Որոնել

Քահանայապետը խորապէս մտահոգուած է Արցախի բնակչութեան շրջափակումով

«Ինծի մտահոգութիւն կը պատճառէ Լաչինի միջանցքին մէջ ստեղծուած իրավիճակը,... Ես բոլորէն կը խնդրեմ յանձնառու ըլլալ խաղաղ լուծումներ գտնելու յանուն մարդոց բարօրութեան»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 18 դեկտեմբերի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած եւ աղօթքին մասնակցող հաւատացեալներուն իր խոր մտահոգութիւնը արտայայտց Լաչինի միջանցքի փակումին համար։

Նորին Սրբութեան մտահոգութիւնը ուղղուած էր Լեռնային Ղարաբաղի 120,000 հայերուն, որոնց շարքին 30,000 մանուկներ։ Անոնք ներկայիս կը գտնուին մեկուսացման մէջ եւ աշխարհէն խզուած, ի տես Ազրպէյճանցիներու «բնապահպական» նկատառումներով կատարած Արցախը աշխարհին կապող միակ ճանապարհի արգելափակումին։

“«Ինծի մտահոգութիւն կը պատճառէ Լաչինի միջանցքին մէջ ստեղծուած իրավիճակը, հարաւային Կովկասի մէջ։ Մասնաւորապէս մտահոգ եմ բնակչութեան մարդասիրական անկայուն պայմաններուն համար, որոնք վտանգուած են աւելիով վատթարանալու ձմեռային եղանակի ընթացքին» ըսաւ Սրբազան Պապը կոչ ուղղելով հարցին մէջ ներգրաւուած անձերուն որ «յանձնառու ըլլան խաղաղ լուծումներ գտնելու` յանուն մարդոց բարօրութեան»։”

Սրբազան Պապը ապա աղօթք խնդրեց նաեւ Փերուի մէջ խաղաղութեան համար, «որպէսզի դադրին Երկրին մէջ բռնութիւնները եւ ձեռք բերուի երկխօսութեան ուղին, յաղթահարելու համար քաղաքական եւ ընկերային ճգնաժամը, որ պատուհաս մըն է բնակչութեան համար»։

Այս խօսքերէն ետք Նորին Սրբութիւնը ողջունեց տարբեր վայրերէ ժամանած եւ հրապարակին վրայ գտնուող ուխտաւորներու զանազան խումբերը ապա հրաւիրեց Սուրբ Կոյս Մարիամէն խնդրել որ դպչի բոլոր անոնց սրտերուն, որոնք կարող են դադրեցնել Ուքրանիոյ պատերազմը։ Չի մոռնանք, ըսաւ Ան, այդ ժողովուրդին տառապանքը, մասնաւորապէս մանուկներն ու տարեցները, եւ հիւանդները։ Աղօթենք։ Աղօթենք» կրկնեց Նորին Սրբութիւնը, որ խօսքը եզրափակեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ բարի Գալստեան երթ, ինչպէս միշտ աղօթքներ խնդրելով իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/12/2022, 12:55