Որոնել

Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական պատրիարքութեան պատուիրակութիւնը Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական պատրիարքութեան պատուիրակութիւնը 

Քրիստոնեաներու հաշտեցումը էականօրէն կը նպաստէ խաղաղութեան․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Զինուած յարձակումները, տարածքներու ընդլայնումը և կայսերապաշտութիւնները ոչ մի կերպ չեն առնչուիր Յիսուսի աւետած Թագաւորութեան հետ․ Ֆրանչիսկոս Պապ
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ Յունիս 30-ի առաւօտեան, ընդունեց Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական պատրիարքութեան պատուիրակութեան անդամները՝ որոնք Հռոմ ժամանած են Սուրբ Պետրոս և Սուրբ Պօղոս առաքեալներու տօնին առիթով։

Ելոյթի սկիզբը Սրբազան Պապը ողջունեց և շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ներկայութեան և Կոստանդնուպոլսոյ եկեղեցւոյ՝ Հռոմի Եկեղեցւոյ հանդէպ ցուցաբերած մտերմութեան ու եղբայրական սիրոյ համար՝ խնդրելով իր ողջոյններն ու երախտագիտութիւնը փոխանցել «սիրելի եղբայր Բարթողոմէոսին» և Սուրբ Սինոդին։

Այլևս յաղթահարուած են պառակտումները

Ֆրանչիսկոս նկատեց, որ երկու Եկեղեցիներու միջև պատուիրակութիւններու աւանդական փոխանակումը համապատասխան հովանաւոր Սուրբերու ​​տօներու կապակցութեամբ՝ վկայութիւնն է եղբայրական ու բեղմնաւոր երկխօսութեան և նշան, որ այլևս յաղթահարուած են պառակտումները և հերաւորութեան և անտարբերութեան ժամանակը՝ ի հնազանդութիւն մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի կամքի և ի առաջնորդութիւն Սուրբ Հոգիի։

Քահանայապետը շնորհակալական խօսք ուղղեց այս ճանապարհը սկսողներուն, մասնաւորապէս, Տիեզերական Պատրիարք Աթենակորասին, որ կը սիրէր կրկնել. «Քոյր եկեղեցիներ, եղբայր ժողովուրդներ» արտայայտութիւնը։

Քոյր եկեղեցիներ, եղբայր ժողովուրդներ

Պապը ապա այդ արտայայտութեան միջոցաւ բացատրեց իր միտքը․ «բաժնուած քրիստոնեաներու հաշտեցումը, որպէս նպաստ հակամարտութիւններու մէջ յայտնուած ժողովուրդներու խաղաղեցումի, այսօր առաւել քան երբևէ արդիական է», ըսաւ Ան և անհրաժեշտ համարեց դարձի գալը՝ հասկնալու համար, որ զինուած յարձակումները, տարածքներու ընդլայնումը և կայսերապաշտութիւնները ոչ մի կերպ չեն առնչուիր Յիսուսի աւետած Թագաւորութեան հետ՝ յիշեցնելով, որ Գեթսէմանի մէջ խնդրած էր աշակերտներէն հրաժարիլ բռնութենէն «Սուրդ տե՛ղը դարձուր, վասն զի բոլոր սուր վեր առնողները սրով պիտի կորսուին» (Մատթ. 26:52)։

Կաթողիկէ և և Ուղղափառ եկեղեցիներու միջև աստուածաբանական երկխօսութիւնը

Քրիստոնէական միասնութեան որոնումը, հետևաբար, միայն եկեղեցիներու ներքին հարցը չէ, շեշտեց Պապը և աւելցուց, որ անիկա իսկական համընդհանուր եղբայրութեան համար անփոխարինելի պայման է, որ կը դրսևորուի արդարութեան և բոլորի հանդէպ զօրակցութեան մէջ։

Քահանայապետը նշեց, որ լիարժէք հաղորդութեան վերահաստատումի ճանապարհը յուսադրող է, որ Կաթողիկէ և Ուղղափառ եկեղեցիներու միջև աստուածաբանական երկխօսութիւնը՝ համավարակի հետևանքով երկամեայ ընդմիջումէն ետք, վերսկսած է իր աշխատանքը անցեալ մայիսէն՝ գումարելով միջազգային խառն յանձնաժողովի հերթական նիստը։

Չբաւարարուիլ «եկեղեցական դիւանագիտութեամբ»

«Եկէք չբաւարարուինք «եկեղեցական դիւանագիտութեամբ»՝ բարեացակամ կերպով շեշտելով սեփական գաղափարները, այլեւ քալենք միասին, որպէս եղբայրներ. աղօթենք մէկը միւսին համար, աշխատինք իրարու հետ, աջակցինք իրարու՝ նայելով Յիսուսին և անոր Աւետարանին», նշեց աւարտին Սրբազան Պապը՝ մաղթելով, որ Սուրբ Պետրոսը և Սուրբ Անդրէասը բարեխօսեն՝ Աստուծոյ օրհնութիւնը ստանալու համար։

Նշենք, որ Հռոմի հովանաւոր Սուրբեր Պետրոսի և Պօղոսի՝ յունիսի 29, և Ստամբուլի հովանաւոր Սուրբ Անդրէասի՝ նոյեմբերի 30, տօնակատարութիւններու շրջանակին մէջ աւանդական դարձած է Կաթողիկէ և Ուղղափառ եկեղեցիներու պատուիրակութիւններու փոխ մասնակցութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/06/2022, 11:15