Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ ու հաշմանդամ մը Ֆրանչիսկոս Պապ ու հաշմանդամ մը  (Vatican Media)

«Հոգ տար անոր» Ֆրանչիսկոս Պապին հիւանդներու միջազգային օրուան պատգամը

Դիւրաբեկութեան եւ հիւանդութեան միջոցաւ կրնանք սորվիլ միասին քալել՝ Աստուծոյ ոճին համաձայն, որ մօտիկութեան, քնքշութեան եւ կարեկցութեան ոճ է ու Fratelli tutti փաստաթուղթը կ՝առաջարկէ բարի Սամարացիի առակի մասին թարմացուած ընթերցումը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 10 յունուարին լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին, յառաջիկայ 11 փետրուարին նշուելիք հիւանդներու համաշխարհային օրուան առթիւ պատգամը, որուն մէջ Սրբազան Հայրը բարի սամարացիին օրինակի մէջ ցոյց կու տայ կարեկցութեան քրիստոնէական ոճը, ուր չէ կարելի տառապանքին առջեւ անտարբեր մնալ։

Պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ կը նշէ, որ հիւանդութիւնը մաս կը կազմէ մարդկութեան փորձառութեան ու անիկա անմարդկային կը դառնայ երբ կ՝ապրեցուի մեկուսացումի եւ լքումի մէջ ինչպէս նաեւ եթէ ուղեկցուած չէ կարեկցանքով եւ խնամքով։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա սինոդականութեան ուղեւորութեան լոյսին ներքեւ կը հրաւիրէ խոկալու այն իրողութեան մասին, որ դիւրաբեկութեան եւ հիւանդութեան միջոցաւ կրնանք սորվիլ միասին քալել՝ Աստուծոյ ոճին համաձայն, որ մօտիկութեան, քնքշութեան եւ կարեկցութեան ոճ է, նկատել տալով որ տարակուսանքի եւ հիւանդութեան եւ տկարութեան փորձառութիւնը մաս կը կազմեն մեր ուղեւորութեան, անոնք չեն բացառեր Աստուծոյ ժողովուրդին մաս կազմելէ, ընդհակառակը, մեզ կ՝առաջնորդեն դէպի Տիրոջ կեդրոն, որ Հայր մըն է եւ չ՝ուզեր ճամբուն վրայ կորսնցնել իր զաւակներէն ոչ մէկը։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ կը նշէ, որ Fratelli tutti փաստաթուղթը կ՝առաջարկէ բարի Սամարացիի առակի մասին թարմացուած ընթերցումը, անհրաժեշտ նկատելով ճանչնալ մեկուսացումի եւ լքումի իրավիճակը ու զայն վերացնելու համար բաւարար է քիչ մը ուշադրութեան, կարեկցութեան ներքին շարժումը, ինչպէս Բարի Սամարացին, կարեկցութեան հոգին, որ հոգ կը տանի ճամբուն վրայ ձգուած օտարին՝ անոր հետ վարուելով որպէս եղբայր։
«Այսպէս կատարելով, իրողութիւնները կը փոխուին ու կը ծնի եղբայրական աշխարհ մը» նշեց Սրբազան հայրը հրաւիրելով, որ Հիւանդութեան նկատմամբ համայն եկեղեցին օրինակ առնէ Բարի Սամարացիէն, դառնալու համար իսկական դաշտային հիւանդանոց մը ու եկեղեցւոյ առաքելութիւնը կ՝արտայայտուի խնամքի հոգատարութեան մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամի մէջ նկատել տուաւ, որ համաճարակի տարիները աճեցուցին երախտագիտութեան իմաստը՝անոնց հանդէպ որոնք ամէն օր կ՝աշխատին առողջապահութեան եւ որոնումի համար, յորդորելով որ երախտագիտութեան կողքին, իւրաքանչիւր երկրի մէջ փնտռուի աղբիւրներ եւ ռազմավարութիւններ, որպէսզի իւրաքանչիւր անձին երաշխաւորուի խնամքի հասանելիութիւնն ու առողջապահութեան հիմնական իրաւունքը։

«Խնամք տար անոր» այս է պանդոկապետին տուած խորհուրդը, ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ Յիսուս մեզի եւս կ՝ուղղէ այս հրաւէրը, « քնա դուն ալ այդպէս կատարէ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց յանձնելով Տիրամօր հովանիին հիւանդները, հիւանդներու խնամք տանող ընտանիքները, կամաւորներն ու որոնողները ու բոլոր անոնք որոնք յանձնառու են եղբայրութեան՝ անձնական, եկեղեցական եւ քաղաքացիական կապեր հիւսելով։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/01/2023, 10:27