Ֆրանչիսկոս Պապ. «Հաղորդակցութեան մէջ լրատուամիջոցները թող խուսափին պատերազմական մտային բռնուածութիւնէն»
Ռատիօ Վատիկան - Հայկական Բաժանմունք
29 սեպտեմբերին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց 2023 տարուան Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Օրուան նիւթը՝ «Սիրտով խօսիլ, ապրիլ ճշմարտութեամբ սիրոյ մէջ», քաղուած Սուրբ Պօղոսի Եփեսացիներուն ուղղած նամակէն (ԵՓ. 4,15) ։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ 2023 տարուան նիւթը առնչութիւն ունի 2022ի նիւթին` «Մտիկ ընել սրտին ականջներով» եւ կ՛ուզէ մաս կազմել այն ուղեւորութեան, որ համայն Եկեղեցին կը տանի դէպի յառաջիկայ 2023ին նախատեսուած Սիւնհոդոսը։
Խօսիլ սրտով կը նշանակէ «մեր մէջ գտնուող յոյսին բանականութիւն պարգեւել» ու զայն ընել «հեզութեամբ» օգտագործելով հաղորդակցութեան պարգեւը` իբրեւ կամուրջ եւ ոչ թէ իբրեւ պատնէշ։
Ընթանալ հակահոսանք
Ժամանակահատուածի մը մէջ որ յատկանշուած է բևեռացումներով եւ բուռն բանավէճերով մենք հրաւիրուած են ընթանալ հակահոսանք։ Պէտք չէ վախնանք հաստատելու ճշմարտութիւնը, որ իր արմատը կը գտնէ Աւետարանին մէջ եւ այդ հռչակումէն պէտք չէ բաժնենք «ողորմութեան ոճը». որ անկեղծ մասնակցութիւն է ժամանակակից մարդուն ուրախութիւններուն ու ցաւերուն, ինչպէս մեզի կը սորվեցնէ Աւետարանական հատուածը, որ կը պատմէ Յիսուսին խօսակցութիւնը Էմմաւուսի աշակերտներուն հետ։
Երկխօսութեան բաց հաղորդակցութիւն մը
Այսօր համաշխարհային հակամարտութեան ոլորտէն ներս աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է ունենալ միւսին հետ երկխօսութեան բաց հաղորդակցութիւն մը որ սատարէ զինաթափումին եւ գործէ արմատախիլ ընելու համար «պատերազմական մտային բռնուածութիւնները», որ արմատացած է մեր սրտերուն մէջ։
«Այս մէկը յանձնառում մըն է, որ պահամջուած է յատկապէս հաղորդակցութեան գործիչներէն, որոնք կոչուած են իրենց մասնագիտութիւնը իրականանցել որպէս առաքելութիւն մը` կերտելու համար աւելի արդար, աւելի եղբայրական եւ աւելի մարդկային ապագայ մը», նշուած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին կողմէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։
Յայտնենք, թէ հրեշտակապետերու տօնին օրը, որոնց շարքին Գաբրիէլ հրեշտակապետը, որ հաղորդամիջոցներու պաշտպան սուրբն է, Ֆրանչիսկոս Պապ անուանեց հաղորդամիջոցներու գերատեսչութեան երկու նոր անդամներ եւ տասը խորհրդատուներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