Որոնել

1667493491629.jpg

Պահրէյնի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութեան երկրորդ օրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ Արաբիոյ Տիրամօր աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ կը մասնակցի «Խաղաղութեան համար համամիութենական աղօթք»ին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 4 նոյեմբերին, Պահրէյն կատարած առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրը՝ առաւօտեան, ֆրանչիսկոս Պապ առանձնական Սուրբ Պատարագ մատուցանելէ ետք իր նստավայրին մէջ հանդիպում ունեցաւ եւ ողջունեց Արաբական միացեալ թագաւորութիւններուն հանդուրժողականութեան նախարար, Շէյխ Նահեան Պին Մուպարաքը, Թաթարսթանի հանրապետութեան նախագահ տիար Ռուսթամ Մինիքանովը եւ 2014ին, խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակը ստացած տիար Քայլաշ Սաթյարթին։

Հանդիպումներու աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ կը փոխադրուի Al-Fida’ Square, ուր կը դիմաւորուի Պահրէյնի Թագաւոին եւ Ալ Ազհար աւագ իմամին կողմէ ապա կը մասնակցի "Bahrain Forum for Dialogue: East and West for Human Coexistence" ձեռնարկի փակման նիստին։

«Bahrain Forum for Dialogue» ձեռնարկը

Bahrain Forum for Dialogue: East and West for Human Coexistence ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աշխարհի տարբեր վայրերէն ժամանած կրօնապետեր եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։

Ձեռնարկը նախաձեռնութիւնն է Muslim Council of Elders կազմակերպութեան ինչպէս նաեւ Իսլամական գործունէութիւններու բարձրագոյն խորհուրդին։

Ձեռնարկի նպատակն է երկխօսութեան կամուրջներ կառուցել եւ ֆորումի նախատեսուած տարբեր նիստերու նիւթերը կեդրոնացած են համաշխարհային համակեցութեան, մարդկային եղբայրութեան խթանման, ինչպէս նաեւ ժամանակակից հարցերը դիմագրաւելու համար կրօնաւորներուն եւ ուսումնագէտներու դերակատարութեան վրայ։

«Bahrain Forum for Dialogue» ձեռնարկին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ կը փոխադրուի պապական նստավայր։

Յետմիջօրէին, տեղական ժամով 4ին, Պապական նստավայրի մէջ Սրբազան Հայրը առանձնական հանդիպում կ՝ունենայ Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայըպին հետ, ապա կը փոխադրուի «Sakhir Royal Palace»ի մզկիթ, ուր հանդիպում կ՝ունենայ«Mouslim council of Elders»ի անդամներուն հետ։

Sakhir Royal Palace»ի մզկիթ ժամանումին, Ֆրանչիսկոս Պապն ու Ալ Ազհարի աւագ Իմամը կը դիմաւորուին իսլամական գործերուն գերագոյն խորհուրդի նախագահին եւ Muslim Council of Elders կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարին կողմէ։

Muslim Council of Elders կազմակերպութիւնը

Muslim Council of Elders միջազգային անկախ կազմակերպութիւն մըն է, որուն աթոռը կը գտնոււի  Ապու Տապիի մէջ եւ հիմնուած է 18 յուլիս 2014ին, խթանելու համար խաղաղութիւնը իսլամական հասարակութիւններու ներքեւ։

Խորհուրդին մաս կը կազմեն արդարութեան, անկախութեան, չափաւորութեան սկզբունքներով յարգուած մուսուլման փորձագէտներ եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։

Muslim Council of Elders կազմակերպութեան անդամներու հետ Հանդիպումի աւարտին, յետմիջօրէին ժամը 5,30ին, Ֆրանչիսկոս Պապ ինքնաշարժով կը փոխադրուի Արաբիոյ Տիրամօր աթոռանիստ Եկեղեցի, ուր կը մասնակցի «Խաղաղութեան համար համամիութենական աղօթք»ին։

Արաբիոյ Տիրամօր աթոռանիստ Եկեղեցին

«Արաբիոյ Տիրամայր» եկեղեցւոյ կառուցումը տևած է եօթը տարի: Օծումը տեղի ունեցաւ 2021 թուականի դեկտեմբերի 10-ին, մասնակցութեամբ Սուրբ Աթոռի Աւետարանութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ, Լուիս Անթոնիօ Թակլէի և Հարաւային Արաբիոյ առաքելական փոխանորդ Գերապայծառ Փոլ Հինտէրի: Տաճարի կառուցման գաղափարը Արաբիոյ առաքելական նախկին փոխանորդ` Գերապայծառ Քամիլլօ Պալիինն էր, որ սակայն մահացաւ 2020-թուականին:

2021 թուականէն ի վեր Արաբիոյ Տիրամօր տաճարը եղած է Հիւսիսային Արաբիոյ աթոռանիստ վայրը։

Արաբիոյ Տիրամայր մայր տաճար ժամանելուն, Սրբազան Քահանայապետը կը դիմաւորուի Առաքելական կառավարիչին եւ ժողովրդապետին կողմէ, ապա երեք մանուկներ Անոր կը փոխանցեն ծաղիկներ որպէսզի Քահանայապետը զետեղէ Տիրամօր արձանին առջեւ։  Պահ մը լռելեան աղօթքէ ետքը Սրբազան Պապը կը ստորագրէ պատուոյ մատեանը, հուսկ սկիզբ կ՝առնէ խաղաղութեան նուիրուած համամիութենական աղօթքը, որուն ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ուղղէ իր սիրտի խօսքը, որուն կը յաջորդէ խաղաղութեան աղօթքը ապա «Հայր Մերը» եւ Քահանայապետին օրհնութիւնը։ Հանդիպումը կ՜աւարտի Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի խաղաղութեան աղօթքի երգեցողութեամբ որմէ ետքը ֆրանչիսկոս Պապը կը փոխադրուի Պահրէյնի պապական նստավայր վերջ տալով ճամբորդութեան երկորդ օրուայ յայտագիրին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2022, 07:40