Որոնել

1652951934107.JPG

Քահանայապետը ընդունեց մարդավաճառութեան եւ ստրկութեան դէմ պայքարող «Santa Marta Group»ի անդամները

«Մարդավաճառութեան դէմ պայքարը աւելիով հաշուի թող առնէ շարք մը այլ իրողութիւններ, ինչպիսի են արհեստագիտութիւններու եւ ընկերային ցանցերու պատասխանատու օգտագործումը և քաղաքական, տնտեսական ու սոցիալական կեանքի նորացուած բարոյական տեսլականի անհրաժեշտութիւնը, որ հիմնուած ըլլայ ոչ թէ շահոյթի, այլ մարդոց վրայ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի` 19 մայիս 2022-ին ի շարս այլ հանդիպումներու Սրբազան Պապը ընդունեց «Santa Marta Group»ի անդամները` միջազգային դաշինք մը, որ իր մէջ կը համախմբէ համայն աշխարհէն ոստիկանապետեր, եպիսկոպոսներ, կառավարական կազմակերպութիւններ ու քաղաքացիական ու եկեղեցական աշխարհէն ներկայացուցիչներ, կիսելու համար հմտութիւններ, փորձառութիւններ ու գործունէութիւն, կանխարգիլելու եւ պայքարելու համար մարդավաճառութեան եւ արդի ստրկութեան ձեւերուն դէմ։

Քահանայապետին  շնորհակալութիւնը

Ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց յանձնառումին համար ակնարկեց «Santa Marta Group»ի գործունէութեան, գնահատելով անոր աշխատանքը, թէեւ նկատել տուաւ Ան, «այսօր կը շարունակուին արդի ստրկութեան ձեւերու տարածումը» ու մաղթեց` որ «մարդավաճառութեան դէմ պայքարը աւելիով հաշուի առնէ շարք մը այլ իրողութիւններ, ինչպիսի են արհեստագիտութիւններու եւ ընկերային ցանցերու պատասխանատու օգտագործումը և քաղաքական, տնտեսական ու սոցիալական կեանքի նորացուած բարոյական տեսլականի անհրաժեշտութիւնը, որ հիմնուած ըլլայ ոչ թէ շահոյթի, այլ մարդոց վրայ»։

Թիկունք կանգնիլ մարդավաճառութեան զոհ անհատներուն 

Քահանայապետը կարեւորեց ապա հիմնական անհրաժեշտութիւնը` թիկունք կանգնելու, աջակցելու եւ վերականգնելու մարդավաճառութեան զոհ անհատները եւ օգնել անոնց իրենց դարմանումի եւ ինքնագնահատման գործընթացքին մէջ, եւ ասկէ մեկնելով քաջալերեց ներկաները յարատեւելու իրենց գործին մէջ, թիկունք կանգնելու «Աստուծոյ կողմէ իւրաքանչիւր մարդ անհատի նուիրուած արժանապատուութեան ու պաշտպանելու մարդկային հիմնական իրաւունքները անոնց` որոնք շատ անգամ մոռցուած են եւ ձայն չունին»։

Տեսանելի դարձնել աստուածային ողորմութիւնը

«Եկեղեցին միշտ երախտապարտ է եղբայրական սիրոյ բոլոր արտայայտութիւններուն համար ի նպաստ անոնց որոնք շահագործուած ու ստրկացուած են, որովհետեւ այդպիսով է, որ Աստուծոյ ողորմութիւնը կը դառնայ տեսանելի եւ ընկերութեան հիւսուածքը աւելիով կ՛ամրապնդուի ու կը նորոգուի» յարեց ապա Սրբազան Պապը ու խօսքը աւարտեց դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին, անոնց համար հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնները ու խնդրելով` որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2022, 11:32