Որոնել

ds.jpg

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Տիրամօր վստահեցաւ Ափրիկեան ցամաքամաս կատարելիք ճամբորդութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը վաղը առաւօտեան կանուխէն հրաժեշտ կ՛առնէ Վատիկանէն ուղղուելով Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայան, որտեղէն կը մեկնի նախ դէպի Քոնկօ ուր կը մնայ մինչեւ ուրբաթ 3 Փետրուար, ապա կ՛անցնի Հարաւային Սուտան ուր կեցութիւնը նախատեսուած է մինչեւ կիրակի օր` 5 փետրուարին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը` Երկուշաբթի 30 Յունուարին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց, թէ «այսօր կէսօրէն ետք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքան աղօթելու համար Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Աստուածամօր սրբապատկերին առջեւ եւ Անոր յանձնելու Քոնկոյի ժողովրդավարական Հանրապետութիւն եւ Հարաւային Սուտան կատարելիք իր ճանապարհորդութիւնը»։

«Աղօթքէն ետք Քահանայապետը վերադարձաւ Վատիկան» նշուած է միշտ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Արդարեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սովորութիւն դարձուցած է իւրաքանչիւր միջազգային առաքելական ճամբորդութենէն առաջ ու ետքը այցելելու Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարը Աստուածամօր հովանիին յանձնելու համար իր առաքելական ճամբորդութիւնները ապա` վերադարձին, շնորհակալութիւն յայտնելու ճամբորդութեան յաջողութեան համար։

Սրբազան Պապը վաղը առաւօտեան կանուխէն հրաժեշտ կ՛առնէ Վատիկանէն ուղղուելով Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայան, որտեղէն կը մեկնի նախ դէպի Քոնկօ ուր կը մնայ մինչեւ ուրբաթ 3 Փետրուար, ապա կ՛անցնի Հարաւային Սուտան ու կեցութիւնը նախատեսուած է մինչեւ կիրակի օր` 5 փետրուարին։

Այս կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Քահանայապետութեան 40րդ առաքելական ճամբորդութիւնը զոր ծրագրուած էր երկար ժամանակէ ի վեր եւ որ զանազան պատճառներու բերումով կարելի չեղաւ իրականացնել։ Հարաւային Սուտանի հանգրուանը ունի համամիութենական բնոյթ տրուած ըլլալով որ այնտեղ Քահանայապետին պիտի միանան Քանթըրպուրիի Արքեպիսկոպոսը եւ Սքովտիայի Եկեղեցւոյ Ընդհանուր Ժողովի Վարիչը «միասին, որպէս եղբայրներ, ապրելու համար համամիութենական խաղաղութեան ուխտագնացութիւն մը» ինչպէս յայտնեց նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը` 29 Յունուարի Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/01/2023, 16:49