Որոնել

«Ունկնդրել, ճանչնալ, հետեւիլ Քրիստոսին». 8 մայիսի Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը

Այն անձը որ Քրիստոսին կը հետեւի, կը քալէ Անոր նոյն ճանապարհին վրայէն, նոյն ուղղութեամբ։ Ան կ՛երթայ կորսուածը փնտռելու, կը մտահոգուի անով, որ հեռու է, տառապողի իրավիճակով, գիտէ ողբալ լացողին հետ ու ձեռքը կ՛երկարէ մերձաւորին, զայն կրելով իր ուսերուն վրայ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրել, ճանչնալ, հետեւիլ բայերը առանցքը կազմեցին Ֆրանչիկսոս Պապին 8 մայիսի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան, զոր Ան կեդրոնացուց օրուան աւետարանական հատուածին վրայ քաղուած  Յովհաննէսի աւետարանէն որ կը խօսի Բարի Հովիւի վրայ։

«Այսօրուան Աւետարանը մեզի կը խօսի Յիսուսին ու մեզմէ իւրաքանչիւրին միջեւ գոյութիւն ունեցող կապի մասին (Յովհ. 10,27-30)», ըսաւ Սրբազան Պապը մէջբերելով Յիսուսին խօսքերը «Իմ ոչխարներս մտիկ կ՜ընեն իմ ձայնիս եւ կը ճանչնան զայն ու ինծի կը հետեւին»։

Քահանայապետը ապա բացատրեց ունկնդրել, ճանչնալ, հետեւիլ բայերուն իմաստը։

Մտիկ ընել

«Ոչխարները մտիկ կ՛ընեն հովիւին. Ձեռնարկը միշտ Տիրոջն է, ամէն ինչ կը սկսի անոր շնորհքով. Ան է, որ մեզ կը կոչէ իր հետ հաղորդութեան։ Բայց այդ հաղորդութիւնը ծնունդ կ՜առնէ եթէ մենք բացուինք ունկնդրութեան» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով, որ «ունկնդրել կը նշանակէ տրամադրութիւն, հեզութիւն, ունկնդրութեան նուիրուած ժամանակ»։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա մերօրեայ իրականութեան, ուր մեզ համակած են խօսքերն ու շտապողականութիւնը եւ դժուարութիւն կայ իրար մտիկ ընելու, ընտանիքին, դպրոցին ու աշխատանքի վայրերուն մէջ, եւ «նաեւ Եկեղեցւոյ մէջ» աւելցուց Ան, նշելով` որ «Տէրը Աստուծոյ Բանն է ու քրիստոնեան ունկնդրութեան զաւակն է, կոչուած ապրելու Աստուծոյ խօսքով»։

Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց առ այդ հարց տալու թէ ի՞նչ իրավիճակի մէջ կ՜ապրինք մենք ու եթէ ժամանակ կը յատկացնենք Աստուծոյ Խօսքին, ուշադրութիւն կը նուիրենք մեր եղբայր ու քոյրերուն։ «Ան որ միւսները կ՛ունկնդրէ գիտէ նաեւ ունկնդրել Տիրոջ ձայնը փորձարկելով գեղեցիկ իրականութիւն մը, այն է թէ Տէրը ինք եւս մտիկ կ՛ընէ. Մտիկ կ՛ընէ երբ կ՛աղօթենք, երբ Իրեն կը վստահինք, երբ կ՜աղերսենք» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Հասկնալ ու ճանչնալ` սիրել

«Յիսուսը ունկնդրելը կը դառնայ նաեւ ճանապարհ հասկնալու համար, թէ Ան մեզ կը ճանչնայ» աւելցուց Քահանայապետը մատնանշելով երկրորդ բային ու դիտել տալով, որ Հովիւը մեզ կը ճանչնայ ու թէ ճանչնալը` «աստուածաշնչական ոճով կը նշանակէ սիրել»։

