Որոնել

Հիւսիսային Մակեդոնիոյ նախագահը Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ նախագահը Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ 

Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ Պուլկարիոյ վարչապետին ապա Հիւսիսային Մակեդոնիոյ նախագահին հետ։

Յետմիջօրէն Սրբազան Պապը բացումը կը կատարէ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ընդհանուր հաւաքին, որ սկիզբ կ՜առնէ այսօր եւ կ՜աւարտի յառաջիկայ 27 Մայիսին
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին

Երկուշաբթի` 23 Մայիսին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պաշտօնական հանդիպումները սկսան առաւօտեան` Անոր Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած եւ առաքելութիւնը աւարտած Հոնտուրասի դեսպան` Գերապայծառ Անթոնիօ Քորտէրօ Սուարէսին հետ ունեցած հանդիպումով։

Պուլկարիոյ հանրապետութեան վարչապետը Քահանայապետին մօտ
Պուլկարիոյ հանրապետութեան վարչապետը Քահանայապետին մօտ

Նորին Սրբութիւնը հուսկ ընդունեց Տիար Տիմթար Քովաչեվսքին, Հիւսիսային Մակեդոնիոյ հանրապետութեան կառավարութեան նախագահը, որմէ ետք հանդիպում ունեցաւ Կարդինալ Լուիս Ֆրանսիսքօ Լատարիա Ֆերրերը` Հաւատոյ Վարդապետութեան Ժողովին կառավարիչը։

Քահանայապետը ապա ունկնդրութիւն շնորհեց Արժանթինի Քիլմէս թեմի եպիսկոպոս` Գերապայծառ Քարլոս Խօսէ Թիսսերային, որմէ ետք ընդուլնեց Տիար Քիրիլ Փեթքովը` Պուլկարիոյ հանրապետութեան վարչապետն ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։ Սրբազան Պապը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Գերապայծառ Միկել Մաուրի Պունտիանի հետ` Ռումանիայի եւ Մոլտովայի մօտ առաքելական նուիրակ, հուսկ Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին ներս ունկնդրութիւն շնորհեց Քաղաքացիական Ապահովութեան Ազգային ծառայութեան կամաւորներուն։

Յետմիջօրէն Սրբազան Պապը բացումը կը կատարէ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ընդհանուր հաւաքին, որ սկիզբ կ՜առնէ այսօր եւ կ՜աւարտի յառաջիկայ 27 Մայիսին, որուն կեդրոնական նիւթը պիտի ըլլայ Սիւնհոդոսական Գործընթացքը եւ որ պիտի ընտրէ համահաւաք դասին վարչական նոր կազմը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2022, 13:00