Որոնել

«Մեծ կրօններու ուղևորութիւնը ըլլայ խաղաղութեան խիղճ աշխարհի համար». Ֆրանչիսկոս Պապը «Bahrein Forum for Dialogue» հանդիպումին

«Ականատեսն ենք ողբերգութեան աստիճան մանկամիտ տեսարանի մը՝ մարդկութեան պարտէզին մէջ, ուր փոխանակ անոր հոգ տանելու, կը խաղանք կրակի հետ, հրթիռներու ու ռումբերու հետ, արցունքներ ու մահ պատճառող զէնքերու հետ՝ հասարակաց տունը պատելով մոխիրով և ատելութեամբ».

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Պահրէյն այցելութեան գլխաւոր հանգրուաններէն մին էր՝ «Bahrein Forum for Dialogue: East and West for Human Coexistence» միջկրօնական հանդիպումը, որուն փակումը տեղի ունեցաւ այսօր՝ 4 նոյեմբերին, Աուալի քաղաքին մէջ:

Անոր ներկայ էին հանդիպումի նախաձեռնողը` Պահրէյնի Թագաւոր Համատ պին Իսա Ալ Խալիֆան, Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայեպը, Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոսը, աշխարհիկ և եկեղեցական բարձրաստիճան այլ ներկայացուցիչներ:

Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպումին առիթով աստանած իր ճառը սկսաւ՝ ողջունելով ներկաները և շնորհակալութիւն յայտնելով Թագաւոր Համատին՝ հանդիպումի կազմակերպման համար:

Ան նշեց, որ Պահրէյնը իր անունը ջուրերէն ստացած է և «երկու ծովերու» միջև ինկած այդ արշիպեղագոսը կը նմանի երկիր մոլորակին, եթէ վերէն նայինք: Երկինքը կը յիշեցնէ մեր՝ միասնական մէկ ընտանիք, մէկ մեծ արշիպեղագոս, եւ ոչ թէ կղզախումբ ըլլալը:

«Բարձրեալը այս կերպ կ’ուզէ մեզի, և այս Երկիրը՝ իր աւելի քան 30 կղզիներով լաւագոյն կերպով կարող է խորհրդանշել Անոր ցանկութիւնը», հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը:

Արևելքն ու Արևմուտքը կը նմանին երկու հակադիր ծովերու

Սակայն, այսօր մարդկութիւնը, թէև կապի մէջ է ինչպէս երբեք, միաժամանակ աւելի շատ բաժնուած է քան միաւորուած, ուր «Արևելքն ու Արևմուտքը՝ ցամաքներ և ժողովուրդներ իրարու կապող ջուրերու փոխարէն, կը նմանին երկու հակադիր ծովերու», նկատեց Ֆրանչիսկոս Պապը և ընդգծեց, որ այս հանդիպումը կը հաստատէ, որ այնուամենայնիւ մենք մտադիր ենք նաւարկելու նոյն ծովուն վրայ՝ ընտրելով երկխօսութեան ճանապարհը, որ նաև կ’արտացոլուի անոր խորագիրին մէջ՝ «Արևելքը և արևմուտքը՝ յանուն մարդկային համակեցութեան»:

Քահանայապետը շեշտեց իր մտահոգութիւնը պատերազմական իրավիճակներով լի աշխարհի առնչութեամբ, ուր կրկին կանգնած ենք փխրուն հաւասարակշռութիւններու եզրին։

Տարբերակել բարին ու չարը, ջանք գործադրել իրար հասկնալու և համագործակցիլ՝ յանուն համընդհանուրի բարօրութեան

«Մինչ աշխարհի բնակչութեան մեծամասնութիւնը համախմբուած է նոյն դժուարութիւններու շուրջ, վշտահար է պարենային, բնապահպանական և համավարակային ճգնաժամերու բլրումով, ինչպէս նաև մեր մոլորակի մէջ աւելի ու աւելի աղմկարար անարդարութեան պատճառաւ, քանի մը հզօրներ կենտրոնացած են բախտորոշ պայքարի մէջ, կողմնապահական շահերու համար՝ վերակենդանացնելով հինցած արտայայտութիւններ, վերագծելով ազդեցութեան տարածքներ և կամելով հակադիր զանգուածներ: Այսպիսով, կարծես ականատեսը կը դառնանք ողբերգութեան աստիճան մանկամիտ տեսարանի մը՝ մարդկութեան պարտէզին մէջ, ուր փոխանակ անոր հոգ տանելու, կը խաղանք կրակի հետ, հրթիռներու ու ռումբերու հետ, արցունքներ ու մահ պատճառող զէնքերու հետ՝ հասարակաց տունը պատելով մոխիրով և ատելութեամբ»։

