Որոնել

1653303322158.JPG

Բարին աղմուկ չի բարձրացներ, սակայն կը կառուցէ աշխարհը. Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Իտալիոյ քաղաքացիական պաշտպանութեան ազգային ծառայութեան անդամները:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Երկուշաբթի՝ 23 Մայիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Իտալիոյ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ազգային ծառայութեան անդամները:

Քահանայապետը ելոյթի սկիզբին շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց և բարձր գնահատանքի արժանացուց անոնց աշխատանքը համավարակի բոլոր փուլերու ընթացքին, որ կարողացան հասանելի դարձնել իրենք զիրենք առաւել խոցելիներու ու փխրուններու համար. «Դուք իրաւասու և անվճար կերպով աջակցած էք պատվաստումներու արշաւին» ըսաւ Պապը եւ ընդգծեց այն աշխատանքը, որ Քաղ պաշտպանութեան ծառայութեան անդամները կը կատարեն մարդասիրական օգնութեան բնագաւառին մէջ՝ յատկապէս Ուքրանիոյ անհեթեթ պատերազմէն փախուստ տուող կանանց ու մանուկները ընդունելու գործին մէջ. «Շնորհակալ եմ այն ամէն բանի համար, որ ըրած էք և կը շարունակէք ընել լուռ կերպով: Բարին աղմուկ չի բարձրացներ, սակայն կը կառուցէ աշխարհը» ըսաւ Քահանայապետը:

Ան ապա անոնց հետ կիսեց իր մտորումները՝ երեք ուղղութիւններու շուրջ՝ հիմնուելով Ծառայութեան ոգեշնչումի աղբիւր հանդիսացող «պաշտպանութիւն» եզրոյթի վրայ և շեշտելով, որ ան կը նմանի Աւետարանի բարի սամարացիի առաքելութեանը (տես՝ Ղուկաս 10:29-37), եւ ասկէ մեկնելով աւելցուց, որ «Պաշտպանել» բայը ցոյց կու տայ իրարու հանդէպ հոգատարութիւնը, առարկայական եղբայրութիւնը, կեանքը պահպանելը։

Պաշտպանութիւն սոցիալական մեկուսացումէ

Առաջինը` պաշտպանութիւնն է սոցիալական մեկուսացումէ: Ֆրանչիսկոս յղում կատարելով իր Fratelli tutti շրջաբերականին նշեց, որ վերջին համավարակը թոյլ տուաւ հասկնալու, որ ոչ ոք միայնակ կը փրկւուի, որ մեր կեանքը միահիւսուած է, իսկ վերջին տարիներու արտակարգ դէպքերը, ինչպիսիք են պատերազմները կամ կլիմայական փոփոխութիւնները, անոնց հետևանքով փախստականներուն ընդունելութիւնը, մեզի կը յիշեցնեն, թէ որքան կարևոր է հանդիպիլ մէկուն, որ իր օգնութեան ձեռքը կը մեկնէ:

Պաշտպանութիւն բնապահպանական աղէտներէ

Երկրորդ՝ խթանել պաշտպանութիւնը բնապահպանական աղէտներէ: Ֆրանչիսկոս յիշեց հին իսպանական ասացուածք մը. «Աստուած միշտ կը ներէ, մարդիկ երբեմն կը ներեն, բնութիւնը երբեք չի ներեր»: Կլիմայական փոփոխութիւններու հետևանքներու աղետալի ազդեցութիւնները՝ ՝ ջրհեղեղները, մրրիկները և այլն, բազմապատկուած են: Երկիրը կ’աղաղակէ. Մենք կոչուած ենք պաշտպանելու աշխարհը և ոչ թէ թալանելու զայն, ըսաւ Պապը:

Պաշտպանութիւն կանխարգիլումի միջոցաւ

Երրորդ՝ պաշտպանութիւն կանխարգիլումի միջոցաւ: Կանխարգիլումը հնարաւոր է իրականացնել տարածքի կառավարումի համար պատասխանատուներն ներգրաւելով, համընդհանուր խիղճ ձևաւորելով, որպէսզի համընդհանուր բարիքները չլքուին կամ ձեռնտու ըլլան միայն մի քանիներուն, շեշտեց Սրբազան Պապը և կրկնեց, որ պաշտպանել կը նշանակէ հոգ տանիլ. «Մենք գիտենք, թէ ինչպէս այդ մէկը ընել քնքշութեամբ, միայն այն պարագային, եթէ գիտակցինք, որ մենք առաջինն ենք որ պաշտպանուած ենք: Աստուած Հայր է, Ան հոգ կը տանի մեզի և թոյլ չի տար, որ պակսի իր սէրը մեր հանդէպ: Եթէ մենք կը զգանք, որ պաշտպանուած ենք Անոր կողմէ, մենք կը սորուինք առատաձեռն պաշտպանութիւն` մեր եղբայրներուն և քոյրերուն հանդէպ, ինչպէս մեզի կը սորվեցնեն սուրբերի շատ մը օրինակներ» դիտել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը որ աւարտին քաջալերեց ներկաները շարունակելու բարի գործը, օրհնեց զանոնք՝ հաւաստիացնելով իր աղօթքները և խնդրեց որ չմոռնան աղօթելու նաև իր համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2022, 12:32