congo e in Sud Sudan - Conferenza volo Giuba-Roma

«Համայն աշխարհը պատերազմի մէջ է, ինքնակործանումի մէջ, կանգ առնենք». Ֆրանչիսկոս Պապ

Շօշափուած նիւթերէն եղաւ ճամբորդութիւնը, պատերազմը, միասեռականները Պենետիկտոս ԺԶ-ին մահը եւ այլ կարեւոր նիւթեր, ինչպէս նաեւ եկեղեցական միութիւնը ու Սրբազան Պապին ապագայի ճամբորդութիւնները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութիւն եւ Հարաւային Սուտան կատարած առաքելական ճամբորդութեան աւարտին, դէպի Հռոմ վերադարձի թռիչքի ընթացքին, սովորութեան համաձայն, հանդիպում ունեցաւ եւ զրուցեց իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ իր կողքին ունենալով նաեւ Հարաւային Սուտանի համամիութենական ուխտագնացութեան մասնակցող Քանթըրպուրիի առաջնորդ Արքեպիսկոպոսս Ժասթին Ուելպին եւ Սքովտիայի Եկեղեցւոյ ընդհանուր Վարիչը Եայն Կրինտշիլտս, որ իրենց կարգին մասնակցեցան հարցազրոյցին ու պատասխանեցին իրենց ուղղուած հարցումներուն։

Շօշափուած նիւթերէն եղաւ ճամբորդութիւնը, պատերազմը, միասեռականները Պենետիկտոս ԺԶին մահը եւ այլ կարեւոր նիւթեր, ինչպէս նաեւ եկեղեցական միութիւնը ու Սրբազան Պապին ապագայի ճամբորդութիւնները։

Քահանայապետական թռիչքի վրայ հարցազրոյց
Քահանայապետական թռիչքի վրայ հարցազրոյց

Աշխարհը պատերազմի մէջ է

«Համայն աշխարհը պատերազմի մէջ է, ինքնակործանումի մէջ, կանգ առնենք ճիշտ ժամանակին», ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը, պատերազմի մասին ուղղուած մէկ հարցումին պատասխանելով, ուր նաեւ ակնարկեց Ուքրանիոյ պատերազմին եւ հանդիպումին բաց մնալու իր տրամադրութեան, հանդիպելու ըլլայ Փութինին ըլլայ Զելենսքիին հետ, բաց պահելով նաեւ «բանակցութեան» պատուհանը։

Կարեւոր եւ մոռցուած պատերազմները

Խօսելով պատերազմի մասին Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց, թէ կան պատերազմներ, որոնք շատ աւելի աղմուկ կը հանեն բայց կան նաեւ այլ պատերազմներ, որոնք մոռցուած են, ու յիշեց Սուրիոյ պատերազմը, Եեմէնը, Միանմարը։ «Կանգ առնենք որովհետեւ ռումբ մը կը կոչէ աւելի մեծ ռումբ մը ու այսպիսով մագլցումը կանգ չ՛առներ» շեշտեց Քահանայապետը։

Յարգել կիները

Ան ապա ակնարկեց կիներուն ու անոնց կարեւոր դերակատարութեան, կեանքի եւ ընկերութեան մէջ, յատուկէն անդրադառնալով Հարաւային Սուտանի կիներուն, անոնց ուժին, վճռակամութեան հրաւիրելով յարգել զանոնք։

Քահանայապետական թռիչքի վրայ հարցազրոյց
Քահանայապետական թռիչքի վրայ հարցազրոյց

Արքեպիսկոպոս Ուելպիին մաղթանքները

Հարցազրոյցի սկիզբը խօսք առին Արքեպիսկոպոս Ուելպին եւ Վերապատուելի Կրինշիլտսը ներկայացնելով իրենց անձնական փորձառութիւնը, Հարաւային Սուտանի հաշտութեան եւ խաղաղութեան այս ուխտագնացութեան ծիրէն ներս։ Արքեպիսկոպոս Ուելպին մասնաւորապէս խօսեցաւ Ճամբորդութեան դրդապատճառներու մասին, յայտնելով, թէ ինք այժմ կը վերադառնայ մեծ յոյսով ու մաղթեց, որ կարեւոր քայլեր կատարուին խաղաղութեան եւ հաշտութեան ուղղութեամբ։

Երիտասարդները` հարստութիւն

Ճամբորդութեան մասին արտայայտուելով Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութեան մէջ յառաջ ընթանալու կամքին ու Երկրի մշակոյթի հարստութեան ու Ափրիկեցի ուսանողներուն ու անոնց խելացիութեան, որոնք, ըսաւ Ան «ձեր հարստութիւններէն մին է», հրաւիրելով երիտասարդներուն առջեւ դռները միշտ բաց պահել։

Ֆրանչիսկոս Պապը անգամ մը եւս շեշտեց, որ Ափրիկէն չարաշահուելիք ցամաքամաս մը չէ, ակնարկելով նաեւ հակամարտութիւններու զոհերուն հետ ունեցած ցաւալի հանդիպումին։

