Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալիոյ Լացիօ մարզի 13 համալսարաններու տնօրէնները։

Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց, որ համալսարաններու հասարակութիւնները միշտ ըլլան կեդնանի, թափանցիկ, պատասխանատու, հիւրընկալ հասարակութիւններ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 16 մայիսին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալիոյ Լացիօ մարզի պետական եւ ոչ պետական 13 համալսարաններու տնօրէնները։

Համալսարաններուն յանձնուած է մեծ պատասխանատուութիւն։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին սկիզբը Սրբազան Հայրը համալսարաններուն տեսուչներուն դիտել տուաւ, որ «այս պատմական յատուկ ժամանակաշրջանին համալսարաններուն յանձնուած է մեծ պատասխանատուութեամբ պարտականութիւն մը։ Համաճարակի տարիները, Եւրոպայի մէջ տարածուած կտոր կտոր համաշխարհային պատերազմը, բնապահպանական աշխարհային խնդիրը, անհաւասարութիւններուն աճը, աննախադէպ եւ արագ կերպով մարտահրաւէրներ են բոլորիս համար։ Մարտահրաւէր, որ ունի մշակութային, մտաւորական եւ բարոյական նշանակութիւն։» ըսաւ Սրբազան Հայրը ընդգծելով, որ «երիտասարդները բոլորին հրաւէր կ՝ուղղեն ստանձնելու մեր պատասխանատուութիւնը, այնուհետեւ այժմ ժամանակն էմեծ կրթական ներդրումին ու ասոր համար կը մշակուի կրթութեան մասին համաշխարհային պայմանագիր մը, որ կը ներառէ բազմաթիւ զրուցակիցներ՝ սկսեալ մեծ կրօններէն, միջազգային կազմակերպութիւններէն։ Այս հոգիով ստորագրուեցաւ մարդկային եղբայրութեան մասին փաստաթուղթը Ապու Տապիի մէջ 4 յունուար 2019Ին, ու համաձայնեցանք որ համոզուած ենք համապարփակ կազմաւորումին, որ ամփոփուած է մեր անձերը, մեր եղբայրը ու Գերբնական ստեղծիչը ճանչնալուն մէջ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ հրամայական նկատեց համալսարանի դասախօսներու, ներկայացուցիչներու մատուցած ծառայութիւնը իւրաքանչիւր իր յատկութիւններով, վերարծարծելու եւ յարմարցնելու համար զարգացումի տիպարները, համախմբելով լաւագոյն մտաւորական եւ բարոյական ուժերը։

Թիկունք կանգնիլ աշակերտներու ունկնդրելով անոնց ձայնը։

Սրբազան Հայրը քաջալերեց երբեք չի յոգնիլ ունկնդրելէ աշակերտները, անսալ ընկերային եւ համալսարանական իրականութեան, որովհետեւ համալսարանը  զուրկ է սահմաններէ ու պէտք է միշտ ունենալ երեւակայութեան եւ ներդրումներուն քաջութիւնը, որոնումի մարդկային զարգացման համար, կազմելու համար երիտասարդներ, որոնք կարող են նոր բան մը կրել աշխատանքը եւ ընկերութեան մէջ, կրթել երիտասարդները, յարգելու՝ ըլլայ իրենց անձը, ըլլայ մերձաւորն ու արարչագործութիւնը։

Ի վերջոյ ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց համալսարաններու տեսուչները ընկալել աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ պատերազմի, խտրութիւններուն եւ հալածանքներու թիրախ երկիրներէն աշակերտներ, ուսուցիչներ ու որոնողները մաղթելով որ համալսարաններու հասարակութիւնները ըլլան կեդնանի, թափանցիկ, պատասխանատու, հիւրընկալ հասարակութիւններ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց տալով իր առաքելական օրհնութիւնները ու խնդրելով ինչպէս միշտ որ աղօթեն իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2022, 10:27