Որոնել

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ` Լիբանան Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ` Լիբանան 

«Աղօթենք եկեղեցւոյ միութեան համար» Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։

Միասին աղօթենք եւ մեր հայեացքը ուղիղ պահենք Յիսուսին վրայ` մեր միակ Տէրը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մեսիային երկրպագելու համար Արեւելքէն Բեթղեհէմ եկած Մոգերուն նման` մենք ալ քրիստոնեաներս, մեր դաւանանքներու եւ աւանդութիւններու տարբերութիւններով, ուղեւորութեան մէջ ենք դէպի լիակատար միութիւն։ Միասին աղօթենք եւ մեր հայեացքը ուղիղ պահենք Յիսուսին վրայ` մեր միակ Տէրը»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` երեքշաբթի 18 Յունուարին հրապարակած թուիթը, որուն պարունակութիւնը կ՛ոգեկոչէ անցեալ կիրակի օր Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապին հաւատացեալներուն ուղղած կոչը` աղօթելու Եկեղեցւոյ Միութեան համար։

«Յառաջիկայ 18էն 25 Յունուարին տեղի կ՜ունենայ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը, որ այս տարի կ՛առաջարկէ վերապրիլ Մոգերուն փորձառութիւնը, որոնք արեւելքէն եկան Բեթղեհէմ պաշտամունք կատարելու Մեսիային» ըսած էր Սրբազան Քահանայապետը նշելով որ «Մենք եւս քրիստոնեաներ` մեր տարբեր դաւանանքներով եւ աւանդութիւններով, ուղեւորութեան մէջ ուխտաւորներ ենք` դէպի լիակատար միութիւնը եւ կը մօտենանք նպատակին այն չափով` որ մեր հայեացքը ուղիղ կը պահենք Յիսուսին` մեր միակ Տիրոջ վրայ»։

Քահանայապետը հրաւիրած էր ապա «Աղօթքի Շաբթուան ընթացքին մեր յոգնութիւններն ու ցաւերը նուիրելու քրիստոնեաներու միութեան համար»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2022, 13:30