Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Եկեղեցին Աստուծոյ ժողովուրդն է առաջնորդուած Սուրբ Հոգիէն։»

Սուրբ Պօղոս Զ Պապն է որ սինոդականութիւնը աշխուժացուցած է տիեզերական ժողովի աւարտին, ստեղծելով եպիսկոպոսներուն սինոդի քարտուղարութիւն մը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ տեսերիզով մը պատգամ յղեց Լատին Ամերիկիոյ քահանայապետական յանձնախումբի տարեկան ընդհանուր ժողովին մասնակիցներուն։

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ զրուցեց հաղորդութեան եւ մասնակցութեան մասին, ինչպէս նաեւ Եկեղեցիէն ներս սինոդականութեան մասին նկատելով տալով որ սինոդականութիւնը առանց հաղորդութեան կրնայ եկեղեցական ժողովրդապաշտութիւն դառնալ։

Նորին Սրբութիւնը ապա մատնանշեց, թէ սկզբնական շրջանին եկեղեցւոյ սինոդականութեան ուղին պակսած է Լատին եկեղեցիին մէջ մինչ՝ պահպանուած է Արեւելեան եկեղեցիներուն մէջ ու Սուրբ Պօղոս Զ Պապն է որ սինոդականութիւնը աշխուժացուցած է տիեզերական ժողովի աւարտին, ստեղծելով եպիսկոպոսներուն սինոդի քարտուղարութիւն մը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շեշտելով Սուրբ Հոգիին կարեւորութիւնը քաջալերեց միշտ տեղ տալ Սուրբ Հոգիին շունչին, առանց յանդգնելու, որ ամէն բանի նախապէս գիտակից ենք, որովհետեւ առանց Սուրբ Հոգիին բացումին, « պարգեւ մեզ չկրթեր եւ ոչ ալ մուտք կը գործէ սիրտին մէջ։» Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց գործի լծելու այդ պարգեւը որ աննախատեսիլի է ու միշտ կը զարմացնէ

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ նկատել տուաւ որ Սինդոականութիւնը կազմակերպչական ձեւ մը չէ։ Սինոդականութիւնը առանց հաղորդութեան կրնայ եկեղեցական ժողովրդապաշտութիւն դառնալ։ Անհրաժեշտ է յաւելեալ ուժով ու համոզումով ապրիլ եկեղեցական հաղորդութիւնը՝ շնորհապարգեւներու, կոչումներու, պաշտօններու բազմազանութեան մէջ, զգուշանալով անհատապաշտ դերակատարութենէն։

Ֆրանչիսոս Պապ եզրափակեց պատգամը նշելով որ բոլորս աշակերտներ ենք կանչուած Տիրոջ հետեւելու ու բոլորս համապատասխանատու ենք եկեղեցւոյ ընդհանուր բարիքին եւ սրբութեան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2022, 10:01