Որոնել

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք 

26 Յունուարին աղօթենք Ուկրանիոյ խաղաղութեան համար. Ֆրանչիսկոս Պապ

Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Քահանայապետը յիշեց Սան Սալվատորի նոր երանելիները զանոնք նկատելով հերոսութեան եւ եղբայրութեան օրինակ ապա ակնարկեց Եկեղեցւոյ Տիեզերական Վարդապետ հռչակուած Սուրբ Իրէնէոսին ու կոչ ուղղեց Ուկրանիոյ մէջ խաղաղութեան համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 23 յունուար 2022-ին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը արտասանելէն ետք Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն յիշեց երէկ Սան Սալվատորի մէջ երանելի հռչակուած հաւատքի նահատակներ` Յիսուսեան Ռութիլիօ Կրանտէ Կարսիան ու անոր երկու աշխարհական ընկերները ինչպէս նաեւ Ֆրանչիսկեան քահանայ Քոզմէ Սփեսսոթթոն։

Հերոսութեան եւ եղբայրութեան օրինակ

«Անոնք եղան աղքատներու կողքին վկայելով Աւետարանը, ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւնը մինչեւ իրենց արեան հեղումը» ըսաւ Սրբազան Պապը մաղթելով, որ անոնց «հերոսական օրինակը բոլորին մէջ արծարծէ իղձը ըլլալու եղբայրութեան եւ խաղաղութեան գործիչներ»։

Քահանայապետը ապա մտահոգութիւն յայտնեց լարուածութիւններուն համար, որոնք կարող են նոր հարուած մը հասցնել Ուկնարնիոյ մէջ խաղաղութեան եւ «հարցականի տակ կը դնեն Եւրոպական ցամաքամասի անվտանգութիւնը» ըսաւ Ան։

Կոչ Ուկրանիոյ ի նպաստ

«Ի սրտէ կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց, որպէսզի աղօթքներ բարձրացնեն առ ամենակալ Աստուած, որպէսզի իւրաքանչիւր քաղաքական արարք եւ ձեռնարկ, ըլլայ ի նպաստ մարդկային եղբայրութեան, քան մէկ կողմի մը շահերուն։ Ան` որ կը հետապնդէ միւսներուն վնաս պատճառող նպատակներ, կ՛անարգէ իր մարդու սեփական կոչումը, որովհետեւ բոլորս ստեղծուած ենք եղբայրներ» ըսաւ Սրբազան Պապը, աւելցնելով` որ «ասոր համար է եւ մտահոգութեամբ, ի տես ներկայ լարուածութիւններուն կ՛առաջարկեմ յառաջիկայ 26 Յունուարը` որպէս խաղաղութեան համար աղօթքի օր»։

Քահանայապետին կոչը

Սուրբ Իրէնէոսը Տիեզերական Եկեղեցւոյ վարդապետ

Ակնարկելով հուսկ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ ինք ընդառաջեց տարբեր տեղերէ իրեն հասած առաջարկին Լիոնի Սուրբ Իրէնէոսը Տիեզերական Եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակելու համար, ու մատնանշեց` թէ այդ «Սուրբ Հովիւին վարդապետութիւնը նման է կամուրջի մը ընդմէջ արեւմուտքին եւ արեւելքին»։

«Ասոր համար զայն կը ներկայացնենք որպէս Միութեան Վարդապետ» ըսաւ Սրբազան Պապը, հայցելով` որ «Տէրը այս սուրբին բարեխօսութեամբ մեզի պարգեւէ շնորհքը միասին աշխատելու` ի նպաստ քրիստոնեաներու միջեւ լիակատար միութեան»։

Քահանայապետը հուսկ ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակ ժամանած տարբեր ուխտաւոր խումբերուն ապա հրաժեշտ առաւ բոլորին մաղթելով բարի կիրակի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2022, 12:45