Որոնել

2022.12.30 Artsakh. Chiusura corridoio di lachin

Քահանայապետը նորոգեց կոչը Լաչինի Միջանցքին համար,«անմարդկային» նկատելով Արցախահայութեան ապրած իրավիճակը։

Մօտիկ եմ բոլոր անոնց որոնք, ձմռան մէջ, ստիպուած են դիմակայել անմարդկային այդպիսի պայմաններ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

29 Յունուար 2023ի կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքը յատկանշուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նորոգուած կոչով` «անյապաղ լուծում գտնելու» Լաչինի Միջանցքին համար, «անմարդկային» նկատելով Արցախի մէջ շրջափակուած հայ բնակիչներուն իրավիճակը։

Անցեալ 18 դեկտեմբերին եւս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը իր մտահոգութիւնը արտայայտած էր Լաչինի միջանցքին մէջ ստեղծուած իրավիճակին կապակցութեամբ, նշելով, թէ ինք «մասնաւորապէս մտահոգ է բնակչութեան մարդասիրական անկայուն պայմաններուն համար», ու այդ պայմաններուն «վատթարացումի վտանգին համար, ձմեռային եղանակի ընթացքին»։ Քահանայապետը կոչ ուղղած էր հարցին մէջ ներգրաւուած անձերուն, որպէսզի «յանձնառու ըլլան խաղաղ լուծումներ գտնելու` յանուն մարդկային բարօրութեան»։

Նորին Սրբութեան մտահոգութիւնն ու կոչը ուղղուած էին Լեռնային Ղարաբաղի 120,000 հայ բնակչութեան, որոնց շարքին 30,000 մանուկներ։

Ազրպէյճանցիներու «բնապահպական» նկատառումներով կատարուած անոնց շրջապատումն ու աշխարհէն մեկուսացումը, մարդասիրական ճգնաժամի մեծ սպառնալիք է եւ ասոր համար է, որ ահա մէկ ամիս ետք, Նորին Սրբութիւնը չզլացաւ դարձեալ բարձրացնելու իր ձայնը ու անգամ մը եւս կոչ ուղղելու Լաչինի միջանցքի հարցին լուծում գտնելու համար, իր մօտիկութիւնը արտայայտելով անմեղ բնակչութեան, որ կը «դիմակայէ անմարդկային պայմաններ»։

“«Ես կը նորոգեմ կոչս ՝ Հարաւային Կովկասի Լաչինի միջանցքին տարածքին տիրող մարդասիրական լուրջ իրավիճակին ի տես։ Մօտիկ եմ բոլոր անոնց` որոնք ձմռան մէջ, ստիպուած են դիմակայել անմարդկային այդպիսի պայմաններ։ Անհրաժեշտ է միջազգային մակարդակով ամէն ջանք գործադրել, լուծումներ գտնելու համար ի նպաստ մարդոց բարօրութեան» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր ուղղած կոչին մէջ։”

Պապական Նուիրակ` Գերապայծառ Խօսէ Պեթանքուրի յայտարարութիւնը

Նշենք` որ ՀՀ մօտ Քահանայապետական առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Խօսէ Պեթանքուրը, Սրբազան Պապին կոչին առիթով, իր դիմատետրին վրայ հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ արձագանգելով Քահանայապետի կոչին ընդգծեց, թէ «Ֆրանչիսկոս Պապը նորոգեց իր կոչերը, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող մարդասիրական ծանր իրավիճակին լուծում գտնելու առնչութեամբ» եւ «բնակչութեան ապրած անմարդկային պայմաններուն համար», կոչ ուղղելով նաեւ միջազգային հասարակութեան, որպէսզի սատարէ հարցի խաղաղ լուծման»։

Գերապայծառ Պեթանքուրը ակնարկեց նաեւ Սրբազան Պապին անցեալ 9 Յունուարին կատարած այլ մէկ կոչին` «յարգելու հրադադարը» եւ «ազար արձակելու քաղաքացիական եւ զինուորական բանտարկեալները», որպէս «կարեւոր քայլ դէպի այնքան ցանկալի խաղաղութեան համաձայնագիր» (հատուած` Ֆրանչիսկոս Պապի ելոյթէն` Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրած դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն ուղղուած ճառէն)։

Պապական նուիրակը յիշեց նաեւ անցեալ 18 սեպտեմբեր 2022ին Սրբազան Պապին ուղղած կոչը, որուն մէջ Ան մօտիկութիւն արտայայտած էր հայկական կողմի զոհերու ընտանիքներուն, խնդրելով` որ «յարգուի հրադադարը», ու հաստատելով, որ «խաղաղութիւնը կարելի է միայն երբ կը լռեն զէնքերը եւ կը սկսի երկխօսութիւնը»։

Քահանայապետը այլ կոչ մը ուղղած էր նաեւ 18 դեկտեմբեր 2022ին, միշտ լաչինի միջանցքի կապակցութեամբ ապա նաեւ 10 Յունուար 2022ին Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամներուն ուղղած ճառին ընթացքին` «կայուն եւ ընդունելի լուծումներ գտնելու հարցերուն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2023, 12:38