Որոնել

Սպանական Քարիթասը Սպանական Քարիթասը 

Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհաւորական նամակը Սպանական Քարիթասի հիմնադրութեան 75-րդ տարեդարձին առթիւ։

Աղքատները, բացառուածները Աւետարանի նախընտրեալները եւ Աստուծոյ սիրելիներն են։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորական նամակ մը գրեց Սպանական Քարիթասին հիմնադրութեան 75-րդ ամեակի առթիւ։

Նամակին սկիզբը ֆրանչիսկոս Պապ բարձր գնահատեց Սպանական Քարիթասի հիմնադրութեան 75-րդ ամեակի տարեդարձին՝ « ուրիշներու համար սիրոյ 75 տարիներ» կարգախօսը նկատել տալով, որ անիկա կազմակերպութեան պատմութեան համադրութիւնն է, «ծառայութիւն մը, որ կը շարունակէ ներկայի մէջ ու յոյսով կը բացուի ապագային ու գիտնալով նայիլ խաչեալ Քրիստոսի դէմքին՝ տառապող բազմաթիւ անձերու մէջ, շնորհելով անոնց օգնութիւն, բարեկամութիւն եւ մխիթարութիւն։

Շնորհաւորական նամակին մէջ Սրբազան Հայրը ապա կ՝առաջարկէ երեք ուղղութիւններ։ Առաջին ուղղութիւն այն է որ պէտք է քալել վերջիններուն հետ՝  հասնելով աղքատներուն եւ բացառուածներուն, որովհետեւ անոնք Աւետարանի նախընտրեալներն են եւ Աստուծոյ սիրելիները։

Երկրորդ ուղղութիւնը՝ ողորմածութեան ուղեւորութիւնն է ։ Ֆրանչիսկոս Պապ կը նշէ, որ ողորմածութեան ուղին կը պահանջէ շարունակական դարձի եւ Քրիստոսի նմանելու կեցուածքը, որովհետեւ լոկ որդեգրելով Յիսուսի զգացումներն ոււ կեցուածքները, մեր եղբայրսիրութիւնը օգտակար եւ արդիւնաբեր կը դառնայ

Երրորդ Ֆրանչիսկոս Պապ կը յորդորէ նայիլ իրականութեան, նկատի առնելով անոր փոփոխութիւնները։ « Աղքատութեան նոր իրականութիւնները մեզմէ կը պահանջեն խնամք տանիլ անձերուն եւ հասարակաց տան եւ պատրաստ ըլլալ քալելու հանդիպումի, եղբայրսիրութեան մշակոյթի ուղիներուն վրայ միացնելով տեղականը համաշխարհայինին հետ ու աշխատիլ սկսելով անոր հետ որ մեզի մօտիկ է սակայն տիեզերական հորիզոնով։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/06/2022, 11:01