«Արդարեւ Տէրը մեզ կը սիրէ, Ան կը փնտռէ ջերմ բարեկամութիւն մը, մտերմութիւն մը։ Ան մեզի կ՛ուզէ պարգեւել նոր եւ սքանչելի ճանաչողութիւն մը` այն է թէ ինք մեզի կը սիրէ ու մեզ երբեք միայնակ չի թողուր։ Յատկապէս տառապանքի, յոգնութեան եւ տագնապի պահուն, Յիսուս մեզի թիկունք կը կանգնի ու մեզի կ՛ընկերանայ եւ այդ պահուն է, որ մենք կը բացայայտենք, թէ ճանչցուած ու սիրուած ենք Յիսուսէն» յարեց Նորին Սրբութիւնը  դարձեալ հրաւիրելով հարցաքննել մենք զմեզ ու տեսնել եթէ մեր կեանքին մէջ տեղ կը բանանք Տիրոջ, եթէ զԱյն կը ճանչնանք որպէս բարի հովիւ որ զիս կը ճանչնայ ու կը սիրէ։

Հետեւիլ Բարի Հովիւին

Քահանայապետը հուսկ խօսեցաւ երրորդ բայի մասին` «հետեւիլ բարի հովիւին», ու ասկէ մեկնելով հաստատեց, որ «Այն անձը` որ Քրիստոսին կը հետեւի, կը քալէ Անոր նոյն ճանապարհին վրայէն, նոյն ուղղութեամբ։ Ան կ՛երթայ կորսուածը փնտռելու, կը մտահոգուի անով, որ հեռու է, տառապողի իրավիճակով, գիտէ ողբալ լացողին հետ ու ձեռքը կ՛երկարէ մերձաւորին, զայն կրելով իր ուսերուն վրայ»։

Այստեղ եւս Սրբազան Պապը հարց տուաւ թէ ո՞րն է իւրաքանչիւրիս վարուելակերպը ապա հայցեց` որ Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզի օգնէ, որպէսզի ունկնդրենք Քրիստոսին, միշտ աւելիով ճանչնաք զԱյն ու հետեւինք անոր` ծառայութեան ճանապարհին վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2022, 12:10

«Թագուհի Երկնից» աղօթքը, Լատին Եկեղեցւոյ մարեմեան չորս կցուրդներէն մին է (միւս կցուրդներն են՝ «Մայր Փրկչին», «Ողջոյն Թագուհի Երկնից» եւ «Ողջոյն Թագուհի»)։

1742 թուականին, Բենեդիկտոս ԺԴ. քահանայապետ նշանակած է, թէ «Թագուհի Երկնից» աղօթքը պէտք է կատարուէր յոտնկայս, զատկական ժամանակամիջոցին մէջ՝ Զատիկի կիրակիէն մինչեւ Պենտեկոստէ, «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքի տեղ, որպէս նշան յաղթութեան մահուան վրայ։
Այս աղօթքը, Հրեշտակ Տեառնի նման կը կատարուի օրը երեք անգամ՝ այգաբացին, կէսօրին եւ մայրամուտին՝ օրը նուիրելու համար Աստուծոյ եւ Աստուածածնի։
Այս հին կցուրդը յառաջ եկած է բարեպաշտ աւանդութենէ մը, 6-10 դարերուն, մինչ անոր տարածումը կատարուած է 13րդ դարու առաջին կէսէն սկսեալ, երբ մուծուած է ֆրանսական ժամագրքին մէջ։ Ան բաղկացած է չորս փոքր յանգատողերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կʼաւարտի «Ալէլուիա» կանչով։ Այդ աղօթքով, հաւատացեալները կը դիմեն Մարիամի՝ Երկնքի Թագուհիին, անոր հետ ուրախանալով Քրիստոսի Յարութեան համար։
2015 թուականի ապրիլի 6ին, Զատիկի յաջորդ օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը երբ կʼաղօթէր Թագուհի Երկնից աղօթքը, խորհուրդ տուաւ հաւատացեալներուն թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ սրտի կեցուածքը երբ կʼարտասանենք այս աղօթքը։
«Կը դիմենք Մարիամի, զայն հրաւիրելով որ ուրախանայ, որովհետեւ Ան, զոր Մարիամ իր արգանդին մէջ կրեց, յարութիւն առաւ, ինչպէս խոստացած էր, եւ մեր անձերը կը վստահինք Մարիամի բարեխօսութեան։ Իրականին, մեր ուրախութիւնը Մարիամի ուրախութեան ցոլացումն է, որովհետեւ Ան է որ պահպանեց եւ հաւատքով կը պահպանէ Յիսուսի կեանքին եղելութիւնները։ Հետեւաբար այս աղօթքը արտասանենք զաւակներու յոյզերով, որոնք կʼուրախանան, որովհետեւ իրենց մայրը ուրախ է։»

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >