Որոնել

1652439831789.jpg

Քահանայապետը յիշեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն երբեմնի նախագահը որպէս Երկխօսութեան մարդ։

Սրբազան Պապին մաղթանքն է, որ Խալիֆա Պին Զայետ Ալ Նահեանի ժառանգութիւնը շարունակէ ոգեշնչել «ամենուրէք բարի կամքի տէր մարդկանց և կանանց ջանքերը՝ յամառօրէն մեր մէկ մարդկային ընտանիքի անդամներու միջև միասնութեան և խաղաղութեան կապեր հիւսելու գործին մէջ»:

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին

Ֆրանչիսկոս Պապը «ցաւ» յայտնծ է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ և Ապու Տապիի ինքնիշխան շեյխ Խալիֆա պին Զայետ Ալ Նահեանի մահուան համար, որ պատահեցաւ մայիսի 13-ին:

Ցաւակցական գիրով մը Քահանայապետը իր ցաւակցութիւններն ու աղօթքները նուիրած է, յարգանքի տուրք մատուցելով Անոր «ազգի ծառայութեան ի սպաս ակնառու և հեռատես ղեկավարութեան» համար։

Սրբազան Պապը յիշած է նաեւ Շեյխին ուշադրութիւնը` Սուրբ Աթոռի և Էմիրութիւններու կաթողիկէ համայնքներու նկատմամբ, ինչպէս նաև «անոր յանձնառումը ` ի սպաս ժողովուրդներու միջև երկխօսութեան, փոխըմբռնման և զօրակցութեան եւ կրօնական աւանդոյթներուն, որոնք հանդիսաւոր կերպով հռչակուած են Ապու Տապիի պատմական փաստաթղթին մէջ և մարմնաւորումը գտած` մարդկային եղբայրութեան համար Զայետ մրցանակին մէջ»:

Սրբազան Պապին մաղթանքն է, որ Խալիֆա Պին Զայետ Ալ Նահեանի ժառանգութիւնը շարունակէ ոգեշնչել «ամենուրէք բարի կամքի տէր մարդկանց և կանանց ջանքերը՝ յամառօրէն մեր մէկ մարդկային ընտանիքի անդամներու միջև միասնութեան և խաղաղութեան կապեր հիւսելու գործին մէջ»:

Հեռագիրի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը հաւաստիացուցած է իր աղօթքները Շեյխ Մուհամմէտ պին Զայետ Ալ Նահեանին, որուն ուղղած է ցաւակցագիրը, ինչպէս նաեւ անոր ընտանիքին և «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու սիրելի ժողովուրդին»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2022, 14:00