Որոնել

 Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ  

«Եղէք Խաղաղարարներ». Քահանայապետը լրագրողներուն

Պահրէյնէն վերադարձի թռիչքի ընթացքին իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ զրուցելով Քահանայապետը խօսեցաւ աշխարհի մէջ հակամարտութիւններու մասին, յիշեց Լիբանանը եւ լիբանանցիներուն ապրած ողբերգութիւնը, խօսեցաւ Ալ Ազհարի Աւագ Իմամին հետ իր բարեկամութեան մասին, կիներու իրաւունքներու մասին ու գաղթականութեան երեւոյթի մասին։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Եկեղեցւոյ մէջ ոտնձգութիւններու հարցի մասին եւ Գերմանիոյ Կաթողիկէներուն յորդորեց ըլլալ Կաթողիկէ Եկեղեցի։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 6 նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Պահրէյնի ճամբորդութիւնը աւարտելէ ետք, դէպի Հռոմ թռիչքի ընթացքին սովորութեան համաձայն հանդիպեցաւ իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ պատասխանելով իրեն ուղղած մի քանի հարցումներուն։

Պահրէյնի առաքելական ճամբորդութիւնը

Առաջին հարցումը ուղղեց «Bahrain News Agency» լրատու գործակալութեան լրագրող Ֆաթիմա Ալնաժէմը, որ հարց տուաւ թէ Քահանայապետը ինչպէս կը գնահատէ Պահրէյնի առաքելական ճամբորդութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապը պատասխանեց, թէ այդ եղաւ հանդիպումի եւ միջկրօնական երկխօսութեան հանդիպում մը, իսլամութեան հետ ու նաեւ համամիութենական երկխօսութիւն` Բարթողոմէոս Պատրիարքին հետ։ Նորին Սրբութիւնը յատուկէն գնահատեց Ալ Ազհարի Աւագ Իմամին հանդիպումներու ընթացքին առաջարկած միտքերը, յատկապէս հայող միութեան, իսլամ աշխարհէն ներս, յարգելով իւրաքանչիւրը միւսին ինքնութիւնը։

«Երկխօսութիւն կատարելու համար անհրաժեշտ է մեկնիլ ինքնութենէն, եւ ըլլայ Ալ Ազհարի Աւագ Իմամը, ըլլայ Բարթողոմէոսը ունին զօրեղ ինքնութիւն», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, անդրադառնալով քրիստոնեաներու միջեւ բաժանումներուն, բայց նաեւ համամիութենական քայլերուն` Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովէն ետքը։

«Մենք պէտք է խօսինք ու քալենք միասին եւ այս մէկը կարեւոր վկայութիւն մըն է» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը, որ ակնարկեց նաեւ Տարեցներու իսլամական Խորհուրդին հետ հանդիպումին եւ այդ առթիւ արծարծուած նիւթերուն, որոնց շարքին արարչագործութեան պաշտպանութիւնը, որ, նշեց Սրբազան Պապը, բոլորիս մտահոգութիւնն է, իսլամ թէ քրիստոնեայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց նաեւ Ահմատ Ալ Թայըպին հետ բարեկամութեան ու թէ ինչպէս Ան Կարդինալ Փարոլինի հետ միասին, նոյն օդանաւով, այժմ ուղղուած են Եգիպտոս, «միասին որպէս եղբայրներ», ըսաւ Քահանայապետը, վերահաստատելով, որ ճամբորդութիւնը եղաւ «հանդիպումի ճամբորդութիւն», որուն առթիւ ինք Պահրէյնի մէջ ծանօթացաւ «բոլորին բաց մշակոյթի մը», ուր իւրաքանչիւր անհատ ունի իր ազատութիւնը, եւ նոյնիսկ կիները կարող են աշխատիլ։

Քահանայապետին ուղղուած երկրորդ հարցումը Լիբանանցի լրագրող Իմատ Ադրաշի հարցումն էր, որ հարց տուաւ` եթէ իսլամներու հետ երկխօսութեան ուղեւորութիւնը կարող է իր գագաթնակէտին հասնի Վատիկանի մէջ հանդիպումով մը։ Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Պապին այսօր առաւօտեան կղերական դասին հետ հանդիպումին առիթով Լիբանանը յիշած ըլլալուն համար։

Ալ Ազհարի Աւագ Իմամին հետ բարեկամութիւնը

Սրբազան Պապը հարցումէն օգտուելով պատմեց թէ Ալ Ազհարի Աւագ Իմամին հետ բարեկամութիւնը ծնունդ առաւ պատահաբար, երբ անոր Վատիկան տուած մէկ այցելութեան առթիւ Ինք ճաշի հրաւիրած էր զայն անակնկալ կերպով ու այդ ճաշի ժամանակ է, որ ծնունդ առաւ Մարդկային Եղբայրութեան փաստաթուղթի գաղափարը, որ ապա ստորագրուեցաւ Ապու Տապիի մէջ։

