Որոնել

Եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբթուան եզրափակիչ ժամասացութիւն Եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբթուան եզրափակիչ ժամասացութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Աստուծմէ հայցենք հեզութիւնը զինք պաշտելու նոյն խորանին շուրջ»

Քահանայապետին քարոզը Եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբթուան եզրափակումի ժամասացութեան արարողութեան առթիւ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 25 յունուարին, երեկոյեան, Հռոմի Սուրբ Պօղոս անուան տաճարէն ներս ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ եզրափակուեցաւ եկեղեցիներու միութեան աղօթքի 55-րդ շաբաթը, երեկոյեան ժամերգութեան արարողութեան ընթացքին։

Ունկնդրէ լուրը

Համամիութենական աղօթքի ներկաներու շարքին էին նաեւ Տիեզերական Պատրիարքութեան ներկայացուցիչ, Գերերջանիկ Մեթրոպոլիթ Փոիքարփոսը, Քանթերպուրիի արքեպիսկոպոսին ներկայացուցիչ, պատուելի Իան Էրնէսթը ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ այլ համայնքներու ներկայացուցիչներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ այս առթիւ արտասանած քարոզին սկիզբը հրաւիրեց ընդունիլ Յիսուսի փափաքը, որ կ՝ուզէ «մէկ բան ըլլալ», (Յովհ 17,21) ու Քրիստոսի շնորհքով ընթանալ դէպի լիակատար միութիւն, որուն հասնելու համար հարկ է մոգերուն օգնութիւնը հայցել ու նայիլ անոնց երթուղիին, որ կազմուած է երեք թափերով, որ կը սկսի արեւելքէն, կ՝անցնի երուսաղեմի միջոցաւ ի վերջոյ կը հասնի Բեթղեհէմ։

Մոգերը արեւելքէն կը մեկնին։ (Մատթ 2,1)։

Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ, որ Մոգերը արեւելքէն կը մեկնին, որովհետեւ այդտեղէն կը տեսնեն ծագող աստղը։ Մոգերը ճամբորդելու կը սկսին աւելի մեծ լոյսը փնտռելու համար։ Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, մենք ալ հետեւինք Յիսուսի աստղին։ Չի հետեւինք առկայ նորաձեւութիւններուն, մեր լոյսով փայլելու փորձութեան, ներփակուելով մեր խումբին ու անձին մէջ։ Հարկ է մեր հայեացքը հաստատ սեւեռել դէպի երկինք, դէպի Յիսուսի աստղին։ Հետեւինք Յիսուսին, Անոր աւետարանին, Անոր միութեան հրաւէրին, առանց մտահոգուելու թէ ինչքան երկար եւ դժուար պիտի ըլլայ ճամբորդութիւնը։

Շարունակելով խօսիլ արեւելքի մասին, ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ արեւելքը մտածել կու տայ այն քրիստոնեաներուն մասին, որոնք կ՝ապրին բռնութիւններով, պատերազմներով լի տարբեր շրջաններու մէջ։

Այդ տարածաշրջաններուն մէջ մեր եղբայրներն ու քոյրերը ունին դիմագրաւելիք մեծ մարտահրաւէրներ, անոնք իրենց վկայութեամբ մեզի յոյս կը ներշնչեն ու կը յիշեցնեն, թէ Քրիստոսի աստղը կը ցոլայ մութին մէջ եւ երբեք չմառիր, կը յիշեցնեն որ Տէրը բարձունքէն կ՝ընկերանայ եւ կը քաջալերէ մեր քայլերը։

Երկինքի մէջ Քրիստոսի շուրջ, միասնաբար կը փայլին առանց դաւանանքներու խտրութեան բազմաթիւ մարտիրոսներ, որոնք մեզի ցոյց կու տան երկրի վրայ հաստատ ուղի մը, որ է միութեան ուղին։

Արեւելքէն մոգերը Երուսաղէմ կը հասնին։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ Արեւելքէն մեկնելով մոգերը Երուսաղէմ կը հասնին իրենց սիրտերու մէջ կրելով Աստուծոյ փափաքը ու ըսելով որ աստղը տեսանք եւ երուսաղէմ հասանք, երկրպագելու համար։

