Որոնել

1667629073826.jpg

Պահրէյն. Ֆրանչիսկոս Պապին խաղաղութեան սուրբ պատարագը ու երիտասարդներուն հետ հանդիպումը

Սրբազան Պապին Պահրէյնի առաքելական ճամբորդութեան երրորդ օրուան յայտագիրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Պահրէյնի առաքելական ճամբորդութեան երրորդ օրուան յայտագիրը սկիզբ առաւ տեղական ժամով առաւօտեան կանուխ երբ Նորին Սրբութիւնը փոխադրուեցաւ «Bahrein National Stadium» մարզադաշտ, որ կը գտնուի Ռիֆֆայի շրջանի մէջ, որ Պահրէյնի Թագաւորական ընտանիքին նստավայրը համարուած է։

Խաղաղութեան եւ արդարութեան համար սուրբ Պատարագ

Մարզադաշտը կառուցուած է 1982ին եւ վերանորոգուած 2012 թուականին ու կարող է պարունակել 30 հազար հաւատացեալ։

Մարզադաշտ ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը շրջանը կատարեց դաշտին, ողջունելով այս առթիւ այնտեղ համախմբուած հաւատացեալները ապա նոյն վայրին մէջ նախագահեց «խաղաղութեան եւ արդարութեան» համար պատարագին, որուն առթիւ ներկայացուց յաւուր պատշաճի քարոզը։

Սուրբ պատարագէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապը վերադարձաւ Պապական Նստավայր, հուսկ կէսօրէն ետք տեղական ժամով 16,45ին, (հռոմի ժամով 14,45), Ան փոխադրուեցաւ իր նստավայրէն եօթը քմ. հեռաւորութեան վրայ գտնուող «Սուրբ Սիրտ» անուամբ կաթողիկէ երկրորդականի դպրոց, որուն առաքելութիւնն է աշակերտները պատրաստել ակադեմիական ուսմունքի։ Դպրոցը հիմնուած է 40-ական թուականներուն Մանամայի մէջ, համանուն եկեղեցւոյ մօտ։ Տարիներու ընթացքին դպրոցի կեդրոնը փոխադրուեցաւ «Իսա Թաուն» պահպանելով իր Մանամայի կեդրոնը։ 2003 թուականէն անոր հոգաբարձութիւնը յանձնուած է «Քարմելօ Ափոսթոլիքօ» միաբանութեան քոյրերուն, որոնք այսօր ժողովրդապետական եկեղեցւոյ հետ միասին կը կազմեն «Սուրբ Սրտի Ընտանիքը»։

Երիտասարդներու հետ հանդիպում

Դպրոց ժամանելուն Քահանայապետին կը դիմաւորէ դպրոցի տնօրէնուհին, երկու դասատուներ եւ մի քանի աշակերտներ, որոնք զինք կ՛առաջնորդեն դպրոցի մարզասրահ, ուր տեղի կ՛ունենայ Սրբազան Քահանայապետին հանդիպումը այնտեղ համախմբուած մօտ 800 աշակերտներուն հետ։

Հանդիպումը կը նախատեսէ, բացման երգ, աւանդական պար, իսլամ աշակերտի մը, ապա կաթողիկէ աշակերտուհիի մը վկայութիւնները, հուսկ Սուրբ Սիրտ ժողովրդապետութենէն երիտասարդի մը վկայութիւնը, որուն կը յաջորդէ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը, որմէ ետք կը կարդացուի խաղաղութեան պատգամը եւ բոլոր ներկաները միասնաբար կ՛աղօթեն Հայր մեր աղօթքը։

Հաւաքը կ՛եզրափակուի Սրբազան Պապին օրհնութեամբ ու անոր Պատուոյ Մատեանի ստորագրութեամբ, որմէ ետք ան դարձեալ կը վերադառնայ Պապական նստավայր վերջ տալով երրորդ օրուայ յայտագիրին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/11/2022, 07:16