Նորին Սրբութիւնը նշեց նաեւ թէ այդ փաստաթուղթի հիման վրայ է, որ ինք հրապարակեց «Fratelli tutti» յորդորագիրը, հաստատելով, որ «ճանապարհը ներշնչողը Տէրն է», «ես Աւագ Իմամին ոչ իսկ անունը գիտէի», յարեց Ան, նշելով, որ վերոնշեալ հանդիպումէն ետքը իրենք դարձան բարեկամներ։

Լիբանանը

Խօսելով Լիբանանի մասին Քահանայապետը ցաւ արտայայտեց այնտեղ տիրող կացութեան համար։ «Որովհետեւ Լիբանանը միայն երկիր մը չէ, այլ պատգամ է, ինչպէս ըսած է իմ նախորդներէս մին» ըսաւ Ֆրանչիսկոսը, ապա կոչ ուղղեց Լիբանանի քաղաքական իշխանութիւններուն. «Մէկդի դրէք անձնական շահերը, նայեցէք Երկրին եւ իրար հետ համաձայնեցնէք։ Առաջին տեղ կայ Աստուած, ետքը հայրենիքը հուսկ շահերը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, խրախուսելով նաեւ թիկունք կանգնելու լիբանանին, որպէսզի ան կարողանայ վերականգնիլ եւ վերագտնէ իր մեծութիւնը։

Ասկէ մեկնելով Քահանայապետը լրագրողներէն խնդրեց, որ աղօթեն լիբանանի համար, ապա խօսին անոր ապրած դժուարութիւններուն մասին։

Կիները` պարգեւ

Կիներուն իրաւունքին հայող երրորդ Հարցումը ուղղեց Քարոլ Կլատս լրագրողուհին։

Սրբազան Պապը հաստատեց, թէ կիներու իրաւունքներուն համար պայքարը շարունակական պայքար է։

«Իրաւունքները հիմնական իրաւունք են եւ մենք պէտք է շարունակենք պայքարիլ կիներու իրաւունքին համար, որովհետեւ անոնք պարգեւ մըն են։ Աստուած չի ստեղծեց մարդը անոր տալով շնիկ մը անոր հետ զուարճանալու համար։ Ան այր մարդը եւ կինը ստեղծեց հաւասար», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հաստատելով, որ «ընկերութիւն մը` որ կարող չէ տեղ տրամադրել կիներուն,  չի կարող յառաջ ընթանալ»։

Ասկէ մեկնելով Ան նշեց, թէ կիները ունին տարբեր շնորհք մը ու հարցեր լուծելու կարողութիւններ եւ թէ ինք եւս Վատիկանի զանազան վերատեսչութիւններուն մէջ կիներ նշանակած է։

«Ընկերութիւն մը, որ ընկերային կեանքէն կը ջնջէ կիները աղքատ ընկերութիւն մըն է։ Հարկաւոր են հաւասար իրաւունքներ ու նաեւ հաւասար հնարաւորութիւն» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, հրաւիրելով պայքարիլ կիներու իրաւունքներուն համար, որովհետեւ «կարիքը կայ կիներու, որոնք մեզ օգնեն փոխելու համար ընկերութիւնը»։

Ուքրանիոյ Պատերազմը եւ Վատիկանի դիւանագիտական աշխատանքը

Չորրորդ հարցումը Վիտա Նուեվա լրատու գործակալութեան լրագրող Անթոնիօ Փելայոյի Ուքրանիայի պատերազմին ու Վատիկանի դիւանագիտութեան վերաբերող ուղղուած հարցումն էր, որուն պատասխանելով Սրբազան Պապը խօսեցաւ Պետական Քարտուղարութեան դիւանագիտական լռելեան մեծ աշխատանքի մասին, ակնարկելով նաեւ իր ունեցած հանդիպումներուն եւ հեռախօսազրոյցներուն ու հաստատելով, թէ իրեն համար ըլլայ ռուս, ըլլայ ուքրանացի ժողովուրդները բարեկամ ժողովուրդներ են ու դարձեալ ընդգծեց պատերազմին դաժանութիւնը, շեշտը դնելով անոր պատճառած ահռելի հետեւանքներուն վրայ։

«Երբ տասնմէկ տարեկան էի առիթը ունեցայ սպասաւորուելու Ուքրանացի քահանայի մը պատարագներուն, որ ինծի սորվեցուց ուքրաներէն աղօթքներ» պատմեց Քահանայապետը։

