Որոնել

Քահանայապետական Գրիգորեան Համալսարան Քահանայապետական Գրիգորեան Համալսարան 

Գրիգորեան Համալսարանի Հոգեբանութեան հաստատութեան 50-ամեակին առթիւ Քահանայապետին պատգամը

Եկեղեցին պարտաւոր է համարժէք և արդիւնաւէտ արձագանքել այսօրեայ աշխարհի մարդաբանական և իմաստային խոր ճգնաժամին․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուղերձ յղած է Հոգեբանութեան հաստատութեան 50-ամեակին առթիւ, որ իր յոբելենական տարեդարձը կը նշէ Քահանայապետական Գրիգորեան Համալսարանի մէջ՝ «Ադամ, ու՞ր ես» (հմմտ. Ծննդ. 3.9) բնաբանով` Միջազգային համաժողովի կազմակերպումի միջոցաւ։

Հաւատացեալները առաջնորդել դէպի աւելի անբասիր և հասուն հաւատքի կեանք

ՈւղերձիՆ մէջ Սրբազան Պապը նշած է, որ Հոգեբանութեան հաստատութիւնը, որ ծնած է Վատիկանի Տիեզերական Երկրորդ ժողովի կողմէ սկսած եկեղեցւոյ արդիականացումին ալիքի վրայ, կը յորդորէր, որ, «Հովուական խնամքի մէջ պէտք է բաւականաչափ ճանչնալ և կիրառել ոչ միայն աստուածաբանութեան սկզբունքները, այլեւ աշխարհիկ գիտութիւններու՝ առաջին հերթին հոգեբանութեան և ընկերաբանութեան յայտնագործութիւնները, որպէսզի հաւատացեալները առաջնորդուին դէպի աւելի անբասիր և հասուն հաւատքի կեանք (Հովուական Սահմանադրութիւն Gaudium et spes, 62)»:

Ֆրանչիսկոսը նկատել տուած է, որ վերջին կէս դարու ընթացքին՝ որպէս Գրիգորեան համալսարանի ակադեմիական միաւոր, անոնք պատրաստած են մասնագէտներ, որոնք կը ներդնեն հոգևորութիւնն ու հոգեբանութիւնը առաքելական և կրթական գործունէութեան մէջ, իրենց հերթին, վերջին տասնամեակներու ընթացքին ստեղծելով մօտ տասնհինգ մասնագիտացուած կենտրոններ Ափրիկէի, Լատին Ամերիկայի, Ասիայի և Եւրոպայի տարբեր շրջաններու մէջ:

Օգտագործել թանկարժէք ժառանգութիւնը

Պապը յղում կատարելով համաժողովի «Ադամ, ու՞ղ ես» բնաբանին, ըսած է, որ աշխարհի ներկայիս իրավիճակին մէջ այդ հարցը մեծ ուժով կը հնչէ, հարցականի տակ կը դնէ մեզ և կը հրաւիրէ խիղճի լուրջ քննութեան և դարձի։ Ինչը կը նշանակէ, որ համաժողովի նպատակը անցեալի մասին խորհիլը չէ, այլ, օգտագործել անոր թանկարժէք ժառանգութիւնը՝ ապագայի մարտահրաւէրները դիմակայելու նպատակով։

Մարդաբանական խոր ճգնաժամը եւ պատերազմի ողբերգութիւնը 

«Այսօր աշխարհը կ‘անցնի մարդաբանական խոր ճգնաժամի միջով (տես Առաքելական Յորդոր Evangelii gaudium, 55), իմաստային ճգնաժամի, որուն Եկեղեցին պարտաւոր է համարժէք և արդիւնաւէտ արձագանքել», շարունակած է Ֆրանչիսկոսը և շեշտելով պատերազմի ողբերգութիւնը եզրափակած, որ անոնց առաքելութիւնը կը ծառայէ մարդկային անձի առաջխաղացումին և աւետարանականութեան շարունակական գործընթացին, «որը կ’իրականանայ Տէր Յիսուս Քրիստոսի կողմէ իրագործած Փրկութեան գերագոյն պարգևը մարդկային գոյութեան մէջ թարգմանելու միջոցաւ»:

Սրբազան Քահանայապետը ուղերձը աւարտած է յոյս յայտնելով, որ Քահանայապետական ​​Գրիգորեան համալսարանի Հոգեբանութեան հաստատութիւնը 50-ամեակի տօնակատարութիւնները թարմացնեն հետազօտութեան, ուսուցման և մարդկանց հանդէպ հոգատարութեան յանձնառութիւնը։ Ան ապա հայցած է Տիրոջ օրհնութիւնը և Աստուածամօր բարեխօսութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2022, 13:08