Հարաւային Սուտանին կը պակսի տնտեսական անկախութիւնը

Այս առնչութեամբ խօսք առաւ նաեւ Արքեպիսկոպոս Ուելպին, որ ընդգծեց, թէ Հարաւային Սուտանին շնորհուեցաւ «քաղաքական անկախութիւնը» բայց ոչ «տնտեսական անկախութիւն», այս մէկը նկատելով ժխտական երեւոյթ։ Ապա խօսեցաւ Եկեղեցւոյ ու եկեղեցականներուն տարած մեծ աշխատանքի մասին, յատկապէս հայող խաղաղութեան հաստատումին։ Վերապատուելի Կրինշիլտսը եւս նշեց թէ «զարգացումը խթանելու համար պէտք է ճանչցուին կիներուն իրաւունքները»։

Բռնութեան պատճառը զինավաճառը

Բռնութեան նիւթի մասին ուղղուած հարցումի մը պատասխանելով Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տուաւ, թէ բռնութիւնը կ՛աճի որովհետեւ տակաւին աշխարհին մէջ կայ մեծ ախտ մը` «զէնքի վաճառքը», նշելով, որ «մէկ տարուայ զէնքի ծախսերը կարող են արմատախիլ ընել աշխարհին մէջ անօթութիւնը»։

«Զէնքի վաճառքը կործանում կը յառաջացնէ, կործանում ընկերութեան ու անհատներուն, շահագործելով նաեւ մանուկները» յարեց Սրբազան Պապը

Այս ուղղութեամբ Վերապատուելի Կրինշիլտսը նշեց, թէ հարցերը աւելի կը բարդանան «անգրագիտութեան» պատճառաւ։ Կրթութիւնը, ըսաւ Ան, մեծապէս կարող է սատարել երկխօսութեան եւ հաշտութեան գործընթացին։

Քահանայապետական թռիչքի վրայ հարցազրոյց
Քահանայապետական թռիչքի վրայ հարցազրոյց

Միասեռականները

Այլ մէկ հարցումի նիւթը «միասեռական» անձանց մասին էր եւ Քահանայապետը վերյիշեց իր մէկ խօսքը, այն է, թէ «եթէ մէկը միասեռական է եւ հաւատացեալ է, կը փնտռէ Աստուած, ո՞վ եմ ես զինք դատելու համար», ապա աւելցուց, թէ կարելի չէ քրէականացնել միասեռականութիւնը այս առնչութեամբ ակնարկելով այն երկիրներուն որոնք կը դատապարտեն միասեռականները։

Արքեպիսկոպոս Ուելպին համամիտ գտնուեցաւ Սրբազան Պապին հետ մինչ Վերապատուելի Կրինտշիլտսը դիտել տուաւ, թէ ինք Աւետարաններուն մէջ երբեք չէ հանդիպած Յիսուսին խօսքի մը, որ սէր չ՛արտայայտեր, հրաւիրելով` որպէս քրիստոնեաներ նոյնը կատարելու։

Պենետիկտոս ԺԶ-ը

Վերջին հարցումներէն մին Պենետիկտոս ԺԶ Պապին մահուան մասին էր որուն մասին արտայայտուելով Ֆրանչիսկոս Պապը յայտնեց, թէ վաստակաւոր Քահանայապետը միշտ իրեն կողքին եղած է ու թէ ինք յաճախ Անոր դիմած է խորհուրդներ խնդրելով որոշ կարեւոր հարցերու մասին։ Անոր մահուան առթիւ շատեր խօսեցան անհամաձայնութիւններու մասին, «բայց այս մէկը շիտակ չէ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Անտարբերութեան համաշխարհայնացումը

Ան ապա ակնարկեց «անտարբերութեան համաշխարհայնացումի» նիւթին ակնարկելով հարստութիւններուն, որոնք կը գտնուին փոքրամասնութեան մը ձեռքերուն մէջ, որոնք յաճախ չեն տեսներ իրենց շուրջ գոյութիւն ունեցող թշուառութիւնը։

Ճամբորդութիւնները

Ակնարկելով հուսկ ճամբորդութիւններու մասին Սրբազան Քահանայապետը յիշեց թէ յառաջիկայ 23 սեպտեմբերին պիտի այցելէ Մարսիլիան ապա միտք ունի նաեւ մեկնիլ հնդկաստան հուսկ հանգրուան պիտի կատարէ Լիզպոն երիտասարդներու Համաշխարհային օրուան առիթով։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ խօսեցաւ իր առողջական կացութեան մասին կրկնելով իտալական մէկ ասացուածք մը` «վատ մոլախոտը երբեք չի մեռնիր»։

Այն հարցումին եթէ պատրաստ են Քահանայապետին հետ այլ ճամբորդութիւններ կատարելու, Քանթըրպուրրի Առաջնորդը նշեց, թէ ինք մեծապէս ուրախ պիտի ըլլայ եթէ իր մասնակցութիւնը Նորին Սրբութեան համար օգնութիւն է մինչ Վերապատուելի Կրինշիլտսը դիտել տուաւ, թէ իր պաշտօնը աւարտին կը հասնի յառաջիկայ 20 Մայիսին ու թէ իրեն պիտի յաջորդէ կին մը, որ «շատ կարող է եւ վստահ եմ, որ ուրախ պիտի ըլլայ նոյնը կատարելու» ըսաւ Ան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2023, 18:00