Որոնել

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլին յանուն ֆրանչիսկոս Պապին պիտի այցելէ հարաւային Սուտան եւ Քոնկօ

Յիշենք, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդառաջելով բժիշկներուն խնդրանքին եւ ծունկի ցաւի բուժման արդիւնքները ի զուր չսպառելու նպատակով, յունիս ամսուան սկիզբը որոշեց յետաձգել Հարաւաւին Սուտան ու Քոնկօ կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Պետական Քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, ֆրանչիսոս Պապին՝ Ափրիկէի սիրելի ժողովուրդին մօտիկութեան ի նշան, հարաւային Սուտան եւ Քոնկօ պիտի այցելէ 1-էն 8 յուլիսին։

Յիշենք, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդառաջելով բժիշկներուն խնդրանքին եւ ծունկի ցաւի բուժման արդիւնքները ի զուր չսպառելու նպատակով, յունիս ամսուան սկիզբը որոշեց յետաձգել  Հարաւաւին Սուտան ու Քոնկօ կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւնը։

Ի տես Նորին Սրբութեան այս որոշումին, Վատիկանի Պետական Քարտուպար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, որպէս ֆրանչիսկոս Պապին ներկայացուցիչ, Հարաւային Սուտան եւ Քոնկօ պիտի այցելէ 1էն-8 յուլիս 2022ին։  Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի թէ Վատիկանի Պետական քարտուղարին ճամբորդութեան թուականը կը համընկնի Ֆրանչիսկոս Պապին, Հարաւային Սուտան եւ Քոնկօ կատարելիք եւ յետաձգուած առաքելական 37-րդ ճամբորդութեան թուականին։

Ֆրանչիսկսո Պապ առողջապահական հարցերու պատճառաւ ցաւօք սիրտի յետաձգած ըլլալուն համար Հարաւային Սուտան եւ Քոնկօ առաքելական ճամբորդութիւնը, մօտիկութեան ի նշան որոշեց Վատիկանի Պետական Քարտուղարը որպէս քահանայապետական ներկայացուցիչ առաքել Հարաւային Սուտան եւ Քոնկօ ու յառաջիկայ 3 յուլիսին, Հռոմի մէջ Սուրբ Պատարագ մատուցանել Հռոմի Քոնկալոցի հասարակութեան ներկայութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2022, 09:24