Որոնել

Վարդարանի Տիրամայրը Վարդարանի Տիրամայրը

Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը Վարդարանի Տիրամօր Արքեպիսկոպոսական թեմին

2022ի հոկտեմբերի 7էն մինչև գալիք հոկտեմբերի 7ն Վարդարանի Տիրամօր Արքեպիսկոպոսական թեմը յայտարարած է Ս. Աստուածածնայ նուիրուած տարի՝ «Միսիոներներ յանուն խաղաղութեան՝ Վարդարանի Տիրամօր հետ» կարգախօսով

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հոկտեմբերի 9ին լսատեսողական պատգամ մը յղեց Վարդարանի Տիրամօր Արքեպիսկոպոսական թեմին՝ 2022ի հոկտեմբերի 7էն մինչև 2023ի հոկտեմբերի 7ը Ս. Աստուածածնայ նուիրուած տարիին առիթով:

2023 թուականի մայիսի 3ին կը լրանայ Արժանթինի Rosario (Վարդարան) քաղաքի Վարդարանի Տիրամօր Պատկերի 250 տարին այն պահէն երբ ան սպանական Քատիս քաղաքէն բերուեցաւ և փոխարինեց քաղաքի սկզբնամասի մատուռի նախորդ պատկերը, նշեց Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամին սկիզբը և աւելցուց թէ «Պաշտպան և Հիմնադիր» կոչումը իրաւամբ ստացած Վարդարանի Տիրամօր անունը կը կրեն ոչ միայն Rosario քաղաքը այլեւ Արքեպիսկոպոսական թեմը։

Քահանայապետը այս յատուկ տարին որակեց. «Յիշողութեան երախտապարտ տարի՝ մեր քրիստոնէական արմատները ամրացնելու, ներկան եռանդուն ապրելու և ապագային յոյսով նայելու համար» եւ ակնարկելով կարգախօսին «Միսիոներներ յանուն խաղաղութեան՝ Վարդարանի Տիրամօր հետ», ան նշեց թէ այս կը նշանակէ ըլլալ խաղաղութեան գործիքներ և՝ Քրիստոսը, որ մեր խաղաղութիւնն է, առաջնորդել դէպի մեր սիրտերը, ընտանիքները, ողջ հասարակութեան մէջ:

«Փոխարէնը, սակայն, քաղաքին մէջ ամենուր բռնութիւն և անապահովութիւն կը տեսնենք, որ շատ յաճախ թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութեան պատճառաւ կ’առաջանայ, ինչը 2022-ին արդէն յարուցած է 240 զոհ, անոնց շարքին՝ անմեղ մարդիկ, մանուկներ, ծերեր», յարեց Սրբազան Քահանայապետը և ընդգծեց. «Կ’ուզենք Սուրբ կոյս Մարիամի պաշտպանութեան յանձնել ընտանիքները՝ յատկապէս կարիքաւոր ու աղքատ, աշխատանքէն զուրկ և կախուածութիւն ունեցող ընտանիքները»:

«Կ’ուզենք նաև Անոր հովանիին յանձնել ամուսնութեան, նուիրական կեանքի, քահանայութեան կոչումները. կոչուած՝ կեանքը բանի մը նուիրաբերելու ընտանիքի կամ ծառայութեան մը մէջ»:

Ֆրանչիսկոս Պապը լսատեսողական պատգամը աւարտեց՝ հրաւիրելով հաւատացեալները ուխտագնացութիւն կատարելու դէպի Սրբավայր՝ «շնորհքի փնտռտուքներու համար, ուր մարդ կարող է փորձարկել Աստուածամօր սէրը, Քրիստոսի մերձեցումը և Հօր ողորմութիւնը»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/12/2022, 00:30