Որոնել

Անարատ Յղութեան դիմաց Քահանայապետին արցունքները խաղաղութեան եւ նահատակ Ուքրանիայի համար

«Քեզի նայելով, որ զերծ ես մեղքէն, կարող ենք շարունակել հաւատալ եւ յուսալ, որ ատելութեան վրայ սէրը յաղթէ, սուտին վրայ` ճշմարտութիւնը, արհամարհանքին վրայ ներումը յաղթէ եւ պատերազմին վրայ յաղթէ խաղաղութիւնը» եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յուզուած էր Ֆրանչիսկոս Պապը, յուզուած եւ արցունքով լի աչքերով, երբ Անարատ Յղութեան տօնին օրը, 8 դեկտեմբեր 2022ի յետմիջօրէին, Սպանիա հրապարակին տուած աւանդական մեծարանքի այցելութեան առիթով, Սուրբ Կոյս Մարիամին վարդապետութեան հռչակման նուիրուած Անարատ Յղութեան կոթողի ոտքին իր աղօթքը բարձրացուց Տիրամօր, ներկայութեամբ Եկեղեցական եւ քաղաքական իշխանութիւններուն ու հազարաւոր Հռովմէացի եւ օտարազգի հաւատացեալներուն, որոնք ամէն տարի մեծ թիւով կը մասնակցին այս աւանդական մեծարանքի արարողութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապին յուզմունքը
Ֆրանչիսկոս Պապին յուզմունքը

Ժամանակէ ի վեր պահանջուած խաղաղութիւնը

«Պիտի ուզենայի այստեղ բերել ուքրանացի ժողովուրդին շնորհակալութիւնը, խաղաղութեան համար, որ ժամանակէ ի վեր կը խնդրենք Տիրոջմէ» ըսաւ խեղդուած ձայնով Ֆրանչիսկոս Պապը եւ պահ մը յուզմունքը զսպելէ ետք շարունակեց. «Դժբախտաբար անգամ մը եւս քեզի պիտի ներկայացնեմ այդ նահատակ երկրին մանուկներուն, տարեցներուն, հայրերուն, մայրերուն եւ երիտասարդներուն պաղատանքը» ապա աւելցուց. «Բայց իրականութեան մէջ մենք բոլորս գիտենք, որ դուն անոնց ու բոլոր տառապողներուն հետ ես, այնպէս ինչպէս, որ քու Զաւկիդ Խաչին ոտքին ըլլայիր»։

Քահանայապետին աղօթքը Տիրամօր արձանի ոտքին
Քահանայապետին աղօթքը Տիրամօր արձանի ոտքին

Հաւատալ եւ յուսալ որ խաղաղութիւնը կը յաղթէ

Այդ պահուն երբ Քահանայապետը յիշեց ուքրանիան, կարծես իր աչքին առջեւ երեւցան ինը ամիսներէ ի վեր համայն ժողովուրդի մը ապրած անասելի չարչարանքները, պատերազմի պատճառաւ, որ միայն կորուստ, կործանում, սարսափ ու մահ է։

«Քեզի նայելով, որ զերծ ես մեղքէն, կարող ենք շարունակել հաւատալ եւ յուսալ, որ ատելութեան վրայ սէրը յաղթէ, սուտին վրայ` ճշմարտութիւնը, արհամարհանքին վրայ ներումը յաղթէ եւ պատերազմին վրայ յաղթէ խաղաղութիւնը» եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքը։

Ծերունի քահանայապետը այդ կոթողին դիմաց իր հետ բերած էր համայն աշխարհին մարդոց ու կիներուն մտահոգութիւնները, ցաւերը, վիշտերը, պատերազմի արհաւիրքի հետեւանքները, ու նաեւ խաղաղութեան եւ աւելի լաւ ապագայի մը յոյսերը։

Սպանիա հրապարակի վրայ կայացած արարողութիւնը
Սպանիա հրապարակի վրայ կայացած արարողութիւնը