Ըստ Նորին Սրբութեան այս յարակարծութիւնն է, որ խորապէս կը տպաւորէ, քանի որ անոր դառն հետևանքները ճիշտ նման իրավիճակի կը հանգեցնեն, եթէ չկարողանանք տարբերակել բարին ու չարը, ջանք գործադրել իրարու հասկնալու և համագործակցելու՝ յանուն համընդհանուրի բարօրութեան:

Ֆրանչիսկոս Պապը յորդորեց առաջնորդուել «Աշխարհի խաղաղութեան եւ միասնական համակեցութեան համար Մարդկային եղբայրութեան» հայող փաստաթուղթով, ուր կը հաստատուի, որ Արևմուտքի և Արևելքի միջև հանդիպումը արգասաբեր կարող է ըլլալ, քանի որ քաղաքակրթութիւնները համապատասխանաբար կարող են բուժել իրարու հիւանդութիւնները:

Պապը շեշտեց, որ կրօնական առաջնորդները պարտաւոր են յանձնառու ըլլալ, օգտագործել իրենց դերը՝ օգնելու մարդկութեանը միասին նաւարկել՝ վերոնշեալ Փաստաթուղթէն և Պահրէյնի Թագաւորութեան հռչակագիրէն բխող որոշ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար, որոնցմէ առանձնացուց երեքը՝ աղօթք, կրթութիւն, և գործողութիւն:

Աղօթքը կը բանայ սիրտը դէպի Բարձրեալը

Աղօթքը կը դիպչի մարդու սիրտին և կը բանայ սիրտը դէպի Բարձրեալը՝ եսասիրութենէ, կեղծիքներէ և անարդարութենէ մաքրուելու համար: Անոնք, որոնք կ’աղօթեն, սրտերուն մէջ խաղաղութիւն կը ստանան և կրնան անոր վկաներն ու սուրհանդակներն ըլլալ, իրենց իսկ օրինակով, նշեց Նորին Սրբութիւնը և աւելցուց, որ այդ գործընթացի մէջ կրօնական ազատութիւնը կարևոր է, ինչպէս կը բացատրէ Պահրէյնի Թագաւորութեան հռչակագիրը. «Աստուած մեզ ուղղորդած է դէպի ընտրութեան ազատութեան աստուածային պարգևը», հետևաբար, «կրօնական սահմանափակումներու ցանկացած ձև չի կարող մարդուն առաջնորդել Աստուծոյ հետ իմաստալից յարաբերութիւններու», յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը:

Տգիտութիւնը խաղաղութեան թշնամին է

Երկրորդ մարտահրաւէրը՝ կրթութիւնը, էապէս կը վերաբերէ մարդու միտքին։ Այս ուղղութեամբ Սրբազան Քահանայապետը նշեց, որ Պահրէյնի Թագաւորութեան հռչակագիրը տգիտութիւնը կը համարէ խաղաղութեան թշնամի եւ ասկէ մեկնելով հաստատեց, որ «այնտեղ, որտեղ կը պակսին կրթութեան հնարաւորութիւնները կը շատնան ծայրայեղականութիւնները և արմատականութիւնը»:

»Ըստ այդմ, եթէ տգիտութիւնը խաղաղութեան թշնամին է ապա կրթութիւնը զարգացման բարեկամն է, որուն կոչուած են սատարելու կրօնները՛, աւելցուց Նորին Սրբութիւնը և ընդգծեց, որ կրթուելով, հնարաւոր է երկխօսել համբերութեամբ, սորվիլ ուրիշներու պատմութիւնը և մշակոյթը, սնուցել փոխըմբռնումը, ըլլալ հանդուրժող:

Կանանց դերը եւ մանուկներուն իրաւունքները

Որպէս կրթական հրատապութիւն Ֆրանչիսկոս Պապը թուարկեց երեք բնագաւառ, ուր կայ կրթութեան կարիքը

Առաջինը՝ կանանց դերի ճանաչումն է հասարակական բնագաւառէն ներս՝ «կրթութեան, աշխատանքի, սոցիալական և քաղաքական ասպարէզէն ներս իրաւունքները արտայայտելու մէջ» (հմմտ. Մարդկային եղբայրութեան հայող փաստաթուղթ)

