Որոնել

WhatsApp-Image-2022-05-21-at-09.13.47-copy--rsz.jpeg

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Ճենովա Թեմի Դրոշմի խորհուրդին պատրաստուող պատանիներուն հետ

Դրոշմի խորհուրդին միջոցաւ է որ կարելի է յառաջ ընթանալ ոչ միայն Եկեղեցւոյ մէջ այլ նաեւ կեանքին մէջ, որովհետեւ Դրոշմը մեզ կը պատրաստէ դառնալու բարի մարդիկ, բարի քաղաքացիներ, բարի քրիստոնեաներ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 21 Մայիս 2022-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պաշտօնական հանդիպումներու օրակարգը եղաւ բաւականին խիտ հակառակ, որ Ան ծնկացաւի պատճառաւ կը շարունակէ շրջիլ շարժուն աթոռի միջոցաւ։

Առաւօտեան Սրբազան Պապը Վատիկանի Սանթա Մարթա հրապարակին վրայ ողջունեց Ճենովա Թեմի հազարէ աւելի Դրոշմի Խորհուրդը արդեն ընդունած եւ Խորհուրդին պատրաստուող պատանիներն ու երիտասարդները իրենց հոգեւոր առաջնորդներով։

Սրբազան Քահանայապետը նախ ներողամտութիւն խնդրեց ուշացումին համար. «որոշ գործեր պէտք էի աւարտել» ըսաւ Ան, շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց այս այցելութեան համար։

Դրոշմը մեզ կը պատրաստէ ըլլալու բարի մարդիկ

Ան հաստատեց ապա, թէ Դրոշմի խորհուրդին միջոցաւ է որ կարելի է յառաջ ընթանալ ոչ միայն Եկեղեցւոյ մէջ այլ նաեւ կեանքին մէջ, որովհետեւ Դրոշմը մեզ կը պատրաստէ դառնալու բարի մարդիկ, բարի քաղաքացիներ, բարի քրիստոնեաներ։

«Դրոշմը պարգեւ մըն է ու մենք պէտք է պահպանենք այդ պարգեւը, խնամք տանինք անոր» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը բացատրելով նաեւ, թէ «այդ պարգեւը պէտք է պահպանել սրտին մէջ, աղօթքի միջոցաւ, Տիրոջմէն խնդրելով, որ մեզի պարգեւէ հարկաւոր ուժը յառաջ ընթանալու համար»։

Աղօթել Տիրոջ

«Միշտ աղօթեցէք որովհետեւ Տէրը ըսաւ` թէ եթէ դուն խնդրես, ես պիտի տամ» յարեց Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ յաճախ մենք կը մոռնանք խնդրելու, աղօթելու...ուստի պէտք է աղօթենք եւ պնդենք, որպէսզի Տէրը մեզի մտիկ ընէ ու մեզի ուժը տայ յառաջ ընթանալու համար» շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով բարեկամութեան ու անոր կարեւորութեան։

Բարեկամութիւնը ու հասրակական կեանքը

Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց ներկաները քաջութեամբ յառաջ ընթանալու աղօթքի ու հասարակական կեանքին մէջ եւ ըլլալու վեհանձն անձեր օգնելու համար ուրիշներուն։

Սրբազան Պապը հուսկ բոլոր ներկաներուն շնորհեց իր օրհնութիւնը հրաւիրելով միասին աղօթել Տիրամօր, ապա խօսքը աւարտեց դարձեալ հրաւիրելով զանոնք չմոռնալու թէ այս ճամբորդութիւնը, հասարակական է, եղբայրական է, բարեկամական է. «Յառաջ ընթացէք բարեկամութեան մէջ, որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր, որպէս բարի բարեկամներ» յորդորեց Սրբազան Պապը դարձեալ ներողութիւն խնդրելով ուշացումին համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2022, 11:13