Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Մօտիկ գտնուեցէք ժողովուրդին, եպիսկոպոսութիւնը գործառնութիւն կատարել չէ»

Եպիսկոպոսներուն ուղղած ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց եպիսկոպոսներուն՝ Աւետարանը հռչակելու համար՝ կանգնելով ժողովուրդին մօտ ու կիսելով անոնց դժուարութիւններն ու յոյսերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Քոնկօ կատարած առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրը, ուրբաթ,3 փետրուարին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ հանիդպեցաւ Քոնկոյի Ազգային եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անդամներուն հետ։

Եպիսկոպոսներուն ուղղած ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց եպիսկոպոսներուն՝ Աւետարանը հռչակելու համար՝ կանգնելով ժողովուրդին մօտ ու կիսելով անոնց դժուարութիւններն ու յոյսերը։

Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով ապա Քոնկօ կատարած ճամբորդութեան նշեց, որ ինք շատ ուրախ եղաւ գեղեցիկ Քոնկոն այցելելով, որ «իր մեծ անտառով կը ներկայացնէ «կանանչ սիրտը» Ափրիկէին, համայն աշխարհի թոքը ու բնապահպանական ժառանգութիւնը, որ կը յիշեցնէ թէ կանչուած ենք պահպանելու արարչագործութեան գեղեցկութիւնը ու պաշտպանելու եսասիրութենէ յառաջացած վէրքերը», ըսաւ Սրբազան Հայրը շեշտելով, որ կանանչ գոյնով Ափրիկէի պատկերին նման, եկեղեցին նաեւ կարիքը ունին շնչելու աւետարանի մաքուր օդը ու հալածելու աշխարիկութեան աղտոտուած օդը, պահպանելու հաւատքի երիտասարդ սիրտը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելէ ետք Քոնկոյի երիտասարդ, ուրախ, ուժեղ եւ առաքելական հոգիին մասին նշեց, որ դժբախտաբար Քոնկոյին եկեղեցին կը տառապի իր ժողովուրդի համար ու Քրիստոսի տեսանելի նշան է, որ այսօր եւս մերժուած, դատապարտուած է ու աշխարհի շատ մը խաչերու վրայ արհամարհուած ու կը ողբայ։

Սիրելի եղբայրներ, այս ընկճուած ու խաչուած ժողովուրդին մէջ կը տեսնեմ տառապող Յիսուսը միեւնոյն ժամանակ կը տեսնեմ նաեւ ժողովուրդ մը, որ յուսալքուած է՝ սակայն մեծ խանդավառութեամբ կը ողջագուրէ հաւատքը ու կը նայի իր հովիւներուն եւ գիտէ վերադառնալ Տիրոջ ու վստահիլ Անոր ձեռքերուն, որպէսզի իր խաղաղութիւնը հասնի ուրիշներուն՝ որպէս պարգեւ։

Աստուծոյ մօտիկ գտնուիլ

Ներշնչուելով Երամիա մարգարէին խօսքերէն (Երեմիա  1,5, .Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց մօտիկ գտնուիլ Աստուծոյ ու խնամք տանիլ՝ Տիրոջ հետ մօտիկութեան, որպէսզի Տիրոջ վստահելի վկաները դառնանք ու իր սիրոյ խօսնակը Ժողովուրդին մօտ։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացուց «ժողովուրդին համար մարգարէութիւն»ը նիւթին վրայ հրաւիրելով նայիլ Երեմիայ մարգարէին փորձառութեան, որ Աստուծոյ սիրալիր եւ մխիթարիչ խօսքը ստանալէ ետք կանչուեցաւ ազգերու մարգարէ դառնալ ու խաւարին մէջ լոյս սփռէ ու վկայել բռնութեան եւ կաշառակերութեան միջավայրին մէջ։

Ֆրանչիսոկս Պապ քաջալերեց եպիսկոպոսները շարունակելու լսելի դարձնել իրենց մարգարէական խօսքը, որպէսզի խիղճերը հարցաքննուին եւ իւրաքանչիւր անձ կարենայ դերակատար եւ պատասխանատու դառնայ տարբեր ապագայի մը համար։

«Հարկ է արմատախիլ ընել ատելութեան եւ եսասիրութեան բռնութեան թունաւոր բոյսերը եւ կառուցել համակեցութիւն մը՝ հիմնուած արդարութեան, ճշմարտութեան, խաղաղութեան վրայ, ինչպէս նաեւ ցանել վերածնունդի նոր սերմեր, որպէսզի վաղուան Քոնկոն դառնայ այն ինչ, որ Տէրը կ՝երազէ, օրհնուած եւ երջանիկ երկրի մը այլեւս երբեք ոչ բռնաբարուած, ճնշուած եւ արիւնոտուած։

Ֆրանչիսկոս Պապ խրախուսեց եպիսկոպոսները մշակելու Տիրոջ հետ մտերմութիւնը՝ դառնալու համար մարգարէական նշաններ Ժողովուրդին հանդէպ Տիրոջ կարեկցութեան ու երբեք չ՝անտեսել Աստուծոյ հետ երկխօսութիւնը եւ թոյլ չտալ, որ մարգարէական կրակը մառի իշխանութեան հաշուարկներէն կամ անորոշութենէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց նաեւ դառնալ ժողովուրդին համար յոյսի մարգարէները, ձայներ որոնք համաձայն են Աստուծոյ մխիթարութեան, աւետարանի վկաներ եւ աւետողներ, արդարութեան առաքեալներ, զօրակցութեան սամարացիներ, վկաներ ողորմութեան եւ հաշտութեան բռնութիւններու միջեւ, որոնք յառաջացած են ոչ միայն հարստութիւններուն շահագործումներէն եւ ցեղային ճակատամարտերէն այլ ամենէն առաջ Աստուծոյ եւ մարդու թշնամիի մութ ուժերով։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ճամբորդութեան համար որ իր աւարտին հասաւ, որուն համար եպիսկոպոսները երկու անգամ աշխատեցան, որովհետեւ առաջին այցելութիւն ջնջուեցաւ, ըսաւ Ան

«Չարին եւ մահուան յաղթող հեզ սիրտով ու բարի հովիւ Յիսուսի ներկայութիւնը, թող կերպարանափոխէ այս երկիր ու միշտ դառնայ ձեր ուրախութիւնն ու յոյսը ըսաւ Սրբազան Հայրը, ան ապա շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2023, 08:35