Որոնել

Katholikentag_c_BenediktPlesker--rsz.jpeg

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Սթոքարտի մէջ կաթողիկէ գերմանացիներուն 102-րդ օրուան առիթով։

Ֆրանչիսկոս Պապ «Բոլոր անոնք որոնք կը կրեն Յիսուսի անունը կանչուած են հետեւելու սուրբին օրինակին եւ կիսելու բոլոր կարողութիւններն ու միջոցները՝ կարիքաւորներուն հետ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

5-էմ-29 մայիսին, Սթոքարտի մէջ կը նշուի կաթողիկէ գերմանացիներու 102-րդ։ Այս առթիւ պատգամով մը ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց Սթոքարտա քաղաքին մէջ համախմբուած գերմանացի կաթողիկէ հաւատացեալները, Աստուած փառաբանելու ու աւետարանին ուրախութիւնը վկայելուն համար։

Պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով գերմանացի կաթողիկէներու հաւաքին կարգախօսին՝ «Կիսել կեանքը» յայտնեց թէ Աստուած ստեղծիչն ու հեղինակն է կեանքին։ Ան իր աստուածային կեանքը կը կիսէ մարդոց հետ՝ շատ մը ձեւերու միջոցաւ, ու Իր Որդոյն՝ Յիսուսի Քրիստոսի կիսած կեանքով կը հասնի իր անգերազանցելի գագաթնակէտին։ «Աստուած կը կիսէ մեր երկաւոր կեանքը՝ մեզի մասնակից դարձնելու համար իր Աստուածային կեանքին»։ նշեց Սրբազան Հայրը, Ան ապա անդրադառնալով Ուքրանիոյ պատերազմին յայտնեց, թէ այս օրերուն մեր միտքը կ՝երթայ Ուքրանիոյ ժողովուրդին, հարկ է աղօթել բոլոր անձերուն համար, որոնց կեանքը տուժուած ու սպառնանքի տակ կը գնտուին,  ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք կը փափաքին լիուլի կեանք ապրիլ, որ միայն Տէրը կրնայ պարգեւել։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ նշեց նաեւ, որ Յիսուս ոչ միայն մեզի բան մը կու տայ, այլ իր անձն ու կեանքը կը պարգեւէ մեզի, Հետեւաբար մենք եւս մեր կեանքը պէտք է ապրինք Աստուծոյ եւ մեր մերձաւորներու համար ու այս առնչութեամբ ֆրանչիսկոս Պապ օրինակ թուեց մայրերն ու հայրերը, որոնք իրենց կեանքը կը նուիրեն իրենց զաւակներու համար, ինչպէս նաեւ անձեր, որոնք իրենց կեանքը մէկդի կը դնեն՝ եկեղեցւոյ ծառայելու  կամ ընկերային, բարեսիրական գործունէութիւններ կատարելու։

Ոչ մէկը մինակը կրնայ փրկուիլ

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա դիտել տուաւ որ ժամանակակից տագնապին մէջ շնորհիւ Աստուծոյ կրնանք փորձարկել թէ քանի անձեր պատրաստ են զոհողութիւններ կատարելու ուիրշներու համար։ «Ոչ մէկը մինակը կրնայ փրկուիլ։ Բոլորս մէկ նաւու մէջ ենք։ Հրամայական է, որ իրազեկ դառնանք որ բոլորս մէկ Հօր եղբայներ եւ քոյրեր ենք ու կը բնակինք մեզի յանձնուած մէկ տան մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամի մէջ նշեց, թէ Աստուած ամէն բան կը շնորհէ զանոնք կիսելու համար ուրիշներու հետ ու պտղաբեր դարձնելու։ Այս առնչութեամբ ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Ռոթենպուրկի-Սթոքարտային թեմի պաշտպան սուրբը՝ Սուրբ Մարթինոն, որ իր վերարկուով ոչ միայն ջերմութիւն փոխանցեց ցուրտէ տառապող աղքատին այլեւ մարդկային ճանաչում եւ գնահատում։

«Բոլոր անոնք որոնք կը կրեն Յիսուսի անունը կանչուած են հետեւելու սուրբին օրինակին եւ կիսելու բոլոր կարողութիւններն ու միջոցները՝ կարիքաւորներուն հետ։ ըսաւ Սրբազան հայրը նկատել տալով թէ աղքատները եւս կրնան ուրիշներու բան մը շնորհել, Հարուստները եւս միշտ բանի մը կարօտ են ու կարիքը ունին ուրիշներուն պարգեւներուն։

Ուրիշներէն բան մը ընդունիլը երբեմն աւելի դժուար է քան բան մը շնորհելը

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց որ ուրիշներէն բան մը ընդունիլը երբեմն աւելի դժուար է քան բան մը շնորհելը, որովհետեւ դա կ՝ենթադրէ սեփական անկատարելութեան ընդունելութիւնը։ Սուրբ Պետրոս մեծ դժուարութեամբ ընդունեց իր Վարդապետին ծառայութիւնը, ոտքերու լուացումի պահուն։ Մենք եւս խոնարհութեամբ հայցենք ուրիշներէն բան մը ընդունիլը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։ 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2022, 18:11