Երկրորդը՝ «մանուկներու հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութիւնը» (նոյն Փաստաթուղթին մէջ), որպէսզի անոնք մեծնան կրթուած, աջակցուած, ուղեկցուած, որպէսզի անոնց վիճակուած չըլլայ ապրելու սովի ու բռնութեան մէջ, խղճի խայթով։ «Կրթենք և կրթուենք՝ ճգնաժամերուն, խնդիրներուն, պատերազմներուն նայելու մանուկներու աչքերով. Ասիկա անմեղ բարութիւն չէ, այլ հեռատես իմաստութիւն, ինչը կը նպաստէ մարդուն պատշաճ ապագայ կառուցելուն», հաստատեց Սրբազան Պապը:

Կրթութեան առնչուող մարտահրաւէրի երրորդ հրատապութիւնը ըստ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին՝ կրթել քաղաքացիութեան, միասին ապրելուն՝ իրարու նկատմամբ յարգանք տածելով և օրինականութեան մէջ:

«Քաղաքացիութեան մտապատկերի» կարևորութիւնը, այն է, որ «հիմնուած է իրաւունքներու և պարտականութիւններու հաւասարութեան վրայ» Մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթէն կրկին մէջբերում կատարեց Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով, որ «քաղաքացիութեան լիարժէք հայեցակարգը կ’ենթադրէ փոքրամասնութիւններ եզրոյթի խտրական օգտագործումէն հրաժարում, քանի որ ան իր հետ կը բերէ մեկուսացուած և թերարժէք զգալու սերմեր. հող կը նախապատրաստէ պատերազմական գործողութիւններու և տարաձայնութիւններու...:» (նոյն Փաստաթուղթի մէջ):

Գործել առարկայական նախաձեռնութիւններով

«Աղօթք» և «կրթութիւն» մարտահրաւէրները, ինչպէս նշուեցաւ վերը, կը վերաբերին մարդու սիրտին ու միտքին: Սրբազան Քահանայապետի ճառին մէջ ներկայացուած երրորդ և վերջին մարտահրաւէրը «գործողութեան» կամ ինչպէս Ան ընդգծեց՝ մարդու ուժերուն մարտահրաւէրը:

«Երբ կը քարոզուի ատելութիւն, բռնութիւն և տարաձայնութիւն, կը պղծուի Աստուծոյ անունը» (հմմտ. Պահրէյնի Թագաւորութեան հռչակագիր), ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը և շեշտեց, որ կրօնականները, պէտք է մերժեն այդ մէկը՝ առանց որևէ արդարացումի և գործեն հետևողականօրէն այդ ուղղութեամբ, քանի որ խօսքը բաւական չէ, անհրաժեշտ է դատապարտել և մեկուսացնել վայրագները, որոնք կը չարաշահեն Աստուծոյ անունը:

Դադրեցնել ահաբեկչական շարժումներուն որևէ աջակցութիւն

Սրբազան Պապը յորդորեց նաև «դադրեցնել ահաբեկչական շարժումներուն աջակցութիւնը դրամի, զէնքի, ծրագիրներու կամ նոյնիսկ լրատուամիջոցներու լուսաբանման միջոցաւ, և այս ամէնը դիտարկել, որպէս միջազգային յանցագործութիւններ, որոնք կը սպառնան համաշխարհային անվտանգութեանն ու խաղաղութեանը» և «դատապարտել ահաբեկչութիւնը՝ իր բոլոր ձևերով և դրսևորումներով» (հմմտ. Մարդկային եղբայրութեան հայող փաստաթուղթ):

Ան ապա խրախուսեց հանդէս գալ առարկայական նախաձեռնութիւններով, որպէսզի մեծ կրօններու ուղևորութիւնը ըլլայ առաւել արդիւնաւէտ և մշտական, «ըլլայ խաղաղութեան խիղճ` աշխարհի համար», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը որ ճառը եզրափակեց անգամ մը ևս ուշադրութիւնը հրաւիրելով գործելու, յատկապէս, յօգուտ աղքատներու, տարեցներու, հիւանդներու, գաղթականներու, ու մաղթեց, որ «Տէրը լուսաւորէ մեր քայլերը և միացնէ մեր սրտերը, մեր մտքերը և մեր ուժը (հմմտ. Մարկոս 12։30)»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2022, 09:18