Որոնել

Եկեղեցին թող փակ չմնայ իր ցանկապատին մէջ այլ հասանելի դառնայ բոլորին. Ֆրանչիսկոս Պապ

Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներու տօնին առթիւ Քահանայապետը Նորընտիր 44 Մետրոպոլիտներուն շնորհեց Եկեղեցական Հաղորդութիւնն ու Միութիւնը խորհրդանշող «Պալիում» ը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

29 Յունիսին կը յիշատակուի Հռոմ քաղաքի եւ Կաթողիկէ տիեզերական եկեղեցւոյ պաշտպան սուրբեր` Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնը, որուն առիթով աւանդութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոս մայր տաճարին մէջ գլխաւորեց Սուրբ պատարագը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին կարդինալական ու եպիսկոպոսական դասերը, ինչպէս նաեւ տարւոյն ընթացքին նոր նշանակուած 44 Արքեպիսկոպոս- Մետրոպոլիտները, որոնք արարողութեան ընթացքին Քահանայապետի ձեռքէն ընդունեցան Պալիումը` (Եմիփորոնը) որ կը խորհրդանշէ եկեղեցական հաղորդութիւնն ու միութիւնը։

Սրբազան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը ներկայացնող ու այս առթիւ Հռոմ գտնուող պատուիրակութեան մը անդամները։

Պալիումի յանձնման արարողութիւնը կատարուեցաւ պատարագին սկիզբը։

Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներու վկայութիւնը

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկեց Երկու առաքելապետերու կեանքի վկայութեան, մատնանշելով յատկապէս Սուրբ Պետրոսի բանտարկութեան ընթացքին Հրեշտակին երեւումին. «Յանկարծ Տիրոջ հրեշտակը եկաւ քովը կայնեցաւ։ Տանը մէջ լոյս մը ծագեցաւ։ Հրեշտակը Պետրոսին կողը խթելով՝ արթնցուց զանիկա ու ըսաւ. «Շուտով ելի՛ր»։ Շղթաները անոր ձեռքերէն վար ինկան» (Գործք առաքելոց 12,7) ապա Տիմոթէոսին ուղղուած Բ թուղթէն սուրբ Պօղոսի խօսքերուն, որ կ՜ըսէ «Բարի պատերազմը պատերազմեցայ» (4,7), եւ այս երկու հատուածներէն մեկնելով մեկնաբանեց երկու առաքեալներուն փորձառութիւնները հաստատելով որ մենք ալ որպէս հասարակութիւն կանչուած ենք ոտքի ելլելու արագօրէն, որպէսզի մտնենք յարութեան շարժականութեան մէջ եւ թոյլ տանք, որ Տէրը մեզ առաջնորդէ իր ուզած ճանապարհներուն վրայ։

Սիւնհոդոսը եւ Եկեղեցին

Նորին Սրբութիւնը շեշտը դրաւ հուսկ սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնոհոդոսին վրայ զոր Եկեղեցին կ՜ապրի այս օրերուն դիտել տալով որ «շատ անգամ որպէս Եկեղեցի մենք Պետրոսի նման կալանուած ենք, սովորութիւններու բանտին մէջ, վախ ունինք փոփոխութիւններէն եւ փոխանակ ըլլալու կենսունակութեան եւ ստեղծագործութեան նշան այն տպաւորութիւնը կու տանք որ գաղջ ենք եւ ծոյլ»։

Առանց շղթաներու ազատ եւ հեզ Եկեղեցի 

«Սիւնհոդոսը որ կ՜ապրինք այս օրերուն մեզ կը կոչէ դառնալու Եկեղեցի մը` որ ոտքի կը կանգնի, կարող հայեացքը ուղղելու աւելի անդին, դուրս գալու սեփական բանտերէն երթալու համար դէպի աշխարհը» ըսաւ Սրբազան Պապը։ «Առանց շղթաներու եւ առանց պատերու եկեղեցի մը` ուր իւրաքանչիւր անձ ինքզինք զգայ ընկալուած, առաջնորդուած, ուր կը մշակուի ունկնդրութեան արուեստը, երկխօսութեան եւ մասնակցութեան արուեստը Սուրբ Հոգիի միակ իշխանութեան տակ» աւելցուց Ան ու շարունակեց, «Եկեղեցի մը ազատ եւ հեզ, որ շուտով ոտքի կը կանգնի եւ թոյլ կու տայ ոգեւորուիլ Աւետարանի քարոզութեան կիրքով եւ բոլորին հասնելու ու բոլորը ընկալելու իղձով» յարեց Սրբազան Պապը։