Տիրամօր յանձնուած անտեսանելի ծաղիկները

Ճերմակ վարդերու փունջը օրհնելէ ետք Նորին Սրբութիւնը աղօթքին սկիզբը յիշեց երկու անցեալ տարիներուն, համաճարակին առթիւ իր առանձին կատարած աղօթքը, մինչ այսօր «կը վերադառնամ Եկեղեցւոյ եւ այս քաղաքի մարդոց հետ միասին ու քեզի կը բերեմ քու զաւակներուդ խնդրանքներն ու շնորհակալութիւնները» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, յիշելով որ Սուրբ Կոյսը կը տեսնէ նաեւ «անտեսանելի այն ծաղիկները, որոնք բազմաթիւ աղերսներ են, լռելեան աղօթքներ, յաճախ խեղդուած ու թաքուն»։

Քահանայապետին աղօթքը Տիրամօր արձանի ոտքին
Քահանայապետին աղօթքը Տիրամօր արձանի ոտքին

Մարդոց ու կիներուն որդիական սէրը

« Ես քեզի կը բերեմ, բազմաթիւ մարդոց ու կիներուն, եւ ոչ միայն քրիստոնեայ, որդիական սէրն ու գնահատանքը... որովհետեւ խաւար ամպերու մէջ դուն յոյսի եւ մխիթարութեան նշան ես։ Քեզի կը բերեմ մանուկներուն ժպիտը, որոնք իրենց մօր ու մեծ մօր գիրկին մէջ կը սորվին թէ Մայր մըն ալ ունին Երկնքի մէջ, եւ երբ կեանքին մէջ այդ ժպիտներուն տեղ արցունքները կը յայտնուին, որքան կարեւոր է անոնց համար քեզ ճանչնալը եւ որպէս պարգեւ քու մայրութիւնդ ունենալը» ըսաւ ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Կոյսի հովանիին յանձնելով նաեւ տարեցները եւ անոնց «կեանքով արտայայտուած երախտագիտութիւնը», ապա ընտանիքներուն մտահոգութիւնները` «Հայրերն ու մայրերը, որոնք դժուարութիւն ունինք իրենց տան հաշիւները հաւասարակշիռ պահելու համար եւ օրը օրին կը դիմագրաւեն մեծ ու փոքր մարտահրաւէրներ, յառաջ ընթանալու համար»։

Քահանայապետին աղօթքը Տիրամօր արձանի ոտքին
Քահանայապետին աղօթքը Տիրամօր արձանի ոտքին

Երիտասարդներուն անձկութիւնները

«Յատկապէս քեզի կը յանձնեմ երիտասարդ զոյգերը, որպէսզի նայելով քեզի եւ Սուրբ Յովսէփին, կեանքը դիմագրաւեն քաջութեամբ, վստահելով Աստուծոյ նախախնամութեան» յարեց ապա Սրբազան Պապը Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ յանձնելով երիտասարդներուն անձկութիւններն ու ապրած դժուարութիւնները, մասնաւորապէս համաճարակի հետեւանքով, «որպէսզի, ըսաւ Ան, կամաց կամաց վերսկսին թափահարել ու տարածել իրենց թեւերը և վերագտնեն դէպի բարձունքները թռչելու հաճոյքը»:

Անարատ Յղութեան տօնի արարողութիւնը Սպանիա հրապարակին վրայ

Այցելութիւն Մարիա Մաճճորէ

Ֆրանչիսկոս Պապ Սպանիա հրապարակ ժամանեց 15.47 անց ուր դիմաւորուեցաւ Հռոմի Քաղաքապետ Ռոպերթօ Կուալթիերիի եւ Հռոմի Թեմին Քահանայապետի տեղակալ Եպիսկոպոս Կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնաթիսի կողմէ։

Նախ քան Սպանիա հրապարակ ժամանելը Ֆրանչիսկոս Պապը այցելած էր Սանթա Մարիա Մաճճորէ Մարեմեան տաճարը եւ աղօթած իր սրտին խօսով Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերին առջեւ։

Սպանիա հրապարակին վրայ կայացած արարողութեան աւարտին Սրբազան Պապը, նախ քան Վատիկան վերադառնալը, ուզեց մօտենալ եւ ողջունել իր հետ աղօթքին մասնակցած բազմաթիւ հաւատացեալները։

Ֆրանչիսկոս Պապին հաւատացեալներուն հետ հանդիպումը
Ֆրանչիսկոս Պապին հաւատացեալներուն հետ հանդիպումը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/12/2022, 16:38