Որոնել

Օգտագործեցէք ձեր ժամանակը լաւ և պատասխանատու կերպով․ Ֆրանչիսկոս Պապը երիտասարդներուն

Սրբազան Քահանայապետը յորդորած է արձակուրդի շրջանին չմոռնալ զօրակցութեան նախաձեռնութիւնները զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ծիրէն ներս Սորենթօ քաղաքին մէջ կայացած երիտասարդներու ընդհանրական առաջին հաւաքին ուղղած ուղղած լսատեսողական պատգամի մը մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ յղած է Global Youth Tourism Summit- Երիտասարդական զբօսաշրջութեան ընդհանրական գագաթաժողովի մասնակիցներուն, որ տեղի կ՛ունենայ իտալական Սորենթo քաղաքին մէջ Յունիս 27-էն Յուլիս 3-ը։

Ֆրանչիսկոս Պապը իր ուրախութիւնը արտայայտած է երիտասարդներուն՝ Երիտասարդական զբօսաշրջութեան ընդհանրական առաջին հանդիպումի առիթով։

Կամաւորական աշխատանք, ընտանիքին օգնութիւն, աղօթք

Քահանայապետը նկատած է, որ անոնց համար, որոնք տակաւին պատանի են, զբօսաշրջութիւնը կը համընկնէ դպրոցական արձակուրդային շրջանին հետ և ունեցած փորձառութիւնները կը մնան յիշողութեան մէջ։ Ան նշած է, որ այդ հանգիստի ժամանակը շատերը կը զբաղին կամաւորական աշխատանքներով, միւսները ընտանիքին ձեռք մեկնելով, երրորդները լուռ աղօթելով և Աստուծոյ մօտիկութիւնը փնտռելով։

«Բոլոր պարագաներուն, ես կը խրախուսեմ ձեզ լաւ և պատասխանատու կերպով օգտագործել ձեր տրամադրութեան տակ եղած ժամանակը․ այդպէս է, որ կարելի է աճիլ և ստանձնել առաւել պարտաւորեցնող գործեր», ըսած է Ֆրանչիսկոսը մաղթելով` որ անոնք ըլլան ապագայի յոյսի և վերածնունդի աւետաբերներ, օրհնելով զանոնք։

Մտքերու փոխանակում երիտասարդներու և ոլորտի առաջատարներու միջև

Քամփանիայի ափին գտնուող Սորենթo քաղաքին մէջ այս օրերուն հաւաքուած են 12-էն 18 տարեկան 130 պատանիներ 60 երկրներէ, մասնակցելու իր տեսակին մէջ առաջին այդ միջոցառումին, որ կազմակերպած է Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը՝ Իտալիոյ Զբօսաշրջութեան նախարարութեան և Զբօսաշրջութեան ազգային գործակալութեան հետ համագործակցութեամբ։

Երիտասարդները պիտի ունենան հանդիպումներ և մտքերու փոխանակումներ ոլորտի առաջատարներու հետ, որոնց շարքին ՝ քաղաքական գործիչներ, ինչպէս նաև մարմնամարզութեան, նպարեղէնի, զուարճանքի և նորարարութեան աշխարհի առանցքային դէմքեր: Գագաթնաժողովը ստացած է Իտալական Հանրապետութեան Նախագահի մեդալ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2022, 12:00