Բոլորս ալ պարտաւոր ենք մեր մասնակցութիւնը բերելու

Ակնարկելով հուսկ Սուրբ Պօղոսի խօսքերուն Ան դիտել տուաւ, որ առաքեալը իր կեանքի աւարտին կը տեսնէ մեծ «պայքար» մը որովհետեւ շատեր տակաւին յօժար չեն ընդունելու Յիսուսը եւ կը նախընտրեն իրենց սեփական շահերը եւ այլ վարդապետներ։ Պօղոս աւարտելով իր պայքարը Տիմոթէոսէն ու եղբայրներէն կը խնդրէ, որ շարունակեն այդ գործը, հսկելով, հռչակելով եւ ուսուցանելով, իւրաքանչիւրը կատարելով իրեն յանձնուած առաքելութիւնը։

Ասիկա կեանքի խօսք մըն է նաեւ մեզի համար, ու Եկեղեցւոյ մէջ իւրաքանչիւր անձ կոչուած է ըլլալու միսիոնար աշակերտ եւ նուիրելու իր սատարը։ Պէտք չէ բողոքենք այլ յանձնառու ըլլանք Եկեղեցւոյ ի սպաս։ Մասնակցինք գորովով եւ խոնարհութեամբ։

Սիւնհոդոսական Եկեղեցի կը նշանակէ բոլորն ալ կը մասնակցին... եւ «մասնակցիլ կը նշանակէ յառաջ տանիլ բարի պայքարը, որուն մասին կը խօսի Սուրբ Պօղոսը» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտելով բոլորը եւ միասին բառերը։

Ըլլանք Եկեղեցի որ կը խթանէ հոգատարութեան մշակոյթը

Որպէս Եկեղեցի, միասնաբար, պէտք չէ փակուինք մեր եկեղեցական ակումբներուն մէջ, այլ պէտք է օգնենք մէկը միւսին, դառնալու համար աշխարհին թթխմորը։ Միասին` կարող ենք եւ պարտական ենք մարդկային կեանքին հոգատարութիւն տանելու, արարչագործութիւնը պաշտպանելու, գործելու ի նպաստ աշխատանքի արժանապատւութեան, ընտանիքներու հարցերուն ի նպաստ, տարեցներուն, լքուածներուն, մերժուածներուն ու անտեսուածներուն պայմաններու ի նպաստ։

Ըլլանք Եկեղեցի մը, որ կը խթանէ հոգատարութեան մշակոյթը, տկարներուն նկատմամբ գթասիրութիւնը եւ ամէն տեսակ ապականումի դէմ պայքարը, որպէսզի բոլորիս կեանքին մէջ դարձեալ ցոլայ Աւետարանին ուրախութիւնը։ Ահա այս է մեր բարի պայքարը, յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը, որ քարոզի աւարտին յիշեց Պալիումներու յանձնումի արարողութիւնը ու այդ պալիումը ընդունած եպիսկոպոսները հաստատելով, որ անոնք եւս պէտք է ոտքի կանգնին արագօրէն որպէսզի դառնան հօտին ուշադիր պահակները եւ պայքարին իրենց բարի պայքարը, Աստուծոյ համայն հաւատաւոր ժողովրդուին հետ միասին։

Ողջոյնի խօսք Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան պատուիրակութեան անդամներուն

Սրբազան Պապը հուսկ ողջունեց Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան պատուիրակութեան անդամները շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ներկայութեան համար ու նաեւ միասին քալելու համար, «որովհետեւ, ըսաւ Ան, միայն միասին կարող ենք ըլլալ Աւետարանի սերմը եւ եղբայրութեան վկաները։

«Պետրոս եւ Պօղոսը թող բարեխօսեն մեզի համար, Հռոմ քաղաքին համար ու համայն աշխարհին մէջ Եկեղեցւոյ համար։ Ամէն» ըսաւ Քահանայապետը եզրափակելով քարոզը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/06/2022, 10:45