Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Եկեղեցիէն ներս արդարադատութեան ծառայութիւնը հոգիներու հոգածութեան դրսեւորումն է։»

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը եկեղեցական բարձրագոյն ատեանի անդամներուն հետ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 27 յունուարին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հռոմի եկեղեցական բարձրագոյն ատեանի անդամները, դատական ատեանի աշխատանքներուն նոր տարուան առիթով։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած խօսքին սկիզբը Սրբազան Հայրը իր ողջոյնները փոխանցեց առաքելական դատական ատեանի դատաւորներուն, փաստաբաններուն, պաշտօնեաներուն ու համագործակիցներուն մաղթելով արդիւնաբեր տարի դատկան ատեանին գործերէն ներս։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացուց ամուսնալուծման եկեղեցական դատերէն ներս սիւնոդականութեան նիւթին վրայ։

Միասին քալել

Նախ նշեց որ սինոդականութիւնը կը ներառէ միասին քալելը, աւելցնելով որ դատի բոլոր մասնակիցները հրաւիրուած են հասնելու միեւնոյն նպատակին, որ է ցոլացնել այր մարդու եւ կնոջ միջեւ շօշափելի ճշմարտութիւնը, հասնելով եթէ երկուքին միջեւ կայ կամ ոչ իսկական ամուսնութեան գոյութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Պապ խրախուսեց ամէն ջանք թափել հաւատացեալներու օգնելու ՝ բացայայտնելու համար իրենց միութեան ճշմարտութիւնը՝ հասնիլ կարենալու համար վէրքերու ամոքումին, ընդգծելով որ Ճշմարտութեան համատեղ որոնումին նպատակն է բնութագրել դատական գործընթացի իւրաքանչիւր փուլը ու Եկեղեցւոյ մէջ արդարադատութեան ծառայութիւնը հոգիներուն հոգածութեան դրսեւորում է, որ կը պահանջէ հովուական ծառայութիւն՝ ըլլալու համար փրկութեան եւ ողորմածութեան ճշմարտութեան ծառաները

Ունկնդրութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յայտնեց, որ սինդոականութիւնը կը ներառէ ունկնդրութեան հաստատ պարտականութիւնը, խրախուսելով ունկնդրել ուրիշին պատճառները՝ նմանելով ուրիշին ու խթանելով ունկնդրութեան մշակոյթը։

Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց նաեւ որ դատկան գործընթացը կը խնդրէ նաեւ ուղիղ ունկնդրութիւն կողմերու կողմէ ըսուած յայտարարութիւններուն, շեշտելով որ օրէնքն ու դատավճիռը միշտ ճշմարտութեան, արդարադատութեան եւ եղբայրսիրութեան ծառայութեան ենթակայ են։

Զատորոշում

Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ դատերու սինդոդականութեան այլ յատկութեան, որ է զատորոշումը ըսելով որ զատորոշում հիմնուած է միասին քալելու եւ ունկնդրելու վրայ, որ կը թոյլատրէ կարդալ ամուսնութեան հաստատ կացութիւնը՝ Աստուծոյ խօսքին եւ եկեղեցւոյ վարդապետութեան լոյսին ներքոյ։
Այս ուղեւորութեան արդիւնքը վճիռն է՝ զգոյշ պտուղը։ Վճիռը, հարկ է հասկնալի ըլլայ ներգրաւուած անձերու կողմէ ։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց պատգամը, դարձեալ շեշտելով դատական ատեանէն ու եկեղեցական դատերուն մէջ սինդոականութեան ծաւալը, քաջալերելով հաւատարմութեամբ հետեւիլ եկեղեցական պաշտօնին միշտ կառչած մնալով արդարադատութեան ծառայութեան, ճշմարտութեան ու հոգիներու փրկութեան, ընդգծելով որ այդ աշխատանք կը յայտնէ եկեղեցւոյ ողորմածութեան դիմագիծը, մայրական դիմագիծը, որ կը հասնի իւրաքանչիւր հաւատացեալին օգնելու ու իր անձին ճշմարտութիւն գտնելու ապրելով աւետարանը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց, հայցելով սուրբ Հոգիին հովանին իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհելով խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2022, 11:52