Մոգերու փափաքէն կը խռովին հերովդէսն ու ամբողջ երուսաղէմը։ Սուրբ երկրին մէջ մոգերը փոխանակ աստղին լոյսը տեսնելու, կ՝ապրին աշխարհի մութ ուժերուն դիմադրութիւնը։

Նոյնիսկ մեր մէջ եւս մեր միասնութեան ճանապարհին ներքեւ վախ ու իրարանցում կը տիրէ։ Նորութեան վախը, որ կը ցնցէ ձեռք բերուած սովորութիւններն ու ապահովութիւնները, մարդուն մէջ բնակեցուած վախը, որմէ Տէրը կ՝ուզէ մեզ ազատել։ Թոյլ տանք որ Տիրոջ ձայնը մեր մէջ արձագանգէ «մի վախնաք»։ (Մատթէ 28,5.10)։ Տէրը կ՝ուզէ, որ մէկը միւսին եւ ուրիշներու վստահինք միասնաբար ընթանալով, հակառակ մեր տկարութիւններուն, մեղքերուն, անցեալի սխալներուն ու փոխադարձ վէրքերուն։

Մոգերը Յիսուսը գտան ոչ միայն շնորհիւ աստղին, որ անհետացաւ այլեւ Աստուծոյ Խօսքին։ Մենք եւս Քրիստոնեաներս չենք կրնար Տիրոջ հասնիլ առանց Անոր արդիւնաբեր խօսքին։ Հետեւաբար մօտենանք Յիսուսի Խօսքին միջոցաւ, Անոր աստղը նորէն պիտի ծագի մեր ուղեւորութեան մէջ։

Մոգերը Բեթղեհէմ կը հասնին։

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց, թէ մոգերը Բեթղեհէմ կը հասնին ու կ՝երկրպագեն մանուկին առջեւ ։ Այսպէս կ՝աւարտի մոգերու ճամբորդութիւնը։

Մոգերը մեզի կը յիշեցնեն, որ երկրպագելու համար կայ կատարելի անցք մը, նախ պէտք է խոնարհիլ։ Այս է ուղին, խոնարհիլ դէպի վար, մէկ կողմ ձգել մեր սեփական պահանջները, Քրիստոսին կեդրոնական տեղ տալու համար։

Քանի անգամ հպարտութիւնը հաղորդութեան իսկական խոչընդոտը դարձաւ։ Մոգերը քաջութիւնը ունեցան իրենց տան մէջ ձգելու հեղինակութիւնն ու կարեւորութիւնը՝ խոնարհելու համար Բեթղեհէմի տան մէջ, այսպէսով բացայայտեցին մեծ ուրախութիւնը։ (Մատթ 2,10)։

Աստուծմէ հայցենք այս քաջութիւնը, միութեան քաջութիւնը, որ է միակ ուղին՝ հասնելու համար Աստուծոյ երկրպագութեան, միեւնոյն տան մէջ եւ միեւնոյն խորանին շուրջ։

Բեթղեհէմի մէջ մոգերը խոնարհելէ ետք, բացին իրենց նուէրները։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ, թէ միայն միասին աղօթելէ ետք՝ Աստուծոյ առջեւ, Անոր լոյսին մէջ կ՝անդրադառնանք մեր ունեցած պարգեւներուն։ Մեծ պարգեւներ, որ կը պատկանին բոլորին, կիսելով ու նուիրելով զանոնք։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրերը մոգերէն ընդունիք մեր ուղեւորութեան ցուցմունքները եւ ընենք իրենց նման, որ տուն վերադառնալու համար ուրիշ ուղի օգտագործեցին։

Կարիքը ունինք մեր ուղին փոխելու ինչպէս նաեւ մեր սովորութիւններուն, յարմարութիւններու ուղին՝ գտնելու համար Տիրոջ ուղին, որ մեզի ցոյց կու տայ, հեզութեան, եղբայրութեան եւ երկրպագութեան ուղին։

Ով Տէր մեզի քաջութիւն տուր, մեր ճամբան փոխելու ու հետեւելու քու կամքիդ եւ ոչ թէ մեր հնարաւորութիւններուն, միասնաբար ընթանալու դէպը քեզի, որ Քու Հոգիովդ կ՝ուզէ մեզ մէկ դարձնել։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2022, 18:00