Որոնել

 Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Քարոզել Յիսուս Քրիստոսը Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ Եկեղեցւոյ մէջ եւ Եկեղեցւոյ հետ. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Նէոքաթեքումենալ» շարժումի անդամները վատիկանի մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 27 Յունիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Նէոքաթեքումնեալ շարժումի գրեթէ հինգ հազար հինգ հարիւր անդամներուն։

Այս առթիւ անոնց հետ հանդիպումի ընթացքին Սրբազան Պապը փոխանցեց սրտաբուխ պատգամ մը, որուն մէջ ի միջի այլոց ըսաւ.

«Մենք ունկնդրեցինք Յիսուսին առաքելութիւնը. Գացէք, վկայեցէք եւ Աւետարանը քարոզեցէք»։ Եւ այդ օրը առաքեալները, աշակերտները, ու բոլոր մարդիկը յառաջ գացին Յիսուսին անոնց տուած նոյն ուժով` որ է Սուրբ Հոգիին ուժը» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ «անգամ մը` որ մենք կը մկրտենք մարդիկը, նորաստեղծ հասարակութիւնը, որ ծնունդ կ՜առնէ այդ մկրտութենէն, ազատ է, նոր Եկեղեցի մըն է, եւ մենք պէտք է թոյլ տանք, որ Ան աճի, օգնենք որպէսզի աճի իր իսկ դրոյթներով, իր մշակոյթով...ասիկա աւետարանութեան պատմութիւնն է»։

Տարբեր մշակոյթներ բայց միեւնոյն Աւետարանը

«Բոլորը հաւասար հաւատքի մէջ» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով, որ «այս աշխատանքը, այս Աւետարանի բազմամշակութային հարստութիւնը, որ ծնունդ կ՜առնէ Յիսուս Քրիստոսի քարոզութենէն կը դառնայ մշակոյթ։ Շատ մը մշակոյթներ` բայց միեւնոյն Աւետարանը, շատ մը ազգեր բայց միեւնոյն Յիսուս Քրիստոսը, շատ մը բարի կամքեր` բայց միեւնոյն Հոգին։ Մենք ասոր կչուած ենք, յառաջ ընթանալ Հոգիին զօրութեամբ, Աւետարանը տանելով սրտին մէջ ու մեր ձեռքերով։ Յիսուս Քրիստոսի Արտաւանը ոչ թէ իմ աւետարանս։ Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը, որ կը պատշաճի տարբեր մշակոյթներուն բայց կը մնայ միեւնոյնը» ընդգծեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Գործել Եկեղեցւոյ մէջ

«Այս առաքելական հոգին բոլորիդ համար ներշնչում է եւ ես շնորհակալ եմ ձեզի ու ձեզմէ կը խնդրեմ հնազանդիլ Սուրբ Հոգիին, որ ձեզ կ՜ուղարկէ։ Ամէն բան կատարեցէք Եկեղեցիէն ներս, ոչ մի բան եկեղեցիէն դուրս. Այս է հոգեւորականութիւնը, որ ձեզի պէտք է ընկերանայ մշտապէս. Քարոզել Յիսուս Քրիստոսը Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ Եկեղեցւոյ մէջ եւ Եկեղեցիին հետ։ Եւ Եկեղեցւոյ Գլուխը Եպիսկոպոսն է, ուստի յառաջ ընթացէք Եպիսկոպոսին հետ, միշտ։

Յառաջ ընթացէք։ Քաջութիւն։ Շնորհակալ եմ ձեր առատաձեռնութեան համար։ Մի մոռնաք Յիսուսին հայեացքը, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը ուղարկեց քարոզելու եւ հնազանդելու Եկեղեցւոյ» յորդորեց Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով իր խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/06/2022, 13:12