Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Մահուան առեւտուրը երկիրը կը դարձնէ զինանոց, խաղաղութիւնը պէտք է արմատաւորուի»։

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Muslim Council of Elders անդամներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 4 նոյեմբերին, յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝այցելէ Sakhir Royal Palace»ի մզկիթ, ուր հանդիպում կ՝ունենայ Muslim Council of Elders կազմակերպութեան անդամներուն հետ։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց ներկաները մաղթելով, որ Բարձրեալին խաղաղութիւնը իջնէ բոլորին վրայ, որոնք նպատակ ունին խթանել համերաշխութիւնը, խուսափելու համար բաժանումներէն եւ մահմետական հասարակութիւններու ներքեւ հակամարտութիւններէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց, որ Աստուծոյ խաղաղութիւնը իջնէ բոլորին վրայ որոնք կը փափաքին խաղաղութիւնը տարածել սիրտերուն մէջ սերմանելով յարգանքի, հանդուրժողականութեան եւ չափաւորութեան արժէքները։

Ֆրանչիսկոս Պապ
Ֆրանչիսկոս Պապ

Աստուած խաղաղութեան աղբիւր

Սրբազան Հարը ապա խօսքը կեդրոնացնելով խաղաղութեան վրայ յարեց, թէ Աստուած խաղաղութեան աղբիւր է աւելցնելով որ խաղաղութեան Աստուածը երբեք չ՝առաջնորդեր դէպի պատերազմ, երբեք չպատճառեր ատելութիւն ու երբեք բռնութեան կողմնակից չէ։ «Մենք որ Աստուծոյ կը հաւատանք, կանչուած ենք խթանելու խաղաղութիւնը, խաղաղութեան միջոցներով՝ ինչպէս հանդիպումը, համբերատար բանակցութիւնները,եւ երկխօսութիւնը որ է ընդհանուր համակեցութեան թթուածինը։ ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ խաղաղութիւնը ոչ միայն կը հռչակուի այլ պէտք է արմատաւորուած ըլլայ եւ դա կարելի է իրականացնել վերացնելով անհաւասարութիւնները, խտրականութիւնները, որոնք անկայունութիւն եւ թշնամութիւն կը յառաջացնեն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շնորհակալութիւն յայտնելով ստացած հիւրընկալութեան համար, ինչպէս նաեւ ներկաներուն խաղաղութեան ի սպաս տածած աշխատանքներու համար յայտնեց, թէ ինք եկած է որպէս Աստուծոյ հաւատացեալ, որպէս խաղաղութեան եղբայր եւ ուխտաւոր։ Եկած է որպէսզի միասնաբար քալեն Ասսիզացի սուրբ Ֆրանչիսկոսի հոգիին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ
Ֆրանչիսկոս Պապ

Ֆրանչիսկոս Պապ ապայ յայտնեց, որ ինք մեծապէս տպաւորուած է, Պահրէյնի մէջ հիւրի մը հիւրընկալութեան ձեւէն. հիւրին ձեռքը ոչ միայն կը սեղմուի այլ հիւրնակալողը իր ձեռքը կը դնէ սիրտին վրայ, որպէս սիրոյ նշան։ Սրբազան Հայրը նշեց որ ինք եւս իր ձեռքը կը դնէ իր սիրտին վրայ, որպէս սիրոյ նշան, նայելով իւրաքանչիւրին եւ փառաբանելով Աստուած սոյն հանդիպումի հնարաւորութեան համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ ինք կը հաւատայ, որ միշտ կարիքը կայ միասին հանդիպելու, իրարու ճանչնալու եւ իրականութիւնը զտեղելու գաղափարներէն առաջ, անձերը՝ կարծիքներէն առաջ, ինչպէս նաեւ Երկինքը բացութիւնը, Երկրի մէջ՝ նախ քան հեռաւորութիւնները, եղբայրութեան ապագան՝ թշնամութեան անցեալէն առաջ, յաղթահարելով նախապաշարումներն ու պատմութեան անհասկացողութիւնները, յանուն Անոր որ խաղաղութեան աղբիւրն է։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց առաջնորդուելու Ալի իմամին խօսքերով «Անձերը երկու տեսակ են, կամ քու եղբայրներդ հաւատքի մէջ են կամ քու նմաններդ մարդկութեան մէջ ու զգալ, որ կանչուած ենք խնամ տանելու բոլոր անոնց, որ Աստուածային ծրագիրը զետեղած անոնց մօտ։

Նորին Սրբութիւնը խրախուսեց մոռնալ անցեալը եւ ինչպէս նաեւ պաշտպանել եւ խթանել բոլոր մարդկանց ընկերային արդարութիւնը, բարոյական արժէքները, խաղաղութիւնն ու ազատութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ
Ֆրանչիսկոս Պապ

Մարդ էակը հեռացաւ Աստուծմէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց, որ մարդ էակը հեռանալով Աստուծմէ, սկիզբ առին անհաւասարակշռութիւնները եւ խնդիրները, որոնք պատմուած են Սուրբ գիրքին մէջ. եղբայրներու միջեւ վիճաբանութիւններն ու սպանութիւնները, շրջակայ միջավայրի անկարգութիւններն ու աւերածութիւնները, ինչպէս նաեւ մարդկային ընկերութեան մէջ հակասութիւնները։

Այս բոլոր չարիքները հիմնուած են Աստուծոյ եւ եղբօր մերժումին մէջ, անտեսելով կեանքին հեղինակը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով որ Սուրբ Գիրքին մէջ գրուած՝ Աստուծոյ երկու հարցումները «Ուր ես» (Ծնն 3,9) եւ «Ուր է քու եղբայրդ« (Ծննդ 4,9) կը մնան միշտ վաւեր եւ դաւանած հաւատքէն անդին, կը հարցաքննեն իւրաքանչիւր գոյութիւնը ու ամէն դարաշրջան։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ «միակ պարտականութիւնը որ ունինք այն է օգնել վերագտնելու կեանքի մոռցուած աղբիւրները, հաւատացեալները մօտեցնել դէպի Աստուած ու այդ կատարելու համար կան երկու ձեւեր. աղօթքն ու եղբայրութիւնը։

Ասոնք են զէնքերը, հեզ ու արդիւնաւէտ, եւ պէտք չէ որ փորձուիլ այլ միջոցներէն, Ամենակալին անյարմար դիւրիմացումներէ, Աստուած որուն խաղաղութեան անունը վիրաւորուած է անոնցմէ, որոնք կը հաւատան զէնքի ուժին, սնանելով բռնութիւն, պատերազմ եւ զէնքերու վաճառականութիւն, մահուան վաճառականութիւն, որ դրամի միջոցաւ մեր հասարակաց տունը կը վերածեն մեծ զինանոցի։

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց որ ունինք մեծ պատասխանատուութիւն Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ, ու պէտք է ըլլալ քարոզներուն օրինակելի տիպարներ, ոչ միայն հասարակութիւններուն եւ հասարակաց տան առջեւ այլ միացած եւ համաշխարհայնացած աշխարհին առջեւ։

Խնդրեց իրարու օգնել եւ շարունակել այսօրուան հանդիպումը, միասնաբար քալելով։

Ֆրանչիսկոս Պապ
Ֆրանչիսկոս Պապ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2022, 15:00