Ան ապա խօսեցաւ երեք համաշխարհային պատերազմներու մասին, մատնանշելով, թէ մեր օրերուն ապրուած հակամարտութիւնները երրորդ համաշխարհային պատերազմ մըն են, ուր սպառազինութեան արդիւնաբերութիւնը մեծ դեր մը ունի, այս ուղղութեամբ անգամ մը եւս կրկնելով, որ «եթէ զէնքերուն յատկացուած ծախսերը տրամադրուին սնունդի համար կարելի պիտի ըլլայ աշխարհէն արմատախիլ ընել անօթութիւնը»։

Քահանայապետը առ այդ ակնարկեց Եմենին, Ռոհինճաներուն, Միանմարին, Սուրիոյ եւ Լիբանանին, Ռուս-Ուքրանական պատերազմին, ապա կոչ ուղղեց լրագրողներուն. «Եղէք խաղաղարարներ, գրեցէք պատերազմին հակառակ, պայքարեցէք պատերազմին դէմ։ Այս մէկը կը խնդրեմ` որպէս եղբայր», ըսաւ Սրբազան Պապը։

Եկեղեցւոյ մէջ ոտնձգութիւններու հարցը ու անոնց դէմ պայքարը

Հինգերորդ հարցումը ուղղեց «I.Media»ի լրագրող` Հակս Լէօֆէվրը եւ կը վերաբերէր Եկեղեցւոյ մէջ մանկապղծութեան հարցերուն։

Քահանայապետը հաստատեց, թէ այո անցեալին մէջ Եկեղեցւոյ մէջ եւս կը տիրէր հարցերը թաքնեցնելու սովորութիւնը, բայց այժմ եկեղեցին աւելի գիտակից է, արթուն է, եւ աւելի վճռակամ` պայքարելու համար այս երեւոյթին դէմ։ Ասիկա ընելու համար մենք պէտք է նախ ունենաք ամչնալու շնորհքը, «պէտք է ամչնանք այդ գէշ բաներուն համար, որ գործեցինք» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Գաղթականութեան հարցը` հիւրընկալել, ընկերանալ, խթանել եւ ընդելուզել

Վեցերորդ հարցումը կը հայէր գաղթականներուն ու մասնաւորապէս Իտալիոյ ափերուն հասնող գաղթականներով լեցուն նաւերու մասին, զոր ուղղեց իտալական Rai-Tg3-ի լրագրողուհի Վանիա Տէ Լուքան, որուն ապաստանեալով Սրբազան Քահանայապետը դարձեալ կրկնեց գաղթականները հիւրընկալելու համար չորս քայլերը. «Հիւրընկալել, ընկերանալ, խթանել եւ ընդելուզել», մատնանշելով, թէ հարկաւոր է Եւրոպական մակարդակի վրայ համաձայնութիւն մը, փրկելու համար գաղթականներուն կեանքերը, որոնք յաճախ թիրախ են չարաշահումներու։

Սրբազան Պապը հրաւիրեց գաղթականութեան հարցը դիմագրաւել ոչ միայն զանոնք ընդունելով Եւրոպայի մէջ այլ ներդումներ կատարելով Ափրիկէի մէջ, որպէսզի անոնք խոյս չտան իրենց երկիներէն։ «Եթէ մենք կ՛ուզենք լուծել գաղթականներուն հարցը պէտք է լուծենք Ափրիկէի հարցը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Վերագտնել արմատները `Քրիստոսի հետ հանդիպումը

Եօթներորդ եւ վերջին հարցումը ուղղեց Centrum informationis Catholicum գերմանական լրատուամիջոցի լրագրող` Լուտվիկ Ռինկ Էյֆելը, որ անդրադարձաւ Գերմանիոյ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մասին, Քահանայապետէն խնդրելով լուսաբանութիւն։

Ֆրանչիսկոս Պապը նշեց, թէ գերմանիոյ եկեղեցւոյ կրօնական պատմութիւնը մեծ ու բարդ է, «բայց ես կ՜ուզեմ գերմանացի կաթողիկէներուն ըսել. «Գերմանիոյ մէջ կայ մեծ Աւետարանական Եկեղեցի մը եւ ես կ՛ուզեմ այլ եկեղեցի մը, որ ըլլայ նոյնպէս մեծ, զայն կ՛ուզեմ կաթողիկէ։ Աւետարանակն եկեղեցւոյ հետ եղբայրութեան մէջ»։

«Պէտք է վերագտնել արմատները», ըսաւ Սրբազան Պապը, այդ արմատներուն աղբիւրը համարելով  Յիսուս Քրիստոսին հետ հադիպումը։ «Եթէ չկայ հանդիպում` անիկա կը դառնայ քրիստոնէութեամբ ծպտուած բարոյականութիւն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2022, 18:37